Հոգեբանը հոգեբանական կրթութեամբ անհատն է, ով կ՛իրականացնէ հետազօտական եւ գործնական մասնագիտական գործունէութիւն հոգեկան առողջութեան (հոգեբանական խորհրդատուութիւն, հոգեթեպերիա եւ այլն) եւ հոգեբանութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ (իրաւաբանական, կազմակերպչական եւ այլն)[1][2][3]։

Մասնագիտութեան ներածութիւն

Խմբագրել

Անհրաժեշտ է տարբերել հոգեբանին հոգեբուժէն (տես՝ Հոգեբուժութիւն), ով բարձրագոյն բժշկական մասնագիտութիւն ունեցող անձն է եւ ով հիմնականին գործ ունի հոգեկան շեղումներ եւ խանգարումներ ունեցող մարդկանց հետ, կ՛իրականացնէ բուժում դեղամիջոցներու օգնութեամբ, եւ հոգեթերապեւտէ (Հոգեթերապիա), ով կ՛իրականացնէ զանազան հոգեբանական խնդիրներու, ինչպէս նաեւ հոգեկան եւ վարքային խանգարումներու բուժումը՝ հոգեթերապիայի միջոցով (երբեմն դեղորայքային բուժման զուգահեռ)[1][3][4]։

Հոգեբան-խորհրդատուի արժէհամակարգ

Խմբագրել

Հոգեբան-խորհրդատուի արժէհամակարգը կը համարուի խորհրդատուութեան առանցքային նախադրեալը։ Հոգեբանը պէտք է անկողմնակալ ըլլայ, պէտք չէ խորհրդատուութեան գործընթացի մէջ դնէ իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը եւ արժէհամակարգը։ Ան պարտաւոր է ամբողջութեամբ կեդրոնանալ այցելուի արժէքներու վրայ։ Ս.Պատտէրսոնը կու տա շարք մը պատճառներ, թէ ինչու հոգեբանը պէտք է խուսափի ազդեցութիւն ունենալ այցելուի արժէքներու վրայ.

  • Իւրաքանչիւր անհատի կեանքի փիլիսոփայութիւնը հազուագիւտ է եւ ցանկալի չէ այն փաթաթել մէկ ուրիշին։
  • Ոչ մէն հոգեբան չի կրնար պնդել, որ ինք ունի միանգամայն զարգացած կեանքի փորձ։
  • Արժէքներու իւրացման աւելի նպատակայարմար վայրերն են ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին եւ ոչ թէ հոգեբանի սենեակը։
  • Անձը սեփական բարոյական համակարգը կը զարգացնէ՝ օգտուելով ոչ թէ մէկ աղբիւրէ եւ մէկ օրէ, այլ որոշակի ժամանակահատուածի մէջ, կենսական գործօններու ազդեցութեան տակ։
  • Ոչ ոք կրնայ խանգարել այլ մարդու կեանքի փիլիսոփայութեան առաջացումը, որ, ըստ անոր, ամենաիմաստաւորուածն է։
  • Այցելուն իրաւունք ունի չընդունել այլ մարդու բարոյական սկզբունքներն ու կեանքի փիլիսոփայութիւնը։
  • Հոգեբանը պէտք է յստակ իմանայ իր արժանիքները, ի ցոյց դնէ այցելուի առաջ եւ չխուսափի արժէքային բանավէճերէ, քանի որ շարք մը խնդիրներ թաքնուած են այցելուի արժէքային ձգտումներուն կամ ալ անոնց կողմէ սեփական արժէհամակարգի չհասկացման մէջ։

Ասոնք են այն ոլորտները, որտեղ կարեւոր է խորհրդատուի դիրքորոշումը, ընտանիքն է, սեռական յարաբերութիւնը, կրօնը եւ այլն։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 Вачков И.В., Гриншпун И.Б., Пряжников Н.С. Введение в профессию психолог. — Изд-во: МОДЭК, МПСИ, 2007.
  2. Годфруа Ж. Что такое психология. Т.1. М.: Мир, 1992.
  3. 3,0 3,1 «Psychologists : Occupational Outlook Handbook: : U.S. Bureau of Labor Statistics»։ www.bls.gov 
  4. «Psychology Careers Guide»։ http://www.apa.org 

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել