Ազգագրութիւն
Ազգագրութիւն (Էթնոգրաֆիա՝ յունարէն «ἔθνος» (ժողովուրդ) եւ «γράφω» (կը գրեմ), պատմագիտական գիտութիւն, որ կ՛ուսումնասիրէ ժողովուրդները , անոնց ծագումնաբանութիւնը, վերաբնակեցման վայրը, նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը, համայնքային առանձնայատկութիւնները, որոնցմէ են նաեւ կենցաղը, սովորոյթները, տեղաշարժները, ազգային առանձնայատկութիւնները եւ անոնց պատմամշակութային առնչութիւնները։ Ան սերտօրէն կապուած է պատմութեան, հնագիտութեան, ընկերաբանութեան, լեզուաբանութեան, մարդաբանութեան, բնագիտութեան, աշխարհագրութեան, եւ երաժշտութեան հետ,
Ուսումնասիրութեան առարկայ
ԽմբագրելԱզգագրութեան ուսումնասիրութեան հիմնական առարկան աշխարհի ժողովուրդներու, անոնց հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթի, պատմական զարգացման ուսումնասիրութիւնն է։ Կարեւոր նշանակութիւն ունի ծագումի՝ այս կամ այն ժողովուրդի ծագման պատմութեան, ընկերային հիմնարկներու կայացման ուսումնասիրութիւնը։ Մեծ ուշադրութիւն կը գրաւէ նաեւ միջժողովրդային յարաբերութիւններուն մէջ։
Ազգագրութիւն եւ Ազգաբանութիւն
ԽմբագրելԱյս երկու հասկացութիւններու ճակատագիրը հիմնականին մէջ որոշ պատմական պայմաններու տակ ուղղեկցուած է։ Այսպիսով, XVIII-XIX դարերուն, հիմնականին մէջ «ազգագրութիւն»ը կիրարկուած է («Էթնոգրաֆիա») հասկացութիւնը, մինչ արեւմտեան Եւրոպայի մէջ «Մարդաբանութիւն» («Անթրոպոլոգիա») եւ ազգաբանութիւն («էթնոլոգիա») հասկացութիւնները կը կիրարկուին[1][2]:
Նիքոլայ Խարուզինը (1865-1900) ազգագրութիւնը որպէս գիտութիւն սահմանած է, «որ կ'ուսումնասիրէ առանձին ցեղերու եւ ժողովուրդներու կենցաղը, կը ձգտի յայտնաբերել այն կանոնները, որոնցմով ընթացած է մարդկութեան զարգացումը՝ մշակոյթի ստորին աստիճաններէն սկսած»[3]: Կոչումը լայնօրէն սկսած է օգտագործուիլ 1920-1930-ական թուականներուն՝ հանդէս գալով որպէս ժողովուրդներու մասին գիտութիւն եւ պատմագիտական օժանդակ գիտակարգ։
«Ցեղային» հասկացութիւնը ազգագրութեան մէջ
ԽմբագրելԹերեւս XIX դարուն սկսած են առաջին փորձերը, բացատրելու համար, թէ ինչ կը նշանակեն «ցեղ», «ժողովուրդ» հասկացութիւնները։ Առաջիններէն մէկը փորձեց Ատոլֆ Բաստիանին։ Ան այն եզրակացութեան եկած է, որ ցեղային գոյութեան տեսակներ են ցեղը, ազգը, ցեղային խումբերը՝ որպէս ինքնաբաւ, ինքնաստեղծ կազմաւորումներ՝ ստեղծուած ցեղային ինքնագիտակցութեան վերարտադրման եւ ցեղային միասեռ ամուսնութիւններու ճանապարհով[4]: Այսպիսի բացատրութիւնը չէր կրնար հասկնալի դառնալ հետազօտողներուն կողմէ, քանի որ հաշուի չէին առնուիր տարբեր գործօններ, ինչպէս օրինակ՝ էթնոմշակութային եւ լեզուական նոյնութիւնները։ Էվոլյուցիանիստներու, ինչպէս նաեւ Գառլ Մարքսի եւ Ֆրիդրիխ Էնգելսի ազդեցութեամբ կը սկսի նոր տեսութիւն. էթնոսները՝ որոնք պատմութեան ընթացքին յառաջացած ընկերային խումբեր են։
Խորհրդային Միութեան մէջ նոյնպէս հետազօտութիւններ կատարուած են «ցեղ» հասկացութեան բնոյթի վերաբերեալ։ Տեսական հիմնական դրոյթներէն մէկը առաջադրած է Յուլիան Պրոմլէյը՝ առանձնացնելով «ցեղ» հասկացութիւնը՝ որպէս ցեղային իմաստով եւ ցեղը՝ որպէս ցեղայնական կազմութիւն[5]: Ըստ անոր՝ «ցեղերը եւ ցեղային կազմութիւնները ցեղային հանրոյթներու հիմնական տեսակներն են: Բայց անոր մարդկութեան ցեղային կառուցուածքը չսպառնար: Մեծ թիւով ցեղեր, յատկապէս մեծերը, յաճախ իրենք կազմուած կ՛ըլլան, այսպէս կոչուած ցեղային կամ ազգագրական խումբերէ: Այս հասկացողութիւնները ընդունուած են իբրեւ ցեղ անուանումով այն տարածական մասերը, որոնք խօսակցական լեզուի առնջուած են, մշակոյթի, կենցաղի տեղական առանձնայատկութեամբ, իրենց ինքնաանուանումը ունէին եւ այսպէս կոչուած երկակի ինքնագիտակցութիւնը: Ազգագրական խումբերը երբեմն էթնոսի ընկերային-կրօնական տարբերակման պատճառով ծագած են, ինչպէս նաեւ ցեղական տարածքի լայն ընդլայնման դէպք մը կատարուի, երբ ցեղի գաղթող մասերը բնական տարբեր միջավայր կ՛իյնան, դրացի տարբեր ցեղերու հետ եւ այլն»[6]:
Ժամանակակից ազգաբանութեան եւ ազգագրութեան մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի «ցեղ» հասկացութիւնը՝ որպէս լեզուական, մշակութային եւ յատկանիշերու համագումար, որ մէկ ընկերութիւնը կը տարբերի միւսէն։
Հետազօտական մեթոտներ
ԽմբագրելԻւրաքանչիւր գիտութիւն, որոնցմէ է՝ ազգագրութիւնը հետազօտութիւն իրականացնելու համար մշակուած հետազօտական միջոցներու, գործիքներու կիրառման կարիք ունի. խօսքը ձեւերու մասին է։ Ճիշդ ընտրուած ձեւը հանդէս կու գայ որպէս ինքնատիպ կողմնացոյց, որուն միջոցով հնարաւոր է ճշմարիտ լուծման հասնիլ՝ խուսափելով հնարաւոր սխալներէն։ Ֆրենսիս Բեկոն մեթոտը կը համեմատէր «ջահի հետ, որ մթութեան մէջ ճամբան կը լուսաւորէ»[7], իսկ օրինակ հոգեբան Լեւ Վիգոտսկին «մեթոտը կենդանի կազմուածքի եղած ոսկորներու հետ կը համեմատէ, որուն վրայ ամբողջ կազմուածքը կը պահուի»:
Հարկ է շեշտել, որ սկզբնական շրջանին գիտնականները դաշտային պատկեր, նկարագրման, քարտէսագրման մեթոտները եւ այլ բաներ կը նկարագրէին։ Ազգագրութիւն՝ գիտութեան ձեւաւորման եւ զարգացման հարցին մէջ կարեւոր ներդրում ունին զարգացման, բաժանմունգային, հանդիսակատարութեան, ամերիկեան մարդաբանական դպրոցները, որոնց շնորհիւ շարք մը մեթոտներ եւ գիտական մօտեցումներ հիմնուեցան։ Այսպէս օրինակ զարգացման եւ բաժանմունքի դպրոցներու կողմէ պատմահամեմատական մեթոտը նշանակուեցաւ, որ չնայած այսօր գրեթէ չի կիրարկուիր։ Մշակոյթի ուսումնասիրութեան մօտեցումներ եւ օրինաչափութիւններ նշանակուեցան, առաջ քաշուեցաւ վերապրման մեթոտը, իսկ աւելի ուշ ի յայտ եկան համալիր հետազօտութեան մեթոտները եւ մշակութային անհատականացման մօտեցումները։ Խորհրդային ազգագրութեան մէջ մեծ տեղ կը յատկացուի դաշտային ազգագրական նիւթերու՝ ԴԱՆ-ի հաւաքմանը եւ նկարագրմանը, որոնք հետեւեալ կերպով կը սահմանուէին. ԴԱՆ-ը իրականութենէն, ճշգրիտ բանասացներու գրառած նիւթերն են, որոնք ազգագրագէտներու մօտ յայտնի է նաեւ «դաշտին մէջ աշխատանք» անունով[8]:
Ժամանակակից ազգագրութեան գիտական վերլուծութեան համար կ՛օգտագործուին հին շրջանի ազգագրագէտներու հետազօտութիւնները, նկարագրութիւնները, ճանապարհորդական նամակները, բանահիւսական եւ գեղարուեստական թեքստերը, զարգացումը եւ հանդիսակատարութեան հետազօտութիւնները, պաշտօնական, պատմա-քաղաքական նշանակութեան փաստաթուղթերը։ Աւելի եւս կարեւոր էին իրականացուած դիտարկումները։ Նման բազմազան նիւթերու մշակումը եւ վերլուծութիւնը տարբեր մեթոտներու կիրառում կը պահանջէ[9]:
Ազգագրութեան հիմնական մեթոտը ժողովուրդներու եւ կեանքի ուղղակի դիտարկումը կը հանդիսանայ, անոնց վերաբնակեցումը, մշակութային եւ պատմական փոխյարաբերութիւնները եւ անոնց հետագայ վերլուծութիւնը։ Քանի որ ազգագրութիւնը կ՛ուսումնասիրէ ոչ միայն ժամանակակից ազգերու գոյութիւն ունենալը, այլեւ անոնց պատմական եւ մշակութային զարգացումը, զարգացման եւ պատմութեան մէջ անոնց սոցիալական հիմնարկ դառնալը, ապա պէտք է ըսել, որ նաեւ գրաւոր եւ նիւթական աղբիւրները կ՛օգտագործուին։ Ազգագրական հետազօտութիւններու կարեւորութիւնը այն է, որ հետազօտական տարածքին մէջ կը հաստատուի եւ կ'անուանուի ազգագրական դաշտային հետազօտութիւններ[10]:
Դաշտային ազգագրութիւն՝ հետազօտութիւն է, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող ազգերու շրջանին մէջ է՝ նպատակ ունենալով՝ հաւաքագրելու ազգագրական առաջնային տուեալներ աւանդական-կենցաղային մշակոյթի եւ անոր՝ որպէս որոշակի համակարգի, գործառնութեան առանձին կառուցուածքային բաղադրիչներու մասին[9]:
Կ'առանձնանան դաշտային ազգագրական հետազօտութիւններու երկու տեսակներ.
- թղթեղէն.- Այս պարագային ազգագրագէտը երկար ուսումնասիրող ազգի մէջ կ'ապրի, աւելի մանրամասն կը ծանօթանայ անոր նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթին։
- ցուցադրութիւն.- Այս մէկը աւելի լայն տարածում ունեցող տեսակն է, որ թոյլ կու տայ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին նիւթեր հաւաքել ազգերու գոյութեան, հագուստի, բնակավայրի մասին[11]:
Դաշտային ազգագրական հետազօտութիւններուն մէջ ազգագրական մեթոտներու մէկ ամբողջական համակարգ կ՛օգտագործուի, ինչպէս օրինակ՝ դիտման, հարցազրոյցի, հարցման, հարցաթերթային մեթոտները[12]:
- Դիտման մեթոտ. մշակութային իրավիճակի նկարագրումը կ՛ենթադրուի, ապա լուսանկարի կամ տեսանկարահանման միջոցով։ Որոշ դէպքերու ընթացքին, հետազօտողը եւս կրնայ մշակութային գործունէութեան մասնակցիլ եւ ներսէն ուսումնասիրել մշակութային բներեւոյթը, չնայած որ այս պարագային հետազօտողը դիտման մեթոտէն մասնակցային մեթոտին կ'անցնի։ Դիտման մեթոտը ազգագրական հետազօտութեան անբաժանելի մասն է, քանի որ ան հնարաւորութիւն կու տայ հարցուողներու խօսքային վարքին զուգահեռ նաեւ հետազօտել անոնց ոչ խօսքային վարքը, ենթամշակոյթը, թաքնուած դրդապատճառները, վարքային իւրօրինակ ձեւերը։
- Հարցման մեթոտ. հարցման երկու եղանակ կ'առանձնացնէ՝ կիսակառուցուածքաւորուած եւ կառուցուածքաւորուած։ Վերջինին պարագային, հարցազրուցավարը հարցումը կը հարցնէ նախապէս պատրաստած հարցաշարի միջոցով, իսկ կիսաձեւակերպուած հարցման ընթացքին՝ հարցաշարը կը բացակայի։ Հարցազրոյցները նաեւ շարադրական կ՛ըլլան, խորքային եւ այլն։
- Հարցաթերթային մեթոտ. փակ՝ յստակ պատասխաններ ակնկալող, եւ բաց հարցերէ բաղկացած հարցաշար։ Նման հարցաթերթերը կրնան փոստային կամ հեռախօսային կապի միջոցով ըլլալ։
- Նկարագրման մեթոտ. երբ հետազօտողը կը վերստեղծէ իր տեսած պատկերը։
- Տիպաբանման մեթոտ. հետազօտողը, վերլուծելով հաւաքագրուած ամբողջ նիւթը, կը փորձէ տեսակաւորել՝ ըստ որոշակի առանձնայատկութիւններու, օրինաչափութիւններու։
- Խաչամշակութային համեմատական մեթոտ. որ համեմատութեան միջոցով միտուած է համեմատական միջոցով վեր հանելու տարբեր մշակոյթներու նմանութիւններն ու տարբերութիւնները։
- Քարտէսագրման մեթոտ։
- Քանակական վերլուծութեան թուաբանութեան մեթոտներ. այս մեթոտը կը կիրարկուի զանգուծային հարցումներու արդիւնքները վերլուծելու համար։
- Փաստաթուղթերու վերլուծութեան մեթոտ. իրմէ կը ներկայացուի թեքստի ներքին եւ արտաքին բովանդակութեան որակական վերլուծութիւն։ Կ'առանձնացուին փաստաթուղթերու տարբեր տեսակներ, օրինակ նամակներ, ինքնակենսագրութիւններ, արխիւային նիւթեր, գիտական գրականութիւն[13][14][15]:
Կարելի է առանձնացնել ազգագրական հետազօտութեան երեք հիմնական բաժիններ.
- Ամբողջական ազգագրական հետազօտութիւն, որուն ժամանակ հետազօտողը կը ձգտի ուսումնասիրել մշակութային համալիրը իր ամբողջութեամբ։
- Շարադասական ուղղուածութեամբ ազգագրական հետազօտութիւն, որու ժամանակ հետազօտողը հետքաքրքրութեան ոլորտը կը նեղացնէ եւ մշակութային երեւոյթի ճշգրիտ կերպարանքի վրայ կը կեդրոնանայ։
- Վարկածներու մշակմանն ուղղուած ազգագրական հետազօտութիւն, որու ժամանակ հետազօտողը կը բացայայտէ այս կամ այն մշակութային փորձառութիւնները[16][17]:
Հետազօտութեան ընթացակարգ
ԽմբագրելԱզգագրական հետազօտութիւնը կ՛ընթանայ նախապէս սահմանուած փուլերով։ Առաջին փուլին մէջ հետազօտական խնդիրը կը սահմանուի։ Երկրորդ փուլին մէջ հետազօտական գործիքները եւ մեթոտները կ'որոշուին։ Երրորդ փուլին մէջ արդէն սահմանուած մեթոտներով բուն հետազօտութիւնը կ'իրականացուի։ Ազգագրական հարցազրոյցներու ժամանակ երեք տեսակի հարցեր կը տրուին՝ նկարագրական, կառուցուածքային եւ հակադիր։ Չորրորդ փուլին մէջ հաւաքուած նիւթերը եւ կատարուած դիտարկումները վերլուծութեան կ'ենթարկուին։
Արդիւնքներու վերլուծութիւն
ԽմբագրելԱզգագրական հետազօտութիւններու արդիւնքներու վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է մանրամասնուած գրառումներ կամ սղագրութիւններ ունենալ։ Գրառումները որպէս կանոն պէտք է տեղեկութիւններ պարունակեն.
- Դիտարկման վայրի ամսաթիւի եւ ժամի մասին,
- Նշանակալի դէպքերու մանրամասներ,
- Զգայական տպաւորութիւններու (ձայն, հոտ, համ եւ այլն)։
Ըստ Հ. Ուոլքոթի՝ ազգագրական հետազօտութիւնը պէտք է վերլուծութեան երեք մակարդակներէ անցնի.
Պատմութիւն
ԽմբագրելՄիջգիտական շրջան
ԽմբագրելԹերեւս Հին Եգիպտոսի մէջ գոյութիւն ունէին ազգագրական հետազօտութիւններ, որոնց մէջ դրացի ազգերը կը նկարագրուէին։ Աւելի ուշ դիտարկումներ ի յայտ կու գան Միջագետքէն եւ վաղ աստուածաշնչեան թեքստերու հետազօտութիւններ[21]:
Ազգագրական հարուստ տեղեկութիւններ կը ստանանք Հռոմէական կայսրութեան ժամանակաշրջանէն. Ստրապոն, Դեմոկրիտ, Հիփոկրատ, որ ազգերու տարբերութիւնները կը նկարագրեն՝ պայմանաւորուած աշխարհագրական տարածքով։
Շատ կարեւոր աշխատանք կատարած է Յուլիոս Կեսարը, ինչպէս օրինակ՝ Գալլական պատերազմի մասին գրառումներու մէջ զօրավարը, դիտարկելով կելտերի ռազմական երկբայականութիւնը, գերմանական ցեղերու հետ կը համեմատէ[22]:
Ազգագրական հարուստ նիւթ հաւաքագրած է հռոմէացի պատմաբան Կոռնելիոս Տացիտը։ Արդէն իր վաղ աշխատանքներուն մէջ ան կը փորձէ համակարգել տեսածը՝ օրինակ՝ ե՞րբ, ուրկէ՞ ծագած են Անգլիոյ ժողովուրդները, ինչո՞վ կը բացատրուի անոնց պատմա-ազգագրական բազմազանութիւնը։ Առաւելապէս կարեւոր է «Գերմանացիներու ծագման եւ Գերմանիոյ տեղադրութեան մասին» աշխատութիւնը[23]:
Հռոմէական կայսրութեան անկումէն (476) ետք Բիւզանդիոնը գիտութեան կեդրոն կը դառնայ։ Այս շրջանը այնպիսի հեղինակներով յայտնի է, որոնցմէ են Պրոկոպիոս Կեսարացին, որ բաւական տեղեկութիւններ հաղորդած է սլաւոններու մասին՝ նկարագրելով անոնց մշակոյթը, արտաքին տեսքը, կենցաղը[24], Աննա Կոմնինը եւ այլք:
Գիտութեան զարգացման համար մեծ նշանակութիւն ունէին խաչակիրներու նկարագրութիւնները, ինչպէս նաեւ միջնադարեան, արեւմտեան Եւրոպայի ժամանակագրութիւնները։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Тишков В.А. Реквием по этносу: Исследования по социально-культурной антропологии. М.: Наука. 2003. — 544 с.
- ↑ Бузин В.С. От автора // Этнография русских: Учебное пособие / Под ред. В.И. Седых; Л.С. Лаврентьева.. — СПб.: Изд-во С.-Петерб. ун-та, 2009. — С. 3-5. — 421 с.
- ↑ Андрей Головнев. Парадоксы народоведения
- ↑ Беркович, Н. А. Племя, народность, нация (социально-философское исследование): автореф. дис. д-ра филос. наук : 09.00.11 / Н.А. Беркович ; СПбГУ. - Санкт-Петербург : [б. и.], 2002. - 40 с.
- ↑ Бромлей Ю. К. К вопросу о сущности этноса // «Советская этнография». 1970.
- ↑ Этнография Учебник/Под ред. Ю.В. Бромлея и Г.Е. Маркова. М.: Высш. школа, 1982. — 320 с.
- ↑ Н.В. Рябоконь. Философия УМК. Философия Нового времени. Проблема метода и субстанции в философских воззрениях Ф. Бэкона и Р. Декарта - Минск.: Изд-во МИУ, 2009
- ↑ Зорин А., Основы этнографии учебное пособие, Астана, 1994.
- ↑ 9,0 9,1 Громов Г. Методика этнографических экспедиций. — М.: МГУ, 1966 стр.10-12
- ↑ Этнография //Большая советская энциклопедия /Гл. ред. Б. А. Введенский. 2-е изд. М.: Гос. науч. из-во «БСЭ», 1955. Т. 49. С. 249—255.
- ↑ Татарова Г.Г. Методология анализа данных в социологии (введение) / Учебник для вузов. — М.: NOTA BENE, 1999. — 224 с.
- ↑ Садохин А., Этнология, Москва, 1987.
- ↑ Винер Б. Е. Этничность: В поисках парадигмы изучения // ЭО. 1998. №4.
- ↑ Арутюнов С. А., Мркарян Э. С., Мкртумян Ю. П. Проблемы исследования культуры жизнеобеспечения этноса // СЭ. 1983. №2.
- ↑ Алексеев В. П., Бромлей Ю. В. К изучению роли переселения народов в формировании этнических общностей // СЭ. 1968. N9 2.
- ↑ Сорокин Π.Α. Общедоступный учебник социологии. Статьи разных лет / Ин-т социологии. - М.: Наука, 1994. — 560 с.
- ↑ Девятко И.Ф. Диагностическая процедура в социологии. Очерк истории и теории. — М.: Наука, 1993. — 175 с.
- ↑ Э.П.Андреев, Г.В.Осипов. Методы измерения в социологии. Москва: Наука, 1977
- ↑ Ядов В.А. Социологическое исследование: методология, программа,методы
- ↑ Крыштановский, А. О. Анализ социологических данных с помощью пакета SPSS [Текст]: учеб. пособие для вузов / А. О. Крыштановский; Гос. ун-т — Высшая школа экономики. — М. : Изд. дом ГУ ВШЭ, 2006. — 281, [3] с. — (Учебники Высшей школы экономики). — Прил.: с. 225— 281. — 2000 экз. — ISBN 5-7598-0373-5 (в пер.)
- ↑ С. А. Токарев. Истоки этнографической науки. М.: 1978 стр.15-1
- ↑ Записки Юлия Цезаря и его продолжателей (Перевод и редакция М. М. Покровского) М.: 1948
- ↑ Модестов В. И. Тацит и его сочинения. Историко-литературное исследование. СПб, 1864
- ↑ Прокопий Кесарийский. Война с персами. Война с вандалами. Тайная история. / Пер., ст., комм. А. А. Чекаловой. Отв. ред. Г. Г. Литаврин. (Серия «Памятники исторической мысли»). М.: Наука, 1993. 576 стр
Գրականութիւն
Խմբագրել- Johann Georg Adam Forster Voyage round the World in His Britannic Majesty’s Sloop, Resolution, Commanded by Capt. James Cook, during the Years 1772, 3, 4, and 5 (2 vols), London (1777)
- Lévi-Strauss, Claude, The Elementary Structurs of Kinship, (1949), Structural Anthropology' (1958)
- Mauss, Marcel, originally published as Essai sur le don. Forme et raison de l'échange dans les sociétés archaïques in 1925, this classic text on gift economy appears in the English edition as The Gift: The Form and Reason for Exchange in Archaic Societies
- Maybury-Lewis, David, Akwe-Shavante society. (1967), The Politics of Ethnicity: Indigenous Peoples in Latin American States (2003)
- Clastres, Pierre, Society Against the State (1974).
- Садохин А. П., Грушевицкая Т. Г. Этнология: Учебник для студ. высш. учеб. заведений. - 2-е изд., перераб. и доп. — М.: Издательский центр "Академия", 2003.
- Тавадов Г. Т. Этнология: Учебник для вузов. — М.: Проект, 2004.
- Алтухов В. Л. Многомерный мир третьего тысячелетия // МЭМО. 2000. №7.
- Андрианов Б. В. Проблемы формирования народностей и наций в странах Африки // ВИ. 1967. №9.
- Андрианов Б. В. Специфика формирования африканских наций : (На примере Кении) // PH. М., 1977. Вып. 7.
- Андрианов Б. В., Исмагилова Р. Н. Этносы и этнические процессы в Африке // СЭ. 1979. №5. С. 28.
- Андрианов Б, В. Иерархия этносов и племенные структуры в Африке // PH. М., 1988. Вып. 18.
- Андрианова Т. В., Уваров А. И. Глобальное мировоззрение. М., 2000.
- Арский И. В. Вопрос о формировании национальностей в Западной Европе // Учен. зап. ЛГУ. Сер. истории. Л., 1941. Вып. 12.
- Абдулатипов Р. Г. Авторитет разума. М., 1999.
- Агаев А. Г. К вопросу о теории народности. Махачкала, 1965.
- Агаев А. Г. Судьбы народностей. М., 1978.
- Агаев А. Г. Теория наций в тисках схоластического догматизма // Социально-политические науки. 1990. № 10.
- Акимова О. А. Развитие средневековых представлений о происхождении хорватов // Этнические процессы в Центральной и Юго-Восточной Европе. М., 1988.
- Аксякова Г. А. Родится ли в споре истина? // ЭО. 1992. №4.
- Кабо В. Р. Первобытная доземледельческая община. М., 1986.
- Каммари М.Д. Создание и развитие И. В. Сталиным марксистской теории нации // ВИ. 1949. №12.
- Каммари М.Д. Гениальный вклад в теорию национального вопроса: (О трудах И. В. Сталина «Марксизм и национальный вопрос» и «Национальный вопрос и ленинизм») // Философские записки. М., 1950. Т. 4.