Էրեբունի թանգարան եւ երեգան թանգարան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Էրեբունի թանգարան, հիմնուած է 1968 թուականին։ Թանգարանի բացումը զուգադիպած է Երեւան քաղաքի 2750-րդ ամեակի տօնակատարութիւններու հետ։ Թանգարանը կը գտնուի Արին Բերդ բլուրի վրայ, վայր մը, ուր մ․թ․ա․ 782-ին հիմնուած է ուրարտական Էրեբունի ամրոցը։
Պատմական ակնարկԽմբագրել
Երեւանի հիմնադրումին պատմութեան «Էրեբունի» թանգարանը ստեղծուած է ՀՀ Կառավարութեան 24 Մայիս 1968-ի թիւ 225 որոշումով, որու համար գիտական հիմք հանդիսացած են Երեւան քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ գտնուող նշանաւոր 3 հնավայրերէն՝ Արին բերդէն, Կարմիր Բլուրէն եւ Շէնգավիթէն յայտնաբերուած գտածոները։ Հանրութեան առջեւ թանգարանը իր դռները բացած է 19 Հոկտեմբեր 1968-ին՝ ի նշանաւորում Երեւան քաղաքի 2750-րդ տարեդարձի։ Այնուհետեւ ՀՀ Կառավարութեան 7 Մարտ 2003-ի թիւ 313-Ն որոշումով՝ վերանուանելով որպէս պատմահնագիտական արգելոց-թանգարան, Էրեբունին այսօր կը գործէ «Կարմիր բլուր» եւ «Շենգավիթ» մասնաճիւղերով՝ հանդիսանալով հանրութեան համար այցելելու միակ հնագիտական արգելոց-թանգարանը Երևան քաղաքին մէջ եւ կարեւոր ուրարտագիտական կեդրոն տարածաշրջանին մէջ։ Թանգարանի շէնքը կրկնում է ուրարտական պալատական կառոյցներու յօրինուածքը՝ պահպանելով արտաքին խուլ պատերով ու երդիքաւոր հարթ կտուրներով ներքին բակի շուրջ ամփոփուած ժողովրդական բնակելի տան տրամաբանական սկզբունքը։ Նախագիծի հեղինակներն են ճարտարապետներ Շմաւոն Ազատեանն ու Պաղտասար Արզումանեանը, քանդակագործը՝ ՀԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ Արա Յարութիւնեանը։
ՀաւաքածոյԽմբագրել
«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի թանգարանային հաւաքածոն կը կազմեն Արին բերդ, Կարմիր բլուր, Շենգավիթ հնավայրերէն, ինչպես նաեւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն դիպուածով կամ պարբերաբար իրականացուող պեղումներէն յայտնաբերուած նախաուրարտական, ուրարտական, աքեմենեան, հելլենիստական եւ վաղ հայկական ժամանակաշրջաններուն վերաբերող 11295 հնագիտական առարկաները՝ խմբաւորուած 128 հաւաքածուներուն մէջ. այդ թիւին մէջ՝
- 64 հաւաքածու՝ Արին բերդէն յայտնաբերուած գտածոներ
- 11 հաւաքածու՝ Կարմիր բլուրէն յայտնաբերուած գտածոներ
- 18 հաւաքածու՝ Շենգավիթէն յայտնաբերուած գտածոներ
- 35 հաւաքածու՝ Երեւան քաղաքէն եւ Հայաստանի Վայոց ձոր, Գեղարքունիք, Տաւուշ, Լոռի, Շիրակ, Կոտայք մարզերէն յայտնաբերուած գտածոներ
ՊատմութիւնԽմբագրել
Թանգարանը հիմնադրուած է 1931 թ.։ Սկիզբը՝ ըլլալով Երեւանի քաղխորհուրդի կոմունալ բաժինին առընթեր՝ Կոմունալ թանգարան, իսկ 1936 թուականին վերանուանուած է Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան։ Թանգարանը հիմնադրութեան պահուն զբաղեցուցած է Երեւանի հրշէջ վարչութեան շէնքի 2-րդ յարկի սենեակներէն մէկը։ 1936 թ. թանգարանը տեղափոխուած է Կապոյտ մզկիթի շէնք, ուր գործած է մօտ 60 տարի։ 1994-1997 թթ. թանգարանը գտնուած է նախկին Հռիփսիմեան իգական գիմնազիայի շէնքին մէջ, իսկ 1997-2005 թթ.՝ Շահումեանի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի մասնաշէնքին մէջ։