Ասորիք, հնագոյն երկիր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Արեւմուտքէն սահմանակից էր Միջերկրական ծովուն ու փիւնիկիային, արեւելեան կողմէն, Եփրատ գետին՝ Միջագետքին ու Բաբելոնին, հարաւէն՝ Անապատային Արաբիային եւ Հրեաստանին, հիւսիսէն՝ Կիլիկիոյ ու Կոմագենէին։ Բաժանուած էր՝ Հիւսիսային կամ Վերին եւ Հարաւային կամ Ստորին երկրամասերու։

Գիր եւ գրականութիւն

Խմբագրել

Սկզբնապէս՝ Ասորիքի բնակիչները, կը գործածէին եգիպտական մեհենագրերուն նմանող գիրեր։ Մ.թ.ա. I հազարամեակի սկիզբէն կը գործածէին 22 բաղաձայն հնչիւններէ բաղկացած նոր գիրեր։ Համեմատաբար կատարեալ եւ դիւրընկալ գրութեան այս արուեստը՝ մ.թ.ա. I հազարամեակին, տարածուած էին նաեւ շրջապատի քաղաքակիրթ երկրներուն, անոր կարգին Հայաստանի պաշտօնական գրասենեակներուն մէջ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։