Հաթերք, գիւղ Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ՝ կեդրոնէն 45 քմ արեւմուտք Թարթառ գետի ափին՝ Մռաւի հարաւային լեռնալանջին՝ 1000 մ բարձրութեան վրայ։ Տարածութիւնը՝ 3895 հա։

Բնակավայր
Հաթերք
ազրպ.՝ Həsənriz
Երկիր Արցախ
Շրջան Մարտակերտ
ԲԾՄ 1120 մեթր
Բնակչութիւն 1531 մարդ (2005)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00

Անուան ծագումը Խմբագրել

Հաթերք անուան ծագումը, ինչպէս կը վկայեն ականաւոր դէմքեր, հաւանաբար կապուած է Հաթեր ցեղին անուան հետ:

Ըստ աշխարհահռչակ գիտնական, ակադեմիկոս Հրաչեայ Աճառեանին՝ այդ ցեղերը ապրած են նախապատմական Հայաստանի մէջ եւ յայտնի էին «Հաթեթ» կամ «Հեթիթ» անունով:

Նշանաւոր համերկրացի պատմաբան Լէօն գրած է. «Այդ այն ազգն է, որ Ասորեստանի արձանագրութեան մէջ կոչուած է Խաթթա կամ Ծաթ, իսկ եգիպտական արձանագրութիւններուն մէջ կոչուած է Խաթթակամ Խաթ, իսկ եգիպտական արձանագրութիւններուն մէջ՝ Խեթա կամ Խաթա, որոնք այժմ դարձած են Հաթ կամ Հեթիթ»:

Հաթերք նախապէս կրած է նաեւ Հասանրիզ անունը: Այդ մասին Ղեւոնդ Ալիշան գրած է.

«Այս երկրամասին մէջ ուրիշ գիւղեր չեն նշուիր, բացի Ջրաբերդին արեւմտեան կողմը, Թարթառի ափին նշուածներէն, որոնք են Ղարապուլաքը եւ Թանկուն-Լուլուպէյը, անոնցմէ աւելի վեր գտնուող Հասանարիսը կամ Հասանրիսը, որ թերեւս կը ծագի Ջալալեան Հասան իշխաններու անուններէն..: Մեր նախնիները Մեծ Կուենք գաւառին մէջ կը նշեն նաեւ այլ նշանաւոր վայրեր ու դէպքեր Ե. եւ Է. դարերուն, այդ հռչակաւոր վայրերէն է Աստղաբլուրը (Ղեւոնդ Ալիշան, Արցախ, 1993, էջ 43): Իսկ ինչու Հասանրիսը պէտք է ծագի Ջալալեան Հասան իշխաններու անուններէն եւ ոչ թէ Հաթերքի Հասան Վախթանգեան իշխանին (1142-1182) անունէն (Մ. Աղաջանեան)»[2]։

Բնակչութիւն Խմբագրել

Բնակչութիւնը կը կազմէ 1596 հոգի (2003)։ Կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ։

Պատմութիւն Խմբագրել

Հաթերք, Հայթերք, Խաթերք - գաւառ Մեծ Հայքի Արցախ (նահանգ)ի՝ միջնադարեան Խաչէնի իշխանութեան կեդրոնական մասին մէջ։ Հին Հաթերքի մասին քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի: Տարածուած է Տրտու (Թարթառ) գետի հովիտին մէջ, ընդգրկելով ձախափնեակը՝ Եղիշէ առաքեալին կամ Ջրվշտիկ վանքին քովէն, մինչեւ հոգեւոր կեդրոն Դադիւանքին արեւմտեան կողմին ձորը։ Կոչուած է իշխանանիստ Հաթերք բերդաւանին անունով։ ԺԲ.-ԺԳ. դարերուն Հաթերք եղած է Կեդրոնական Խաչէնի իշխանութեան տիրոյթը։ Անոր մասին արժէքաւոր տեղեկութիւններ պահպանուած են Մովսէս Կաղանկատուացիի, Կիրակոս Գանձակեցիի երկերուն մէջ եւ Մ. Բարխուտարեանցի, Յակոբ Մանանդեանի եւ Բագրատ Ուլուբաբեանի գործերուն մէջ:

Չեն ուսումնասիրուած անոր մինչեւ Դ., Զ.- ԺԱ. եւ ԺԴ.- ԺԸ. դարերու անցքերը: Սակայն յայտնի է, որ ԺԶ. դարուն Հաթերք աւերուած է Ակ-Կոյունլու եւ Կարա-Կոյունլու թուրքմէն ցեղերուն կողմէ եւ նոյն դարուն վերջը հիմնուած է Նոր Հաթերքը: Բայց Հաթերքի տարածքին եղած հնութիւնները հիմք կը կազմեն ենթադրելու, որ Ըռստակ գաւառը եղած է շէն, որ անոր բնակիչները զբաղած են շինարարութեամբ, հողագործութեամբ եւ անասնապահութեամբ, հերոսաբար դիմադրած են թշնամիներուն ու պաշտպանած իրենց հողը, իսկ գաւառի կեդրոն Հաթերքը դարձած է ուժերու համախմբման զօրաւիգը[3]:

Շինութիւններ Խմբագրել

 
Հաթերք գիւղ, Մայիս 2019

Ունի միջնակարգ դպրոց մը, մշակութային տուն մը , հիւանդանոց մը, կապի բաժանմունք մը եւ այլն։ Գիւղին Ս. Աստուածածին եկեղեցին (ԺԲ. դար) կիսաւեր է, կեդրոնը աւագ Ս. Նշան սրբավայրը, հարաւ-արեւմուտքը՝ Հաթեմի բերդը, շրջակայքը՝ նախնադարեան եւ նախաքրիստոնէական ժամանակներու հնութիւններ[4]։

Միջնադարուն այս գիւղին մէջ կը գործէր դպրոց մը, Խութա վանքին կից[5]: Գիւղը, որ ներկայիս 3000-է աւելի բնակչութիւն ունի, կը տարածուի գեղեցիկ ու անտառապատ սարահարթի մը վրայ: Քանի որ Հաթերք եղած է իշխանանիստ, վարչական կեդրոն, ապա արշաւող նուաճողները մոխիրի կոյտերու վերածած են զայն: Ատիկա ակնառու է տասնեակ բնակավայրերու աւերակներէն, տապանաքարերէն ու բազմաթիւ մենաւոր խաչքարերէն, որոնք ցրուած են գիւղին շրջակայքին անտառներով: Անոնցմէ են.

Մուղտուսի Խմբագրել

Հին գերեզմանատուն մը, կը գտնուի գիւղին արեւելեան մասին մէջ, ձորակին աջ լանջին: Մացառուտներուն մէջ շարք մը խաչքարեր ինկած են: Անոնց վրայ կան ԺԳ.-ԺԷ. դարերէն արձանագրութիւններ: Հոսկէ դէպի արեւելք՝ Թարթառի ձախ ափին, բլուրին վրայ կը գտնուի քանդուած, քարերու կոյտերու վերածուած մատուռ մը:

Քարահունչ Խմբագրել

Միջնադարեան փոքրիկ եկեղեցի մը, գիւղ մը եւ գերեզմանատուն մը: Այս յուշարձանները կը տարածուին Հաթերքի հարաւարեւմտեան մասին մէջ:

Մասիս կամ Մսիս Խմբագրել

Աւերակ եկեղեցի մը, կը գտնուի Հաթերքէն հիւսիս, Մռաւի անտառապատ բազուկներէն մէկուն վրայ: Աւերակներէն կ'երեւի, որ անիկա բաղկացած է եկեղեցիէ մը եւ գաւիթէ մը: Եկեղեցին հին պազիլիք է, ունի 36 քառակուսի մեթր մակերես, իսկ գաւիթը քառակուսի յատակագիծ ունեցող փոքր շէնք մըն է: Արձանագրութիւններն ու խաչքարերը կտրտուած են, ուստի կարելի չէ գիտնալ եկեղեցւոյ կառուցման տարին: Եկեղեցին շրջափակուած է պարիսպներով ու պաշտպանական այլ կառոյցներով:

Շուքավանք Խմբագրել

Աւերուած եկեղեցի մը, գերեզմանատուն մը, գիւղ մը, կալեր, մարագատեղեր, աղբիւր մը եւ հնութիւններ:

Սռին շինատեղ Խմբագրել

Գիւղ մը, գերեզմանատուն մը, որու երկու կողմերէն կը հոսին Թրղիի վտակները:

Ծոս Խմբագրել

Գիւղ մը, ընկուզենիի ծառեր, կալեր, գերեզման մը, ձիթհանի հիմնապատեր, ԺԳ. դարուն բնորոշ խաչքարեր:

Խոտորաշէն Խմբագրել

Տուներ, ջրաղացներ, փոքրիկ գերեզմանատուն մը եւ պտղատու այգիներու պուրակներ: Այս գիւղը վերջին անգամ քանդուած է ԺԸ. դարու վերջը: Գիւղացիները տեղափոխուած են Գանձակի կողմերը եւ հիմնած Գետաշէն գիւղը:

Ականայ աւերակ Խմբագրել

Մեծ գիւղ մը, համանուն գետակին աջ կողմը: Դեռ կանգուն է եռանաւ եկեղեցին: Ընդարձակ, սիւնազարդ դահլիճը սալայատակ է: Բաւական ընդարձակ է գերեզմանատունը: Ընկուզենիի եւ թթենիի այգիներուն մնացորդները ձուլուած են անտառին հետ:

Հարաւ-արեւելեան եւ հարաւարեւմտեան մասերուն մէջ գիւղը շրջապատուած է պարիսպներու մնացորդներով:

Հաթերքի շրջակայքին մէջ կան նաեւ շարք մը բերդամրոցներ, որոնք պաշտպանական ամրոցներ կը համարուին եւ կարեւոր դեր խաղացած են երկրամասին ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու գործին մէջ:

Հաւքախաղաց ( Լաչինաբերդ) Խմբագրել

Թարթառի աջ ափին, թանձրախիտ անտառին մէջ խրոխտաբար կը բարձրանայ Լաչինաբերդ կոչուած վիթխարի ժայռը, որ իր կրանիթէ բարձր կողմերուն վրայ կը պահէ ընդարձակ հարթ տարածութիւն մը, բոլոր կողմերէն անմատչելի: Հին դարերուն պաշտպանողական, անառիկ դիրք մը եղած է Խաչէնի տէրերուն համար:

Բերդաքար Խմբագրել

Հաթերք գիւղի արեւմտեան մասին մէջ կը գտնուի անառիկ բերդ մը: Անոր երեք կողմերը վիմահերձ ժայռեր են, իսկ հիւսիսային մասին մէջ երկարող հաստ կրկնապարիսպներ եղած են:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. http://census.stat-nkr.am/nkr/1-5.pdf
  2. Հաթերք։ 2008։ էջեր էջ 33 
  3. Հաթերք։ 2008։ էջ 34 
  4. Հաթերքի պատմաճարտարապետական յուշարձանները
  5. Մկրտչեան Շ. Մ. (1980)։ Լեռնային Ղարաբաղի պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները։ Երեւան: Հայաստան։ էջեր 46–47