Մովսէս Կաղանկատուացի

Մովսէս Կաղանկատուացի (900[1], Կաղանկատոյք, Ուտիք[2] - անհայտ[2]), 7-րդ դարու հայ պատմիչ։

Մովսէս Կաղանկատուացի
Ծնած է 900[1]
Ծննդավայր Կաղանկատոյք, Ուտիք[2]
Մահացած է անհայտ[2]
Մասնագիտութիւն պատմաբան, մատենագիր

Հայերէն լեզուով գրուած պատմութիւններուն մէջ արժէքաւոր եւ ինքնուրոյն գործ մըն է «Աղուանից պատմութիւնը»։ Պատմութիւնը կը բաղկանայ երեք գիրքերէ։ Ա. գիրքը ունի 30 գլուխներ, Բ.–ը՝ 52, իսկ Գ.–ը՝ 24։

Աղուանից պատմութեան մասին յայտնուած են բազմաթիւ կարծիքներ, զորս կրնանք երկուքի խմբել.-

Հեղինակը ապրած է Ժ. դարուն եւ գրի առած՝ հնագոյն շրջաններէն մինչեւ Ժ. դար պատահող դէպքերը աղուանից աշխարհի մէջ։ Հեղինակը ապրած է Է. դարուն եւ անոր կը պատկանին մի միայն առաջին երկու գիրքերը, որոնք կը պարունակեն հնագոյն շրջանէն մինչեւ Է. դարու պատմութիւնը։ Իսկ Ժ. դարուն ուրիշ հեղինակ մը կամ խմբագրող մը շարունակած է զինք երրորդ գիրքով մը։ Այս երկու կարծիքներն ալ ճիշդ չեն։ Աղուանից Պատմութեան ուսումնասիրութեան համար ամէնէն ուղիղ միջոցն է անոր աղբիւրներուն քննութիւնը, որու միջոցաւ կարելի է եզրակացնել, թէ՝ ե՞րբ խմբագրուեցաւ «Աղուանից Պատմութիւն»ը եւ թէ՝ քանի՞ հեղինակներ ունեցած է։

ԱՂՈՒԱՆԻՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Խմբագրել

Աղուանից Պատմութիւնը ներկայիս կը հասնի մինչեւ Ժ. դարու վերջաւորութիւնը, որով կրնանք եզրակացնել թէ անոր վերջին խմբագրութիւնը տեղի ունեցած պէտք է ըլլայ Ժ. դարու վերջաւորութեան։

Անոր Ա. գիրքի 30 գլուխները ամբողջութեամբ եւ բառացի կերպով ընդօրինակուած են հին հայ պատմիչներէն եւ յիշատակարաններէն։ Ժ. դարու խմբագրողը ուզած է Խորենացիի Հայոց Պատմութեան վրայ ձեւել Աղուանից Պատմութիւն մը։ Ա. գրքի երեք գլուխները ընդօրինակուած են Անդրէասի եւ Հիպողիտոսի ժամանակագրութեան հայերէն թարգմանութենէն, որ կը վերագրուի Անանիա Շիրակացիին, ծանօթ իբրեւ անանուն ժամանակագրութիւն։ Այս երեք գլուխներուն մէջ Խորենացիէն առնուած բաժիններ կան։ Դ. գլուխը առնուած է Խորենացիէն։ Ե. ը առնուած է Շիրակացիի «Աշխարհացոյց»էն, Զ. եւ է. գլուխները, մեծ մասամբ, Աղուանից յիշատակարաններէն կը քաղեն իրենց բովանդակութիւնը, փոքր մաս մըն ալ կ'առնեն Խորենացիէն։ Ը. գլուխը դարձեալ Խորենացիէն է։ Թ. եւ Ժ. գլուխները Յայսմաւուրքէն (Տօնական)։ ԺԱ. գլուխը Գիւտ Կաթողիկոսի նամակն է, ուղղուած՝ Աղուանից Վաչէ իշխանին։ ԺԲ. եւ ԺԳ. գլուխները Խորենացիէն առնուած են։ ԺԴ. գլուխը, որ ընդարձակ է, առնուած է Ագաթանգեղոսէն, բայց անոր ներկայ խմբագրութենէն տարբեր օրինակէ մը։ ԺԵ. գլուխը Խորենացիէն է։ ԺԶ., ԺԷ., ԺԸ., ԺԹ., Ի., ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ. գլուխները հին յիշատակարաններէն եւ «Տօնական»ներէն վերցուած են։ ԻԴ., ԻԵ., ԻԶ. գլուխները «Գիրք Թղթոց»էն եւ կանոնագրէն են։ ԻԷ.–էն Լ. գլուխները դարձեալ «Տօնական»ներէն։

Ինչպէս կը տեսնուի գիրքը ամբողջ ընդօրինակութիւն մըն է բառացի կերպով, միայն թէ գլուխներու խորագիրները եւ տեղ տեղ շաղկապող տողերը կը պատկանին խմբագրողին։

Բ. գիրքի Ա.–Էն Ը. գլուխները առնուած են Պետրոս Սիւնեցիէն, Եղիշէէն, Խորենացիէն, Սեբէոսէն, Գիրք Թղթոցէն ու Տօնականէն։

Բ. գիրքի Թ. գլուխէն մինչեւ ԻԸ. գլուխը, մօտաւորապէս 90 էջ կամ 20 գլուխներ, չունին ոչ մէկ աղբիւր, այլ սկզբնագրի եւ տուեալ դէպքերու ժամանակակից մէկ գրիչի յօրինում են։ Դարձեալ այս մասին մէջ շատ ուշագրաւ է հետեւեալը․- Թ. գլուխը կը սկսի մուտքով մը, որ յատուկ է նոր գործի մը սկզբնաւորութեան, իսկ ԻԸ. գլուխի վերջաւորութիւնը ունի վերջացող գործի մը փակումը։ Այսպիսով Աղուանից պատմութեան Թ. էն մինչեւ ԻԸ. գլուխները առանձինն ամբողջութիւն մը կը կազմեն եւ Ժ. դարու խմբագրողը զայն ներմուծած է իր գործին մէջ։

Աղուանից Պատմութեան Բ. գիրքի ԻԸ. գլուխէն մինչեւ ԾԲ. գլուխը ընդօրինակութիւն է զանազան աղբիւրներէ, զոր կարելի է որոշել։ Թերեւս քանի մը գլուխներ պատկանած ըլլան՝ Թ. գլուխէն մինչեւ ԻԸ. գլուխներու սկզբնագիր՝ հեղինակին։

Գ. գիրքը իր ամբողջութեան մէջ ընդօրինակուած է այլեւայլ աղբիւրներէ, միայն թէ այս գիրքին մէջ նկատելի կերպով անձնական աշխատանք եւ յօրինում ունի Ժ. դարու խմբագրողը, որ գործը մինչեւ Ժ. դարու վերջը բերած է։

ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԶԲՆԱԳԻՐԸ – Բ. ԳԻՐՔ, Թ.–ԻԼ. ԳԼՈՒԽ.-

Խմբագրել

Աղուանից Պատմութեան մէջ Է. դարուն պէտք է տեղաւորենք Թ.– ԻԼ. գլուխները, որոնց հեղինակը պայմանական անունով կը կոչենք «ՍԿԶԲՆԱԳԻՐ»։ Այս մասը ինքնիր մէջ ամբողջութիւն մըն է իբրեւ բովանդակութիւն, իբրեւ լեզու եւ իբրեւ մէկ հեղինակի կնիքը կրող ստեղծագործութիւն։

Այս մասին մէջ պատմագրուած են Խոսրով Ապրուէզի արշաւանքները, Յունաց վրայ Խաչափայտին գերուիլը Հերակլեան արշաւանքները եւ անոնց համար Աղուանից բերած մասնակցութիւնը, Վիրոյ կաթողիկոսին պատմութիւնը, Ջուանշիր իշխանին մեծագործութիւնները, մօտաւորապէս 610-660 թուականի պատմութիւն մը։

ՍԿԶԲՆԱԳԻՐԻ ԱՐԺԷՔԸ

Խմբագրել

Եօթներորդ դարու սկզբնագիրի այս գործը շահեկան է մէկէ աւելի տեսակէտներով։

1.- Անիկա ժամանակակից հեղինակ մըն է թաւալող եւ աշխարհասասան այդ դէպքերուն, ականատես եւ ականջալուր։

2.- Անիկա կը պատմագրէ կարեւոր եւ նոր դէպքերու մասին։ Իսկ երբ արդէն ծանօթ նիւթերու մասին պիտի արտայայտուի, բոլորովին նոր ձեւով կը պատմագրէ եւ կամ անոնց մասին կու տայ նոր եւ անտիպ տեղեկութիւններ։

3.- Անիկա կարող պատմիչ մըն է ու մեծ՝ գրեթէ անգերազանցելի գրագէտ մը, նկատի ունենալով մեր հին գրականութիւնը միայն։

ՍԿԶԲՆԱԳԻՐԸ ԻԲՐԵւ ԳՐԱԳԷՏ

Խմբագրել

Ան բախտաւոր եղած է արտայայտելու շատ յուզիչ դէպքերու մասին, ինչպէս Խաչափայտին գերուիլը, ամբողջ քրիստոնէութիւնը սրբազան յուզումով դղրդացնող Հերակլեան արշաւանքները, Խաչափայտին ազատագրուիլը՝ իր պատճառած հոգեցունց ուրախութեամբ, Աղուանից աշխարհին վրայ կատարուած հիւսիսային բարբարոս ազգերու համատարած արշաւանքներն ու գործած աղեխարշ անգթութիւնները, քաղաքներու կողոպտուիլը, բնակութեանց կոտորածը եւ մազապուրծ ազատագրուածներու ահռելի սարսափը: Ասոնք սկզբնագիր հեղինակը տարած են բացառիկ յուզումներու։ Ասոնցմէ զատ սկզբնագիրը իբրեւ նոր նիւթ ունեցած է Արաբական արշաւանքներու ի Հայս եւ յԱղուանս եւ Ջուանշիր իշխանին յաղթանակներն ու փառաւորումը։

Այս նիւթերու պատմագրութեան ատեն «Սկզբնագիր»ը երեւան կու գայ իբրեւ պատմիչ եւ գրականագէտ։ Անիկա մեր մատենագրութեան մէջ լաւագոյն օրինակն է գրագէտ պատմիչ միացեալ տիպարին, Եղիշէին հետ։ Ուժեղ է իբրեւ գրագէտ, երբ զօրաւոր ապրումներով կ'արտայայտուի։ Զինք իր ներկայացուցած յատկանիշներով կարելի է ենթարկել հետեւեալ ստորաբաժանումներուն.-

1.- Անիկա այն եզական հեղինակն է, որ արտաքին պատմագրութեան սահմանէն անդին կ'անցնի եւ կը մտնէ մարդոց հոգիներուն մէջ։ Ներկայացող դժբախտութեանց նկարագրութեան մէջ՝ այդ դժբախտութիւնը ապրող հոգեկան վիճակը մեզի կը ներկայացնէ, ապրուած սարսուռը եւ զգացուած սարսափը իբրեւ վիպասան մեզի կու տայ։ Ուրեմն իբրեւ գրագէտ ան վիպասանած է։ Կարդալ էջ՝ 147, 151, 154, 157, 166, 169, 199, 204, Թիֆլիսի տպագրութիւն։

2.- «Սկզբնագիր»ը կը զգայ դէպքերը։ Ան ոչ մէկ տող գրած է, որուն մէջ գրած չըլլայ իր զգացածը։ Դէպքերը իր տեսողութենէն կ'անցնի, իր ոգիին մէջէն եւ իր բոլոր յուզումներով ջրդեղելէ վերջ միայն կը մատուցանէ մագաղաթին։ Անիկա գրած է հեւքով, արցունքով եւ արիւնով։ Մեզի նկարագրած է սարսափելի սովով մը՝ նկարագրութիւնը, որ պատահած է Աղուանից երկրին մէջ։ Կարդալ էջ 187, 188, 189, 194, 220։

3.- Ճարտար նկարագրող մըն է։ Սկզբնագիր հեղինակը մեծ կարողութիւն ունի դէպքերու եւ դէմքերու արտայայտութիւնը նկարագրելու։ Հանդարտօրէն եւ մանրամասնօրէն կը նկարագրէ ու այս նկարագրութեան ատեն՝ շնորհիւ իր մեծ նկարագրութեան, կը ստեղծէ պատկերներ։ Յատկապէս նկարագրած է Վիրոյ կաթողիկոսի եւ Ջուանշիր իշխանի կերպարները եւ իբրեւ մեծ նորութիւն պապղայ մը (թութակ) եւ փիղ մը։ Յաջող նկարագրական էջեր են 155, 162, 172, 174, 177, 178, 182, 188, 185, 193 եւ 228։

• • • Աղուանից Պատմութեան մնացեալ մասերը, որոնք կը գտնուին Բ. գիրքի Թ. գլուխէն առաջ եւ ԻԸ. գլուխէն ետք, կը պատկանին Ժ. դարու խմբագրողին՝ իբրեւ արտագրութիւն այլազան աղբիւրներէ ու շարայարութիւն, որով գործը կը հասնի մինչեւ Ժ. դարու վախճանը։ Ժ. դարու պատկանող այս մասերը ունին արժէքաւոր հատուածներ, որոնք այլ աղբիւրներու միջոցաւ չեն հասած մեզի։ Այսպէս Աղուան հին յիշատակարաններէ ընդօրինակուած գլուխներ, որոնց մէջ յատկապէս յիշելու է Վաչագան թագաւորի ժամանակ նշխարաց գիւտը եւ մատնահատութեան հեթանոսական սովորութիւնը, յետոյ Իսրայէլ եպիսկոպոսի բարբարոսներու մէջ առաքելական գործունէութիւնը (Բ.գիրք, գլուխներ՝ 19–33 եւ 33-50)։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Միջազգային նույնականացման վիրտուալ նիշք[Dublin, Ohio]: OCLC, 2003.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.