Պետրոս Սիւնեցի
Պետրոս Սիւնեցի (անհայտ[1] - 558[1]), ապրած է Զ. դարու սկիզբը։ Կոչուած է քերթող, ինչ որ ապացոյց է թէ մաս կազմած է Յունաբան դպրոցի շարժումին։ Եղած է Սիւնեաց եպիսկոպոս, մասնակցած է Ներսէս Բ. Բագրեւանդացիի կազմած Դուինի Բ. ժողովին 554 թուին։
Պետրոս Սիւնեցի | |
---|---|
Ծնած է | անհայտ[1] |
Մահացած է | 558[1] |
Քաղաքացիութիւն | Հայկական մարզպանութիւն |
Մասնագիտութիւն | մատենագիր, թարգմանիչ, հոգեւորական |
Իր մասին Ստեփանոս Օրբէլեան շատ մեծ դրուատիքով կ'արտայայտուի.-
Ուստի Պետրոս Սիւնեցին եղած է լաւ պատրաստուած մատենագիր մը։
Ան կը համարուի Սրբոց Թարգմանչաց աստղահոյլէն մէկը՝ 36 մատենագիր կաթողիկոսներու, եպիսկոպոսներու, վարդապետներու ու միակ աշխարհական՝ Գրիգոր Մագիստրոսի կողքին, որոնք իբրեւ թարգմանիչ կամ ինքնագիր հեղինակներ՝ գործեցին եւ արդիւնաբերեցին Ե.-ԺԲ. դարերուն[2]:
Դժբախտաբար գրած գործերէն պատառիկներ միայն հասած են մեզի։ Միաբան Էջմիածնի մանրազննին խուզարկութենէ ետք, գտած են ներքեւ յիշուած գործերը։
Այս գործերը միաբանի կողմէ հրատարակուած են Էջմիածնի «Արարատ» ամսաթերթին մէջ, 1902-ին, (էջ 80-98 եւ 183-203)։
Գրական Յատկանիշները
ԽմբագրելԻր այս գործերուն մէջ Պետրոս Սիւնեցի ունի Յունաբան լեզու մը, բայց նուազ խաթարուած։ Անոնք իբրեւ կրօնական արտադրութիւններ ունին որոշ արժէք. մանաւանդ իր առաջին գործը «Գովեստ Աստուածածնի»
Պետրոս Սիւնեցիի կորսուած գործերուն մէջ ամենակարեւորն է իր պատմութիւնը, որմէ փոքր հատուած մը կը գտնուի աղուանից պատմութեան երկրորդ գրքի առաջին գլուխին մէջ։ Կաղանկատուացին այդ հատուածի հեղինակին անունը չի տար, մինչդեռ Ստեփանոս Օրբէլեան նոյն հատուածը մէջբերելով կը վերագրէ Պետրոս Սիւնեցիին։
Այս հատուածը որոշ գաղափար մը կու տայ այդ կորսուած գործի մասին, որ հաւանաբար նուիրուած պիտի ըլլար Սիւնեաց իշխաններու վրաց ժողովուրդներու վիպակներու հաւաքումին։ Այդ հատուածին մէջ կը պատմուի Սիւնեաց Բաբիկ իշխանի քաջագործութիւնը Շապուհ թագաւորի ժամանակ Դ. դարուն։ Այս գործը շատ կը յիշեցնէ Յովհան Եպս. Մամիկոնեանի Տարօնի պատերազմը, որ այս անգամ կը պատմէ Մամիկոնեան դիւցազուններու քաջագործութիւնները։
Գործերը
Խմբագրել- «Գովեստ Աստուածածնի» կամ «Ի Ծնունդն Քրիստոսի», ինչպէս Ստեփանոս Օրբէլեան կը կոչէ։
- «Հարցում Վաչականայ»։
- «Յաղագս հաւատոյ», որ հատուածական կերպով հասած է մեզի։
- «Ճառ Ծննդեան», որ նոյնպէս հատուծական կերպով հասած է։