Խաչէն
Խաչէն, գաւառ Մեծ Հայքի Արցախ նահանգին մէջ 1979-ի ԼՂԻՄ-ի մէջ։ Թ.- ԺԳ. դարերուն Խաչէնի անունով կոչուած է ամբողջ Արցախ նահանգը, երբ անոր նախարարական իշխանական տան հիմնական նստավայրը դարձած էր Խաչէնի բերդը։ Կոստանդին Ծիրանածինի վկայութեամբ (Ժ. դար), բիւզանդական արքունիքը համաձայնագիր մը կնքած է Խաչէնի իշխանին հետ՝ զայն նկատելով Հայաստանի վարչական միաւոր։ Մինչեւ ԺԲ.-ԺԳ. դարերը գրաւուած տարածքով կը համապատասխանէր Արցախին։ Սելճուք-թուրքերուն, ապա մոնկոլներուն նուաճումներուն ատեն Մուխանք գաւառի (Մուղանի դաշտ) մեծ մասը կ'անցնի Գանձակի մէջ բնակած քրտական Շադդադեան ամիրայութեան ու անոր ժառանգորդներուն։ Խաչէնը կը զբաղեցնէր Արցախի լեռնային ու նախալեռնային մասերը՝ առանց Միւս Հաբանդ գաւառի հարաւային կէսին, որուն կը տիրէր Արցախի Առանշահիկ իշխանական հարստութեան Դիզակի (Ապու-Մուսայի ժառանգներէն սերած) ճիւղը։
Խաչէնի նահանգին սահմանները կ'անցնէին արեւմուտքէն Սեւանայ լիճի արեւելեան ափերով (ներառելով Սոդք եւ Գեղամայ գաւառները), հարաւ-արեւմուտքէն՝ Դարաբաղեան լեռնաշղթայի հարաւային լանջերով եւ Աղաւնոյ (Հագարի) գետին հոսանքով, հիւսիսէն՝ Մռաւ լերան հիւսիսային լանջերով, իսկ արեւելքէն Մուխանքի արեւմտեան մասը։
ԺԲ. դարու 2-րդ կէսին Խաչէնի իշխանութիւնը բաժնուած էր երեք ճիւղերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին զբաղեցուցած տարածքը ստացած էր իր յատուկ անունը.
- Ներքին Խաչէն (խոխանաբերդցիներու իշխանութեան տիրոյթները՝ Մեծիրանք, Բերդաձոր գաւառները, Միւս Հաբանդի հիւսիսային մասը),
- Կեդրոնական Խաչէն կամ Հաթերք (Մեծ Կուանք կամ Մեծ Կուենք գաւառին մեծ մասը, Փառիսոսն ու Կողթը),
- Վերին Խաչէն կամ Ծար, որ կը ներառէր Սեւանի արեւելեան ափերը եւ Թարթառ (Տրտու) գետի աւազանը՝ Գեղամայ, Սոդք եւ Ծար գաւառները։
Ուշ միջնադարեան աղբիւրներուն մէջ Խաչէն անուան տակ կը հասկցուէր գլխաւորաբար Խաչէնի մելիքութեան բռնած տարածքը Խաչէնագետի աւազանին մէջ, քանի որ նախկին նահանգին տարբեր մասերը, ԺԶ. դարու սկիզբէն, կը զբաղեցնէին Կիւլիստանի, Ջրաբերդի, Ծարի, Սողքի եւ Վարանդայի մելիքութիւնները։