Հրատ մոլորակ (Մարս)
Հրատ (Խորհրդանիշ: ), երկրէն ետք Արեգակնային դրութեան մեծութեամբ չորրորդ մոլորակն է։ Իր տրամագիծն է 6,794 քմ.: Արեւէն 228 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ 687 օր կը տեւէ անոր շրջանը ընելու համար։ Ինքն իր շուրջ կը դառնայ 24 ժամ եւ 37 վայրկեանէն։ Իր մակերեսը ժայռոտ եւ անապատային է։ Հրատը շրջապատուած է բնածխային կազի բարակ մթնոլորտով մը։
Ունի ջուր՝ սառած ձեւի տակ, ծովեր, մարած հսկայ հրաբուխներ, խորունկ ձորեր եւ երկու լուսիններ՝ «Ֆոպոս» եւ «Տէյմոս»:
Հրատը կոչուած է «Կարմիր Մոլորակ»՝ընդարձակ գօտիներ ծածկող իր կարմրորակ մետաղեայ փոշիին պատճառով։ Գետնի ն ջերմաստիճանն է միջին հաշուով -23 °C:
Մթնոլորտը եւ Կլիման
ԽմբագրելՀրատի կլիման երկրի կլիմային նման՝ ունի եղանակային բնոյթ։ Տարուան ցուրտ ժամանակին, Հրատի բեւեռներէն դուրս կը կազմուի եղեամ եւ նոյնիսկ կրնայ ձիւն տեղալ։ Մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը կը տատանի −153 բեւեռին վրայ ձմեռը մինչեւ աւելի քան +20 °C հասարակացի վրայ կէսօրին։ Միջին ջերմաստիճանը կը կազմէ −50 °C։ Մարսի մթնոլորտը, որ հիմնականօրէն կազմուած է ածխաթթու կազէ, չափազանց նոսր է։ Մակերեւոյթին վրայ ճնշումը 160 անգամ փոքր է երկրէն։ Մարսի բարձրութիւններուն մեծ տարբերութեան պատճառով ճնշումը մակերեւոյթին վրայ շատ կը փոխուի։ Մթնոլորտին մօտաւոր հաստութիւնը կը կազմէ 110 քմ։ ՆԱՍԱ-ի տուեալներով (2004), Մարսի մթնոլորտը 95,32 %-ով կազմուած է ածխաթթու կազէ, ինչպէս նաեւ այնտեղ կան՝ 2,7 % ազօդ, 1,6 % արկոն, 0,13 % թթուածին, 0,021% ջուրի գոլորշի, 0,08 % շմոլ կազ, ազօդի օքսիտ (NO)՝ 100 ppm, նէոն (Ne)՝ 2,5 ppm, կիսածանր ջուր - ջրածին-դեյտերիում-թթուածին (HDO)՝ 0,85 ppm, քրիպթոն (Kr)՝ 0,3 ppm, քսենոն (Xe)՝ 0,08 ppm (կազմուածքը բերուած է ծաւալային մասերով)։ Ամերիկեան ԱՄԿ «Ուիքինկի» (1976) իջնող սարքէն ստացուած տուեալներուն համաձայն, Մարս մթնոլորտի կազմին մէջ յայտնաբերուած էր 1–2 % արկոն, 2–3 % ազօդ, եւ 95 % ածխաթթու կազ։ Համաձայն սովետական «Մարս-2» եւ «Մարս-3» ԱՄԿ-ներու տուեալներուն, իոնոսֆերայի վարի սահմանը կը գտնուի 80 քմ բարձրութեան վրայ, առաւելագոյն էլեկտրոնային խտացումը 1,7×105 էլեկտրոն/սմ3 տեղակայուած է 138 քմ բարձրութեան վրայ, միւս երկու մաքսիմումները տեղակայուած են 85 եւ 107 քմ վրայ։ Մարս մթնոլորտի հետազօտութիւնը 8 եւ 32 սմ ռատիոալիքներու մէջ, կատարուած «Մարս-4» ԱՄԿ-ով 1974-թ փետրուար 10-ին, ցոյց տուաւ մոլորակի գիշերային իոնոսֆերայի առկայութիւնը իոնիզացիայի գլխաւոր մաքսիմումով 110 քմ բարձրութեան վրայ եւ 4,6×103 էլեկտրոն/սմ3 էլեկտրոններու խտացումով, ինչպէս նաեւ երկրորդական մաքսիմումներով 65 եւ 185 մք բարձրութիւններուն վրայ։
Գետեր
ԽմբագրելՀրատի վրայ կան ցամքած գետերու հուներու ապացոյցներ։
Հող
ԽմբագրելՀրատի հողը միատեսակ չէ տարբեր վայրերու մէջ։
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտակս, Տիեզերք, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, Սիփան Հրատարակչութիւն. Պէյրութ