Արգիշտի Ա. (ծննդեան թուականը անյայտ - շուրջ Ք.Ա. 764), Վանի թագաւորութեան արքայ շուրջ Ք.Ա. 786-էն։ Մենուա թագաւորին որդին եւ յաջորդը։ Արգիշտի Ա.-ի գահակալութեան տարիներուն Վանի հայկական թագաւորութիւնը հասած է իր հզօրութեան գագաթնակէտին։ Արգիշտի Ա.-ի գործունէութիւնը վերականգնած է ճշգրիտ ժամանակագրութեամբ շնորհիւ «Խորխոռեան տարեգրութեան», որուն իրադարձութիւնները կը ներկայացուին հանգամանօրէն։

Արգիշտի Ա․
Արգիշտի Ա. - տուֆ եւ պազալթ, հեղինակ` Լեւոն Թոքմաճեան, ճարտարապետը՝ Եդուարթ Պասրոեան։ Տեղադրուած է 2002-ին Էրեբունի հրապարակը, «Էրեբունի» թանգարանի շէնքին դիմաց:
Ծնած է ՔԱ827 կամ անհայտ[1]
Մահացած է ՔԱ764[1]
Քաղաքացիութիւն Վանի Թագաւորութիւն
Մասնագիտութիւն միապետ
Վարած պաշտօններ Ուրատուի արքայ[1]
Ծնողներ հայր՝ Մենուա[1], մայր՝ Թարիրիա
Երեխաներ Սարդուրի Բ.

Արգիշտի Ա. իր ժամանակագրական եւ պատմաքաղաքական գործունէութեան առումով կը համընկնի՝ Մ. Խորենացիին կողմէ գրուած «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» աւանդազրոյցին մէջ յիշուող, Հայոց արքայազն Արա Գեղեցիկին տիպարին հետ: Այդ հանգամանքը ներկայիս կարգ մը ուսումնասիրողներու առիթ կու տայ ենթադրելու, որ աւանդազրոյցը ձեւաւորուած է իրական - պատմական հիմքի մը վրայ:

Տարեգրութիւն

Խմբագրել

Արգիշտի Ա.-ի կառավարման տարիներուն մասին, պատմութեան համար արժէքաւոր աղբիւր կը համարուին իր անունով Հայկական լեռնաշխարհի զանազան վայրերուն մէջ պահպանուած սեպագիր արձանագրութիւնները (աւելի քան 30), յատկապէս Վան քաղաքի միջնաբերդին Խոռխոռ կոչուող ժայռին փորագրուած տարեգրութիւնը եւ անոր կրկնօրինակը։ Խորխոռեան տարեգրութիւնը փորագրուած է Վանի ժայռին հարաւ արեւմտեան կողմը, որուն ոչ լրիւ պահպանուած մասերը գրուած ութ սիւնակով, կը կազմեն, 380 տող։ Խոռխոռեան տարեգրութեան կրկնօրինակին Վանի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ մէջ գտնուած երկու հատուածները բաղկացած են 138 տողերէ, որոնք չեն պահպանուած ժայռին վրայ։ Ուստի տարեգրութեան սկզբնական բնագիրը կ'անցնէր 500 տողը։

Արշաւանքները

Խմբագրել
 
Վանի թագաւորութիւնը դարերու ընթացքին

Արգիշտի Ա.-էն մեզի հասած սեպագիր արձանագրութիւններուն համաձայն անոր գահակալութեան ճիշդ երկրորդ տարին (Ք.Ա. 785) խիստ յագեցած էր հայկական երկրամասերու միաւորման գործի շարունակման ուղղուած ձեռնարկումներով։ Այդ նպատակով նախ ան իր թագաւորութեան կը միացնէ Դիաուխի Տայքը, որ հարուստ էր մետաղահանքերով։ Կեդրոնական իշխանութեան հարկատուութեան եւ պատերազմի ատեն զօրքերու տարադրման պայմանաւորուածութիւն կը կայանայ։

Արգիշտի Ա. նմանապէս Արարատեան թագաւորութեան սահմաններուն մէջ կը ներառէ թիունեան դաշնութեան երկրամասերը եւ դրացի տարածքները։ Ի թիւս միացած երկրամասերուն կը յիշուին Լուշայ, Կատարզա եւ Վիտէրուխի միութիւնը, էրիախին, Աբունին (հետագային Հաւնունիք)։ Կարսի սարահարթով Արգիշտի կ'անցնի Զաբախա (Ջաւախք) հոնկէ հասնելով Հզօր Սիրիմի լերան (հետագային Սուրամի լեռներ)։ Ան կը վերադառնայ Վիտէրուխիի ճամբով։ Տարեգրութեան մէջ Արգիշտի կը յայտնէ, որ «այս մեծագործութիւնները կը կատարէ մէկ տարուան ընթացքին»։ Արգիշտի Ա.-ի հիւսիսային արշաւանքները կը շարունակեն յաջորդ տարի։ Ան իր տիրութեան կը միացնէ Աբիլեանի երկիրը (հետագային Աբեղեանք գաւառը), էթիունեան միութեան մաս կազմող Ուդուրի-Էթիունի («Ջրային էթիունի») երկրամասը Սեւանայ լիճին հիւսիսային աւազանին մէջ, նաեւ այլ փոքր իշխանութիւններ։

Քաղաքականութիւնը

Խմբագրել

Գրեթէ Հայկական ամբողջ լեռնաշխարհը միաւորելով վանի թագաւորութեան մէջ` Արգիշտի Ա. հետեւողականօրէն վարած է անհնազանդ ցեղային իշխանութիւններու կեդրոնախոյս ձգտումները ճնշելու քաղաքականութիւն մը. անոնց տիրոյթներուն ռազմական յենակէտեր ստեղծած է եւ վերաբնակեցուցած իր տիրապետութեան տակ եղած զանազան վայրերու մէջ (ըստ խոռխոռեան տարեգրութեան, աւելի քան 200 հազար հոգի):

Շինարարական աշխատանքները

Խմբագրել
 
սեպագիր արձանագրութիւն Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին

Արգիշտի Ա. ունեցած է նաեւ եռանդուն շինարարական եւ տնտեսական գործունէութիւն մը։ Արին-բերդին մէջ յայտնաբերուած արձանագրութիւններուն համաձայն, Արգիշտի Ա. իր գահակալման հինգերորդ տարին կառուցած է Էրեբունի քաղաքը, ուր վերաբնակած է 6600 հոգի՝ Խաթէ եւ Ծուպայ երկիրներէն։ Էրեբունի քաղաքին բերդը ունեցած է արքունի պալատներ եւ կրօնական տաճարներ, պահեստներուն մէջ պահուած է զինամթերք եւ պարէն։ Էրեբունին եղած է ուրարտական մեծ ռազմավարչական կեդրոն, ուրկէ Արգիշտի Ա. եւ անոր յաջորդները ռազմարշաւներ կատարած են դէպի երկիրին հիւսիս արեւելեան շրջանները։ Կառավարման 11-րդ տարին (Ք.Ա. 776-ին) Արարատեան դաշտին մէջ Արգիշտի Ա. կառուցած է վարչատնտեսական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ուրիշ քաղաք մը՝ Արգիշտիխինիլին։ Արմաւիրի բլուրին մէջ յայտնաբերուած արձանագրութիւնները կը պատմեն Արգիշտիխինիլիի եւ անոր մերձակայ շրջանին մէջ Արգիշտի Ա.-ին շինարարական աշխատանքներուն եւ ոռոգող ջրանցքին կառուցման մասին։ Գտնուած են Արգիշտի Ա.-ին վերաբերող արձանագրութեամբ պատկերազարդ պրոնզէ սաղաւարտներ, վահաններ եւ այլ իրեր, որոնց մէկ մասը կը պահուին Էրեբունի թանգարանին մէջ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Գ. Ղափանցեան, Ուրարտուի պատմութիւնը, Երեւան 1940 էջ 143-152
  • Ն. Ադոնց, Հայաստանի պատմութիւն, Երեւան 1972
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.