Տաղ, հնագոյն բանաստեղծութիւն է։ Տաղ կոչուող բանաստեղծութիւնները նաեւ երգուած են. երգուած են եկեղեցական պատարագներէն յետոյ եւ այդ պատճառով կոչուած են նաեւ երգեր։ Տաղերու հնագոյն օրինակներէն գրած է Գրիգոր Նարեկացին,անոնք նաեւ հայկական առաջին օրինակներն են։ Հայկական տաղերու օրինակներ են․ «Տաղ վարդավառին», «Տիրամայրն» եւ այլն, որոնց հեղինակն է Գրիգոր Նարեկացին։

«Տաղարան»-ի առաջին հրատարակութիւնը, 1513, Վենետիկ։

«Տաղարան»-ի առաջին հրատարակութիւնը, 1513 թուականին, Վենետիկ։ Տաղերը, շարականներու պէս, երաժշտական եւ բանաստեղծական արուեստի ամբողջութիւն են։ Տաղը մասնագիտական երաժշտութեան իւրայատուկ ժանր է։ Անոնք համեմատաբար ծաւալուն միայաձայնութիւնն են, անոնք իրենց բովանդակութեամբ եւ մեղեդայնութեամբ կը յիշեցնեն յաջորդող դարաշրջանի վոկալային եւ գործիքային արիաներ։ կը տարբերակուին հոգեւոր եւ հասարակական տաղերէն։ Առաջիններն աւելի ծաւալուն են, քան հասարակականները։ Տաղը, որպէս երաժշտական ժանր, զարգացած է 10-րդ դարուն՝ գլխաւորապէս Գրիգոր Նարեկացիի շնորհիւ։ Հոգեւոր տաղերը, ի տարբերութիւն շարականներու, կանոնաւոր երգեր չէին․ տօնախմբութիւններուն եւ արարողութիւններուն կը կատարուէին տուեալ իրադարձութեանը աւելի տօնական տեսք տալու համար։ Հասարակական տաղը աւելի ցայտուն կերպով կը զարգանայ Ֆրիկի ստեղծագործութիւններուն մէջ (XIII դար)։ Տաղերուն միջնադարեան հեղինակներէն յայտնի են Յովհաննէս Թլկուրանցին, Մկրտիչ Նաղաշը, Մինաս Թոխատեցին, Պետրոս Կապանցին, որոնց ստեղծագործութիւններէն քանի մը հատ պահպանուած են խազերու տեսքով։ Ամէնայայտնի հասարակական տաղերէն մէկը՝ «Կռունկ»-ը, որ ստեղծուած է ուշ միջնադարուն, պահպանուած է XVII դարու յօդուածներուն մէջ։ Կրօնական տաղերու եւ գանձերու ուշ միջնադարեան հեղինակներէն առաւել յայտնի են Առաքել Սիւնեցին, Մաթէոս Դվուգայեցին, Գրիգոր Խլաթեցին, Առաքել Բաղիշեցին եւ այլք։ Հասարակական տաղերու հնադարեան ժողովածուն տպագրուած է Վենետիկի մէջ, 1513 թուականին[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Էդվարդ Ֆոլի «Worship music: a concise dictionary», էջ 20, 2000 թ