Տարօնի հերոսամարտեր

Տարօնի հերոսամարտեր, Տարօնի շրջանին մէջ լարուածութիւնը ծայր առած էր 1915 թուականի Յունուարին։ Սասուն ապաստանած Ռուբէնն ու Կորիւնը կազմակերպեցին շրջանին ինքնապաշտպանութիւնը։ Մարտին Սասունը գրեթէ պաշարուած էր եւ դիմադրական կռիւներ սկսած էին տարբեր դիրքերու վրայ։ Մայիսին Մշոյ դաշտի գիւղերը պաշարուեցան քրտական զինեալներու եւ ոստիկաններու կողմէ, իսկ Յունիսին գիւղէ-գիւղ եւ Մուշ քաղաքին միջեւ կապն ու երթեւեկը խզուեցան։

Թրքական իշխանութիւնը մինչեւ Յուլիսի սկիզբը զինուորական խիստ պաշարումի տակ առաւ Մուշի հայկական թաղերը եւ թնդանօթներ զետեղեց շրջակայ դիրքերուն վրայ։ Կիրակի, 10 Յուլիսին թրքական զինուած հրոսակներ հայոց տուները մտնելով անխնայ սկսան սուրէ անցընել անոնց բնակիչները, կողոպտել ու հրդեհել տուները։ Յուսահատական այս կացութեան մէջ, վերի թաղի հայկական դիրքերէն կրակ բացուեցաւ ոստիկաններուն վրայ, եւ կռիւը սկսաւ։

Մուշի դիմադրական ուժերու հրաամնատար հռչակուեցաւ Հաճի Յակոբ Կոտոյեան, իսկ անոր օգնական՝ Տիգրան Մկրտիչեան։ Հայկական դիրքերէն պարպուած առաջին գնդակներուն հետ քաղաքի երեք կողմերուն զետեղուած թնդանօթները սկսան որոտալ հայկական թաղերուն ուղղութեամբ, մինչ թրքական զօրքն ու խուժանը սկսան յառաջանալ դէպի հայկական թաղերը, կատաղի դիմադրութեան հանդիպելէ եւ մեծ թիւով զոհեր տալէ ետք նահանջեցին։

Առաջին օրուան կռիւները գլխաւորաբար «Վերի թաղ»ին մէջ կեդրոնացած էին, որ քանի մը ժամուան ընթացքին սաստիկ ռմբակոծումներուն եւ հրդեհներուն պատճառով աւերակոյտի վերածուեցաւ։ Ամբողջ գիշերը շարունակուած անհաւասար կռիւէ ետք, յաջորդ օր, Յուլիս 12-ի կէսօրին, երբ այլեւս թնդանօթներու եւ հրդեհներու կրակին տակ դիմադրութիւնը շարունակել անկարելի էր, ժողովուրդին մեծամասնութիւնը «Ձորու թաղ» փոխադրուեցաւ, ուր կեդրոնացաւ վերջին դիմադրութիւնը։ Նոյն օրը, կէս գիշերին, մութէն օգտուելով, կռուող ուժերուն եւ ժողովուրդին մէկ մասը, Տիգրան Մկրտիչեանի գլխաւորութեամբ, անընդհատ կռուելով պաշարման շղթան պատռեցին, ցրուեցան շրջակայքը եւ կռիւը շարունակելով հասան Քանի լեռները։

Քաղաք մնացողները Հաճի Յակոբ Կոտոյեանի գլխաւորութեամբ Յուլիս 14-ին շարունակեցին կռիւը, եւ անհաւասար գօտեմարտին բոլորն ալ նահատակուեցան։ Մուշի կողքին, դաշտի կարգ մը գիւղեր առանձին-առանձին դիմադրութիւն կազմակերպեցին։ Ալիջանցիք չորս օր դիմադրեցին, բայց յետոյ ստիպուած ձգեցին գիւղը եւ քաշուեցան մօտակայ լեռները։ Աւրանցիք ամբողջ օր մը դիմադրեցին, որմէ ետք 12 օր կռիւը շարունակեցին մօտակայ անտառներուն մէջ ու լեռներուն վրայ։ Վարդենիսցիք տասնհինգ օր ամբողջ դիմադրեցին, մինչեւ որ հոն ապաստանած վեց հազար հայեր, Վարդենիսէն եւ շրջակայքէն, ռուսական բանակի նահանջէն ետք Արարատեան դաշտ անցան։

Սուրբ Կարապետի շրջանին մէջ Յուլիս 7-էն սկսած ինքնապաշտպանութեան կռիւները շարունակուեցան մինչեւ 1916 թուականի Յունուար. շատեր զոհուեցան իսկ ողջ մնացողները ռուսական բանակին միացան։

Հերոսական դիմադրութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Նեմրութի լանջերու պուրակներուն մէջ, ուր երեք հարիւր երիտասարդներ Ապրիլէն սկսեալ երեք ամիս շարունակ դիմադրեցին, մինչեւ որ ռուսական բանակը հասաւ եւ ազատեց զանոնք։