Փիղ
Փիղ | ||||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Գիտական դասակարգութիւն | ||||||||||
|
||||||||||
Լատիներէն անուանում | ||||||||||
Elephantidae
Gray 1821
|
||||||||||
Արեալ | ||||||||||
Ափրիկէական փիղեր
Ասիական փիղեր | ||||||||||
|
Փիղ[1] (լատիներէն՝ Elephantidae), ան կը պատկանի կնճիրաւոր կաթնասուն խոշոր կենդանիներու ընտանիքին։ Փիղի մարմինին բարձրութիւնը կը հասնի մինչեւ 3.5 մ.։ Մարմինին ծայրամասերը սիւնաձեւ են։ Իւրաքանչիւր մատ ունի եղունգանման սմբակ։ Վերին շրթունքը եւ քիթը իրարու միանալով կ'առաջանայ երկար եւ շարժող կնճիթ, որուն վերջաւորութեան կը տեղաւորուի քթանցքները եւ մատի նման ելուստներ։ Փիղը իր կնճիթը կ'օգտագործէ շօշափելու, հոտառութեան եւ բռնելու։ Այժմ կը հանդիպինք Ափրիկէի եւ Ասիոյ մայր ցամաքներու տարածքին։
ՆկարագրութւնԽմբագրել
Փիղերը ընկերային կենդանիներ են, յաճախ կը կազմին էգերէն եւ ձագերէն կազմուած խումբեր, որոնք կը գլխաւորէ ամենէ ծեր եւ փորձառու փիղը: Արուները կը կազմեն առանձին խումբեր: Հասուն արուն կրնայ ժամանակաւորապէս միանալ էգերու հօտը, եթե հոն կայ գոնե մէկ հատ բեղմնաւորումին պատրաստ էգ:
ԱկանջներԽմբագրել
Փիղերու ականջներն ունին հաստ հիմքեր եւ բարակ եզրեր։ Ականջախեցիները կը պարունակին բազմաթիւ արիւնատար անօթներ՝ մազանօթներ։ Անոնց ներսը թափանցող արիւնը ջերմութիւնը կը յաղորդէ շրջակայքին, այդպիսով իրականացելով մարմինի ջերմակարգաւորումը։ Ականջախեցիների մակերեւոյթի մեծ մակերեսը փիղերուն թոյլ կու տայ արդիւնաւետ ազատուիլ ջերմութեան աւելցուկէն։ Ականջներու թափահարումը կը մեծցնէ սառեցման արդիւնաւետութիւնը։ Աւելի շոգ պայմանները բնակուող աֆրիկէական փիղերը հնդկական փիղերու համեմատ ունին աւելի մեծ ականջախեցիներ։
Փիղերու լսողութեան ծածկոյթը կը գտնուէ ցածր յաճախութիւնների տիրոյթի մէջ, ամենաշատ զգայունակութիւնը 1 կՀց-ի շրջանն է։
Հետաքրքրական ՏեղեկութիւններԽմբագրել
- Փիղերը ունին սուր յիշողութիւն: Անոնք յաճախ կ՛այցելեն իրենց նախասիրած վայրերը: Ըստ նկարիչ գիտնականներու, փիղերու խումբ մը 25 յաջորդական տարիներ, ամէն Նոյեմբերին այցելած է նոյն շրջանի ծառը:
- Բոլոր անասունները իրար հետ կը հաղորդակցին տարբեր ձեւերով: Կարգ մը փիղեր շատ շատախօս են: Հեռուն գտնուող այլ փիղերու հետ հաղորդակցելու համար անոնք շատ բարձր ձայնով կը գոռան:
- Փիղերը ունին մտածելու կարողութիւն եւ այս մէկը փաստուած է Թայլէնտի մէջ կատարուած՝ Փիղերու Բոլօ խաղին ընթացքին: Երբ փիղը տեսած է, որ մի քանի փորձէ ետք, իր տէրը չի կրնար հարուածել գնդակը, փիղը իր կնճիթով վերցուցած է գնդակը եւ տուած իր տիրոջ:
- Փիղերը հոգածու անասուններ են: Անոնք իրենց սէրը կ՛արտայայտեն փաթթուելով իրար ինչպէս նաեւ զիրար կ՛առաջնորդեն իրենց կնճիթներով:
- Փիղերը կ՛օգնեն իրարու: Հետաքրքրական է, որ երբ կրկէսի մը անհանգիստ փիղը ընկղմած է, բոլոր միւս թիղերը իրենց կնճիթներով փորձած են փրկել զինք, իսկ երբ բոլոր փորձերը ապարդիւն անցած են այլ փիղ մը իր ամբողջ գլուխը մխրճած է ջուրին մէջ եւ դուրս հրած ընկղմող փիղը: