Մարդաբանութիւն, մարդ արարածը ուսումնասիրող գիտակարգ։ Բառին լայն իմաստով, մինչեւ 19-րդ կէսերը, նիւթ առած է գլխաւորաբար մարդ արարածի ֆիզիքական կազմութիւնը։ Ընկերաբանութեան, տնտեսագիտութեան եւ կենդանաբանութեան զարգացումով, մարդաբանութիւնը կը կորսնցնէ իր ուսումնասիրութեան ասպարէզները, իսկ 20-րդ դարու ծինաբանական գիտութիւններու զարգացումէն ետք, նաեւ կը կորսնցնէ ֆիզիքական կազմութեան ուսումնասիրութեան խնդիրը։[1] Մարդաբանութեան բուն նպատակն է, հասկնալ թէ որո՞նք են մարդ արարածին բնորոշ յատկանիշները։[2]

Մարդաբանութեան խնդիրներէն է հասկնալ թէ ինչպէս իրարմէ կը տարբերին մարդկային խմբաւորումները։ Օրինակ, բոլոր մարդիկ պէտք ունին ուտելու, սակայն մարդիկ իրարմէ տարբեր ձեւերով կը գոհացնեն այս մարդկային կարիքը։ Ուրեմն մարդաբանները կ՚ուսումնասիրեն թէ ինչպէս զանազան մարդկային խմբաւորումներ կը գտնեն, կը պատրաստեն եւ կը բաժնեկցին իրենց ուտելիքը։[3]

Արդի մարդաբանութեան ենթա-գիտակարգերը կը նկատուին մշակութային մարդաբանութիւնը, հնագիտութիւնը, կենսաբանական մարդաբանութիւնը եւ լեզուաբանութիւնը։[4] Կան նաեւ աւելի փոքր ենթա-գիտակարգեր, օրինակ արուեստի մարդաբանութիւն, հետախուզական մարդաբանութիւն, տեսողական մարդաբանութիւն, բժշկագիտական մարդաբանութիւն, եւ շատ աւելի այլ տեսակներ։

Մշակութային մարդաբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ մարդ արարածին զանազան մշակութային երեսակները, եւ ընդհանրապէս մարդկային մշակոյթի զանազանութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, մարդաբանութիւնը թէ՛ կ՚ուսումնասիրէ նախնական ընկերութիւնները եւ անոնց անհատները եւ թէ՛ զարգացած ընկերութիւնները եւ անոնց անհատները։[1]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 The concise Oxford dictionary of politics.։ McLean, Iain., McMillan, Alistair. (2nd ed., New ed. հրտրկթն․)։ Oxford: Oxford University Press։ 2003։ ISBN 0-19-280276-3։ OCLC 52324578 
  2. «What is Anthropology?»։ www.discoveranthropology.org.uk։ արտագրուած է՝ 2020-05-18 
  3. «What is Anthropology? - Advance Your Career»։ www.americananthro.org։ արտագրուած է՝ 2020-05-18 
  4. «Anthropology - an overview | ScienceDirect Topics»։ www.sciencedirect.com։ արտագրուած է՝ 2020-05-18