Արա Գեղեցիկ Եւ Շամիրամ

«Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ»-ը (Տե՛ս Արա Գեղեցիկ) հայ ժողովրդական վիպասանք, աւանդազրոյց է, որ ձեւաւորուած է Ք.ա. 2-րդ հազարամեակին եւ կը յիշեցնէ Օզիրիսի եւ Իզիտայի, Թամմուզի եւ Իշտարի, Ատոնիսի եւ Աֆրոտիթէի (Աստարտէ) առասպելները։ 5-րդ դարուն վիպերգը գրի առնուած է Մովսէս Խորենացիի մշակումով։ Հետագային այլ պատմագիրներու ընդօրինակութեամբ եւ ուշ շրջանի ժողովրդական զրոյցներու ձեւով անիկա փոխանցուած է սերունդէ սերունդ։

Արա Գեղեցիկ
Վարդգէս Սուրէնեանց,Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ
Կարդոս եւ Շամիրամ, Հայկական Ազգային Պատկերասրահ

Հայոց պատմութիւն

Խմբագրել

Վիպերգին Մէջ Գործող Անձինք

Խմբագրել

Արա, Արա ԳեղեցիկՀայկի սերունդէն հայոց արքայ, Արամի որդին։ Կը մարմնաւորէ հեթանոս հայերու հաւատալիքները մեռնող եւ հառնող աստուծոյ, բնութեան զարթօնքի, նաեւ ընտանեկան առաքինութեան եւ ողջամտութեան մասին։ Շարունակած է Ասորեստանի դէմ ուղղուած հայոց ազատագրական պայքարը։
Որոշ ուսումնասիրողներ, ինչպէս Արամին կը նոյնացնեն Արամէ Ուրարտացիի հետ, այնպէս ալ ըհդհանուր պատմական զուգահեռներ կը գտնեն Արա Գեղեցիկի եւ Արգիշտի Ա. Ուրարտացիի միջեւ, որ /ամուսինի՝ Շամշի-Ատատ 5-րդ թագաւորի մահէն ետք Ասորեստանի իշխանութիւնը իր ձեռքը վերցուցած/ Ասորեստանի Շամիրամովթ թագուհիի օրերուն վարած է հօր՝ Մենուա թագաւորի Ուրարտական զօրամիաւորումներու հրամանատարութիւնը։[Ըստ Մ. Խորենացիի գրի առած հին աւանդութեան՝ վաւաշոտ եւ անառակ Շամիրամը կը սիրահարուի Արա Գեղեցիկին եւ անկէ մերժում ստանալով կը պատերազմի Հայոց հետ։ Այդ պատերազմին Հայոց բանակը գլխաւորող՝ արքայազն Արա Գեղեցիկը մահացու կը վիրավորուի եւ գերի կ'իյնայ այրասիրտ Շամիրամին, վերջինս իր յարալէզներու եւ հեքիմներու միջոցով կը բուժէ Հայոց արքայազինը եւ վախնալով վրէժխնդրութեան համար Հայոց զօրքի նոր յարձակումէն ետ կը վերադարձնէ անոր։ Չնայած Մ. Խորենացին կ'ըսէ, որ չի հաւատար այդ իրողութեան եւ Շամիրամը հաւանաբար մահացած է Արայի փոխարէն իր սիրեկաններէն մէկուն Արայի նման զարդարելով ներկայացուցած է Արայի տեղը, Հայոց բանակը խաղաղեցնելու համար։]

Նինոս – Ասորեստանի թագաւորը։
Արամ – Արամ Ուրարտացի, Արամ աշխարհակալ, Արա Գեղեցիկի հայրը։
Շամիրամ (Շամմուրամաթ, Շամիրամովթ, Սամմիրամաթ, Սեմիրամիս, Սեմիրամիտա) – Ասորեստանի թագուհի, Շամշիատատ V-ի (Ք.ծ.ա. 823-811) կինը, ամուսինին մահէն ետք մանկահասակ որդիի` Ատատնիրար Գ. թագաւորի խնամակալուհին (Ք.ա. 810-806)։
Նուարդ - Արա Գեղեցիկի կինը։
Կարդոս – Արա Գեղեցիկի որդին` ծնած իր սիրելի կին Նուարդէն։

Բովանդակութիւնը

Խմբագրել

Ըստ Խորենացիի, Ասորեստանի թագուհի Շամիրամը հրապուրուած է Հայոց թագաւոր Արայի գեղեցկութեամբ, ձգտած է տիրել իրեն։ Խոստումներն ու ընծաները արդիւնք չեն տուած։ Շամիրամը վճռած է զէնքի ուժով հասնիլ իր նպատակին։ Արայի դաշտին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտին Արան զօհուած է։ Շամիրամի յանձնարարութիւնը Արա Գեղեցիկին պատերազմէն ետք իր մօտ կենդանի հասցնելու մասին ձախողած է։ Շամիրամը անոր մարմինը դրած է ապարանքի վերնատունը՝ կենդանացնելու յոյսով։ Դիակը նեխած է։ Շամիրամը իր սիրեկաններից մէկուն հագցուցած է Արայի զգեստները, յայտարարած է, թէ ան կենդանացած է։

Գրական Եւ Պատմական Արժէքը

Խմբագրել

Առասպելը կ'արտացոլայ հեթանոս հայերու հաւատալիքները մեռնող ու հառնող աստուծոյ, բնութեան զարթօնքի, իսկ հետագային նաեւ ընտանեկան առաքինութեան եւ ողջախոհութեան մասին։ Առասպելին մէջ արտացոլած է նաեւ ուրարտացիներու պայքարը աշխարհակալ Ասորեստանի դէմ։

Այլ Ստեղծագործութիւններ՝ Նուիրուած «Արա Գեղեցիկ Եւ Շամիրամ» Աւանդազրոյցին

Խմբագրել

Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի մասին պատմող ասքը Մովսէս Խորենացիի գրի առած գեղեցիկ առասպելներէն մէկն է։ Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի կերպարներուն իրենց բանաստեղծութիւններու, պալլատներու եւ պոեմերու մէջ անդրադարձած են Վահան Տէրեանը, Եղիշէ Չարենցը, Կոստան Զարեանը, Յովհաննէս Շիրազը։

Տես Նաեւ

Խմբագրել