Շողակաթ, եկեղեցի՝ Վաղարշապատի հիւսիսային կողմը, արքունի հնձաններու տեղը՝ կառուցուած, ըստ աւանդութեան, Հռիփսիմեանց կոյսերէն սուրբ Մարիանէի նահատակութեան վայրին մէջ, Աղամալ Սորոտեցի արքայազնի կողմէն՝ կաթողիկոս Նահապետ Ա. Եդեսացիի ժամանակներուն։ Ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։

Շողակաթի եկեղեցին

Շողակաթ միջնադարեան եկեղեցին կը գտնուիԱրմաւիրի մարզին մէջ՝ Վաղարշապատ։ Ըստ աւանդութեան հիմնադրուած է այն տեղը, ուր Հռիփսիմեան քրիստոնեայ նահատակներու վրայ «շող կաթած է»։ Այժմեան «գմբէթաւոր դահլիճի» յօրինուածքով եկեղեցին կառուցուած է [[1694 թուական]]ին։

յատակագիծի ձեւերը եւ համաչափութիւնները բնորոշ են այդ տիպի վաղ միջնադարու կառոյցներուն, որոնք ենթադրել կու տան, թէ Շողակաթ եկեղեցին կառուցուած է 6-7-րդ դարերու շինութեան հիմքերու վրայ։ Ութանիստ թմբուկով գմբէթը, ոչ թէ՛ կառոյցի, այլ երկու զոյգ որմնամոյթով դահլիճի կեդրոնին մէջ է՝ նոյնատիպ հնագոյն եկեղեցիներու նման։ Արեւմուտքէն՝ կցուած է գաւիթ-սրահը։

Շողակաթ եկեղեցիէն դէպի հարաւ-արեւմուտք կատարուած պեղումներով բացուած են, բազմաստիճան որմնախարիսխի վրայ բարձրացող, սրբատաշ տուֆէն կառուցուած միանաւ եկեղեցւոյ (4-րդ դար) աւերակները։ Հարաւային պատին արտաքինէն կցուած է փոքր կիսաշրջանաձեւ բոլորաձեւ յտակագիծ մը, որմով հաւանաբար աւարտած է սիւնասրահը։ Երկու մուտք ունի՝ արեւմուտքէն եւ հարաւէն։ Որմնասիւներու եւ բեմի կիսաշրջանաձեւ բոլորաձեւ յտակագիծին անկիւններուն խարիսխներու ուրուագիծերը՝ բնորոշ են 4-5-րդ դարերուն։

Պատմութիւնը

Խմբագրել

Կաղապար:Infobox World Heritage SiteԵրբ Գայանեանց կոյսերը՝ թիւով 37 հոգի, կը հասնին Հայոց մայրաքաղաք Վաղարշապատ, կը բնակին անոր հիւսիս- արևեւելեան կողմը գտնուող այգիներու հնձանին մէջ։ Կը սնուին իրենց ունեցուածքը վաճառելով, քոյրերէն մէկը, գիտենալով ապակեգործութեան արհեստը, ապակեայ հուլունքներ կը պատրաստէ ու կը վաճառէ։ Կոյսերը իրենց կարիքները այսպէս կը հոգան։ Երբ կը յայտնաբերուին փախստական կոյսերը, հայոց թագաւորը արքունիքէն սպասաւորներ կ՛ուղարկէ կոյսերու կացարանը՝ իր մօտ բերելու Հռիփսիմէին, սակայն կոյսերը կը դիմադրեն։ Թագաւորը իմանալով վերջիններուս դիմադրութեան մասին, կը հրամայէ այս անգամ արդէն բռնութեամբ իր մօտ բերել Հռիփսիմէին, զոր սպասաւորները կատարելով թագաւորի հրամանը՝ Հռիփսիմէին մինչեւ արքունիք քարշ տալով բերելու ընթացքին կը նահատակուի։

 

Կոյսերը կը նահատակուին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք, անոնց նահատակութեան վայրին մէջ, կը կառուցուի երեք մատուռ. առաջինը՝ Սուրբ Հռիփսիմէի գերեզմանին վրայ, երկրորդը՝ Սուրբ Գայանէի եւ երրորդը՝ հնձանին տեղը, այն կոյսի գերեզմանի վրայ, ով հիւանդութեան պատճառով չկարողանալով միանալ Հռիփսիմէի մարմինը թաղելու համար գացած քոյրերուն՝ կը մնայ հնձանին մէջ եւ այնտեղ ալ կը նահատակուի։ Ագաթանգեղոսը՝ Հռիփսիմեան կոյսերու, պատմութիւնը մեզ հասցուցած գլխաւոր պատմիչն է, այս կոյսի անունը չէ յիշատակած, սակայն յետագային աւանդութիւնը զինք Մարիանէ կ՛անուանէ։ Այս հնձանուին մէջ էր, երբ երկինքէն «կաթեցան» Տիրոջ լոյսի շողերը։ Այս իսկ պատճառով Սուրբ Մարիանէի մատուռը Սուրբ Շողակաթ անունը կը կրէ։

Սուրբ Աթանագինէսի վարքը

Խմբագրել

Սուրբ Աթանագինէսը Մարիամի՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի տիկնոջ, եղբայրն է։ Մանուկ ժամանակ զինք որդեգրած է Սեբաստիայի եպիսկոպոսը ու ձեռնադրած՝ քահանայ։ Կեանքի ընթացքին ճանչուած է իրբեւ հրաշագործ, բազմաթիւ հեթանոսներու՝ դարձի բերող անհատ։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուելէ ետք աւելի նշանաւոր դարձած է իր կատարած մեծագործութիւններով։

Դիոկղետիանոս կայսեր ժամանակ Սուրբ Աթանագինէսը եղած է Փոքր Հայքի Բիտաքթո քաղաքի եպիսկոպոսը։ Ան ապրած է վանքին մէջ եւ մշտապէս այցելած է բանտարկեալներուն, անոնց՝ գօտեպնդած։ Սուրբ Աթանագինէսը տեղի դատաւորին հանդիմանած է, թէ բանտերուն մէջ կան թիւով շատ անմեղ ու յանիրաւի դատապարտուած բանտարկեալներ, զոր եւս առիթ դարձած է անոր դէմ եւս դաժան հալածանքներու։

Անոր ետեւէն ուղարկուած զինուորները, եպիսկոպոսին չգտնելով, կը բռնեն անոր աշակերտներուն։ Սուրբ Աթանագինէսը, իմանալով կատարուածին մասին, անոնց փնտռելու նպատակով կ՛ուղեւորուի Սեբաստիա։ Այնտեղ ան ինք կը նետեն բանտ, ուր կը հանդիպի իր աշակերտներուն։ Յետագային կրելով բազմաթիւ տանջանքներ՝ անոնք կը գլխատուին սեփական վանքին մէջ։

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել