Հոգեբուժութիւն
Հոգեբուժութիւն (յուն.՝ ψυχή}}-հոգի եւ ιατρός- բժիշկ), բժշկական գիտակարգ, կ'ուսումնասիրէ հոգեկան հիւանդութիւններու պատճառները, էութիւնը, դրսեւորման ձեւերը, ընթացքը, բուժման եւ կանխարգիլման միջոցները, հիւանդներուն օգնութիւն կազմակերպելու համակարգը:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԴարեր շարունակ հոգեկան հիւանդութիւնները դիտուած են որպէս գերբնական ուժերու ծնունդ, համարուած աստծոյ պատիժի կամ ողորմածութեան դրսեւորում: Անով ալ պայմանաւորուած է հոգեկան հիւանդներու նկատմամբ հասարակութեան վերաբերմունքը: Այսպէս, գրգռուած անձանց համարած են աստծոյ կողմէ պատժուած, անոնց նկատմամբ ցուցաբերած բացասական վերաբերմունք եւ յաճախ ալ ֆիզիքական հաշուէյարդար տեսած, իսկ լռակեաց, ինքնամփոփ հիւանդները համարուած են աստծոյ կողմէ սիրուած` արժանանալով հոգատար վերաբերմունքի:
Հոգեկան հիւանդութիւններու մասին տեղեկութիւններ պարունակող հնագոյն աղբիւրներէն են եգիպտական փափիրուսները, չինական եւ հնդկական սուրբ գիրքերը, Աստուածաշունչը եւ այլն: Հոգեկան հիւանդութիւններու բուժմամբ զբաղած են քուրմերը. անոնց մէկ մասը հիւանդներուն քնացնելու եւ քունի ընթացքին տեսած երազներու միջոցով որոշած է հիւանդութեան բնոյթը եւ անոր բուժման միջոցները, միւսները հիւանդներու մարմինէն «դուրս մղած են» չար ուժերը, սատանաները եւ այլն:
Ապրելով հին յունական մշակոյթի ծաղկման ժամանակաշրջանին մէջ (V դար)` Հիփոքրաթը ցոյց կու տայ էփիլեփսիայի ընդհանուր կապը հոգեկան հիւանդութիւններու հետ, նշած է մանիայի, մելամաղձութեան մասին: Ան հաստատած է նաեւ, որ հոգեկան հիւանդութիւնները ուղեղի ախտահարման արդիւնք են, որոնց ախտածագման մէջ կարեւոր դեր ունին ժառանգականութիւնը, ֆիզիքական եւ հոգեկան զգացմունքներու արտայայտութիւնները (յուզմունք, վախ, ծննդաբերութիւն եւ այլն), թունաւորումները, ծերունական հասակը: Ան կը գտնէր, որ այդ հիւանդութիւնները բուժելի են, այդ իսկ պատճառով կ'առաջարկէր պահպանել հանգիստի վիճակ, համապատասխան սննդակարգ, ընդունիլ լոգանքներ, թուլացնող եւ փսխեցուցիչ միջոցներ: Հին Հռոմի մէջ բժշկութեան բուռն զարգացման ժամանակաշրջանին հոգեբուժութեան ասպարէզին մէջ գիտական միտքը Հիփոքրաթի ուսումնասիրութիւններէն այն կողմ չանցաւ: Նոյնիսկ յունա-հռոմէական բժշկութեան ականաւոր ներկայացուցիչ Գալենը (II դար) էական ազդեցութիւն չունեցաւ հոգեկան հիւանդութիւններու ուսմունքին վրայ:[1]
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ մ.ԱՅ. Մելիք-փաշայեան, Վ.Հ. Յովհաննիսեան (1994)։ հոգեբուժութիւն։ երեւան: «լոյսէ պետական հրատարակչութիւն։ ISBN 5-545-01255-9