Խաղող
Խաղող | ||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Գիտական դասակարգութիւն | ||||||||
|
||||||||
Լատիներէն անուանում | ||||||||
Vítis
L. 1753
| ||||||||
|
Խաղող[1] (լատիներէն՝ Vítis ), խաղողազգիներու[2] ընտանիքի բոյսերու ցեղ, իսկ՝ անոր ողկոյզները հասած վիճակին մէջ, քաղցր հատապտուղներ են։ Խաղողին հայրենիքը Առաջաւոր Ասիան է։
Շուրջ 70 տեսակի խաղող գոյութիւն ունի աշխարհի տարածքին։
Բուսաբանական Նկարագիր
ԽմբագրելԽաղողին մատները կ'անուանեն խաղողի վազ։ Խաղողին սերմը ծլելէն ետք, առաջին տարին փոքր «մատ» մը կու տայ։ Անոր տերեւներուն բողբոջներէն միւս տարին նոր երկար, լաւ զարգացած «մատներ» կ'աճին, այնուհետեւ յաջորդ տարին, իւրաքանչիւր բողբոջը աւելի նուազ «մատներ» կու տայ, որոնք աշնան կը չորնան մինչեւ՝ իրենց բողբոջը, այնպէս որ այդ մատէն կը մնայ միայն ստորին՝ հանգոյցը «կարճ մատ»ը։ Կարճ մատին միակ բողբոջը միւս աճողական շրջանին կը զարգանայ եւ կը դառնայ հզօր երկար «մատներ», որոնցմէ դարձեալ «կարճ մատներ» կ'աճին։ «Երկար մատները» կը ծաղկին եւ բերք կու տան, իսկ կարճերը՝ ոչ։ Մշակաբոյսին մօտ՝ «մատներու» երկար ու կարճ հերթափոխումը չի նկատուիր շնորհիւ՝ խաղողին կարճ հատման եւ անիկա կը ծաղկի ու բերք կու տայ ամէն տարի։
Ծաղիկները մանր են եւ ծաղկաբոյլ մը կը կազմեն (բարդ վրձին):
Կախուած՝ կը ծաղկի արական եւ իգական մասնաբաժինէն՝ անոնց զարգացածութեան աստիճանէն կ'առանձնացուին ծաղիկներու հետեւեալ երեք տեսակները.
- իսկական-իգական,
- արական,
- երկսեռ։
Խաղողին վերջին երեք տեսակները հիմնականն են։ Երկսեռ տեսակի ծաղիկը յատկանշական է ընտանի տեսակներու համար։
Խաղողին պտուղները գնդիկանման կամ ձուանման հատապտուղներ են, որոնք կը կազմեն քիչ կամ շատ ցանցառ (սակաւ խիտ) ողկոյզներ։ Հատապտուղներու գունաւորումը տեսակէն կախեալ է (դեղին, կանաչաւուն, մութ-կապոյտ, մանիշակագոյն, սեւ եւ այլն)։
Բուսաբանական Դասակարգում
ԽմբագրելVitis ցեղը ներկայացուած է 70 տեսակով եւ կը բաժնուի երկու ենթացեղի՝ Euvitis Planch եւ Muscadinia Planch։ Euvitis Planch ենթացեղին կը պատկանի 68 տեսակ, որոնք կը բաժնուին երեք խումբի.
Վաւիլով առանձնացուցած է խաղողի ծագման եւ անոր մշակաբոյս դարձնելու հետեւեալ հիմնական կեդրոնները՝
- միջինասիական, որ կը ներառէ Հիւսիս-Արեւմտեան Հնդկաստան, Աֆղանիստան, Թաճիկիստան, Ուզպեքիստան, Արեւմտեան Թեան-Շան:
- Առաջաւոր-ասիական, որ կը ներառէ ներքին Փոքր Ասիան, Անդրկովկասը, Իրանը եւ Թուրքմենիստանի լեռնային մասը։ Այս տարածաշրջանին մէջ, խաղողը ներկայացուած է ընտանի եւ վայրի տեսակներու հսկայ բազմազանութեամբ։
Օգտագործում
ԽմբագրելԳիտական բժշկութիւնը խաղողը կ'օգտագործէ ախորժակի կորուստի, նիւթափոխանակութեան անկման, նեարդային համակարգի հիւծուածութեան, ուժասպառութեան եւ թոքախտի պարագաներուն։
Խաղողէն կը ստանան «նաթուրոզա դեղամիջոցը», որ կ'օգտագործուի ներերակային սրսկումներու ձեւով արեան կորուստի, ընկճախտի եւ կաթուածի պարագաներուն։
Խաղողով կը պատրաստուի թարմ եւ վերամշակուած՝ գինի, քոնեակ, անուշ, խաղողահիւթ, ռուպ, մրգանուշ, չամիչ, թթուաջուր, ընկոյզի միջուկով երշիկ եւ այլն։
Գինեգործութեան մնացորդներէն կը ստանան ոգելից ըմպելի, քացախ, գինեքարային թթու, գինեքար, տնկաղ, սերմերէն՝ թանկարժէք ճարտարագիտական եւ սննդային իւղ, եւ այլն։
Տերեւները եւս կ'օգտագործուին թափօններէն ու որթատունկերէն հեռացուող զանգուածը՝ իբրեւ անասնակեր։
Խաղողին տունկը ցուրտին չի դիմանար, այդ պատճառով ալ կարգ մը շրջաններու մէջ, օրինակ՝ Արարատեան դաշտի մէջ, ուշ աշնան կը ծածկեն հողով (այգեթաղ)։
Յատկանիշներ
ԽմբագրելԽաղողը, շաքարի իր հարստութիւնը կը պարտի ամառուան արեւին, որուն ճառագայթներուն ազդեցութեան տակ իր պարունակած բնածուխն (carbone) ու ջրաշոգին կը բաղադրուին իրարու հետ եւ կը վերածուին «կլիւքոզ»ի (շաքար)[3]:
Ինչպէս մեքենաները վառելանիւթի՝ այնպէս ալ մարդկային մարմինին մկանները պէտք ունին ջերմուժի (քալորի), սնանելու եւ աշխատելու համար: Խաղողին պարունակած դիւրամարսելի շաքարը ջերմուժի հիանալի աղբիւր մըն է: Կէս քիլօ խաղողը 375 միաւոր ջերմուժ կու տայ մարմինին, մէկ քիլօ խաղողին ջուրը՝ շուրջ 800 միաւոր, այսինքն՝ մէկ լիթր կաթին տուածէն աւելի:
Խաղողը մեղրի պէս ներս կը թափանցէ արեան մէջ։ Հաւանական է, որ վերացուի խաղողը շաքարախտով հիւանդներուն յանձարարելու արգելքը, ինչպէս՝ մեղրի պարագային։ Եւ պատահական չէ, որ շտուդկարդցի բժիշկ Հէյն բազմաթիւ ապացոյցներ ունի խաղողի հիւթով արեան շաքարի տոկոսը իջեցնելու վերաբերեալ։ Ինչպէս միւս միրգերու, այնպէս ալ խաղողի պարագային, անհրաժեշտ է խաղող ուտելը դատարկ ստամոքսին կամ՝ ուտելէն 2-3 ժամ ետք։
Ունի նաեւ սննդական եւ բուժիչ յատկութիւն:
Սեւ խաղողը, բաղդատած դեղինին եւ կարմիրին, աւելի հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ հակաբորբոքային նիւթերով: Յանձնարարելի է զայն ուտել ամբողջութեամբ` կուտով միասին[4]:
խաղողը ուժի եւ զօրութեան աղբիւր մըն է մկանային ծանր աշխատանք տանողներուն համար՝ անոնց մատակարարելով անհրաժեշտ ջերմուժը: Իսկ նստակեաց անձերուն մօտ, որոնք պէտք չունին մեծ քանակութեամբ ջերմուժի՝ խաղողի շաքարին յաւելեալ մասը կ՚ամբարուի լեարդին եւ դնդերներու մէջ՝ հետագային ցուրտի դէմ մարմինը պաշտպանելու կամ յոգնեցուցիչ աշխատանքներու պարագային ջերմուժի վերածուելու համար:
Խաղողը հարուստ է նաեւ «Սի» եւ «Պի» կենսանիւթերով եւ հանքային բազմաթիւ տարրերով:
Սի կենսանիւթը կազդուրիչ մըն է, իսկ «Պի» կենսանիւթը՝ սքանչելի ախորժաբեր մը: Ահա թէ ինչո՛ւ խաղողին ջուրը ջերմօրէն յանձնարարելի է կրիփի եւ թոքատապի նման հիւանդութիւններէ ապաքինողներու եւ ախորժակէ կտրուած անձերու:
Բացի քալսիումի, փոթասիումի, մակնիզիումի ֆոսֆաթինէն, որոնք մեծապէս կը նպաստեն երեխաներու աճման եւ կաթնտու մայրերու զօրացման՝ խաղողը կը պարունակէ նաեւ «պիդարդրադ» կոչուած հանքային տարրը, որ թեթեւ լուծողական մըն է, հետեւաբար օգտակար բոլոր անոնց, որոնք նստակեաց կեանք ունին եւ պնդութենէ կը տառապին:
Աղի հետքերէ բացարձակապէս զուրկ ըլլալով՝ խաղողի ջուրը արեան «իւրէ»ի քանակը պակսեցնող թանկագին դեղ մըն է:
Երիկամներուն վրայ ունեցած ուղղակի եւ սիրտին վրայ անուղղակի ազդեցութեամբ՝ խաղողը կը բարելաւէ արեան բարձր ճնշումները:
Խաղողը օգտակար կը հանդիսանայ նաեւ յօդացաւէ տառապողներու, կը բուժէ լեարդի թեթեւ անհանգստութիւնները, կը մաքրէ ստամոքսն ու աղիքները:
Բացի շաքարախտաւորներէն՝ առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան, ամէն մարդու ճաշացուցակին հիմնական տարրերէն մէկը կրնայ հանդիսանալ խաղողը, որպէս ընտրեալագոյն եւ կենսատու սնունդներէն մէկը:
Խաղողը Հայկական Լեռնաշխարհին մէջ
ԽմբագրելՍ. Գիրքին մէջ կ'ըսուի, որ Նոյ նահապետ ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան ստորոտին կը տնկէ խաղողի առաջին որթատունկը: Երբ այծը կ'ուտէ վայրի խաղողին պտուղները, հարբելով` կը սկսի հրմշտել միւս անասունները: Աւելի ուշ, Նոյ նահապետ Արարատ լերան լանջերուն խաղողի այգի մը կը տնկէ եւ պտուղներէն գինի կը ստանայ: Գինին այնքան համեղ կ'ըլլայ, որ ան չի դիմանար, «կը խմէ եւ կ'արբենայ»: Հայոց բնաշխարհին մէջ գինիի վերաբերեալ առաջին տեղեկութիւնները նոյնքան հին են, որքան` աշխարհը: Հնագիտական պեղումներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ խաղողը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցած է Նոյէն միլիոնաւոր տարիներ առաջ: Հնագիտական պեղումներու արդիւնքները կը վկայեն, որ Քրիստոսէ հազարամեակներ առաջ գինին առաջին անգամ պատրաստուած է այն վայրի մէջ, ուր հետագային կազմաւորուած են հայկական ցեղախումբերն ու պետութիւնները: Այս պատճառով համայն մարդկութիւնը նախապատմական աշխարհի մէջ խաղողի եւ գինիի կեդրոնը կը վերապահէ Հայաստանին, իսկ Նոյ նահապետը կը հռչակէ առաջին այգեպանն ու գինեգործը:
Գինին ու խաղողը իրենց ուրոյն տեղը ունեցած են հայոց կենցաղին եւ հոգեւոր կեանքին մէջ: Թագաւորները` իբրեւ սիրոյ ու յաւերժութեան խորհրդանիշ, այգիները անուանած են իրենց կիներուն ու դուստրերուն անուններով:
Արարատեան թագաւորութեան ժամանակաշրջանը ոսկէ դարեր եղած են ոչ միայն հայոց այլեւ համաշխարհային գինեգործութեան պատմութեան մէջ: Հայ դիցաբանութեան մէջ «Խաղողը» եւ «Մայրութիւն»ը իրենց ուրոյն տեղը ունին եւ երբեք չեն առանձնացուած իրարմէ` իբրեւ պտղաբերութեան խորհրդանիշներ:
Խաղողօրհնէք
ԽմբագրելԵկեղեցական հիմնական տօներէն է խաղողօրհնէքը:
Նախաքրիստոնէական շրջանին հայոց նախնիները համոզուած էին, որ Օգոստոս ամիսը խաղողի հասունացման եւ բերքահաւաքման ամիսն է: Խաղողի բերքահաւաքին օրը պաշտամունքի արարողակարգը ամէնէն կարեւորն էր հին հայոց մօտ, որ հետագային` քրիստոնէութեան շրջանին կը դառնայ «Խաղող օրհնութեան օր»: Յոյն գրող Քսենոֆոն գարեջուրի մասին իր յիշատակումէն բացի` կը նշէ հայկական խաղողն ու գինին: Քրիստոսէ առաջ 401-400 թուականներուն, անցնելով Հայաստանէն, Քսենոֆոն կը հանդիպի զարմանահրաշ «բուրաւէտ գինիներու»[5]:
Ինչպէս չէր արտօնուած խնձոր ուտելը մինչեւ Վարդավառ, այնպէս ալ չէր արտօնուած խաղող ուտել մինչեւ 15 Օգոստոսի նախորդող կամ յաջորդող Կիրակի օրը` խաղաղօրհնէքի տօնը[6]:
Գրականութիւն
Խմբագրել- Francesco Emanuelli, Silvia Lorenzi, Lukasz Grzeskowiak, Valentina Catalano, Marco Stefanini, Michela Troggio, Sean Myles, José M. Martinez-Zapater, Eva Zyprian, Flavia M. Moreira, and M. Stella Grando (2013)։ «Genetic diversity and population structure assessed by SSR and SNP markers in a large germplasm collection of grape»։ BMC Plant Biology (BioMed Central Ltd.) 13: 39։ doi:10.1186/1471-2229-13-39
- Hui Ren & Jun Wen։ Vitis, S. 210 - textgleich online wie gedrucktes Werk Archived 2020-07-01 at the Wayback Machine., In։ Wu Zheng-yi, Peter H. Raven, Deyuan Hong (Herausgeber)։ Flora of China, Volume 12 - Hippocastanaceae through Theaceae, Science Press und Missouri Botanical Garden Press, Beijing und St. Louis, 19. November 2007, ISBN 978-1-930723-64-1. (Abschnitt Beschreibung, Verbreitung und Systematik)
- S. Nazimuddin & M. Qaiser։ Vitis in der Flora of Pakistan. Archived 2015-06-13 at the Wayback Machine.
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե.1926 http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&pageNumber=1026
- ↑ Wine & Spirits Education Trust "Wine and Spirits: Understanding Wine Quality" pgs 2-5, Second Revised Edition (2012), London, ISBN 9781905819157
- ↑ Յատկութիւններ
- ↑ Սեւ խաղողը
- ↑ Խաղողօրհնէք
- ↑ Աւանդութիւններ
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Wissenswertes zum Thema Wein.
- Rolf Blaich: Weinbau und Reben in der Flora Mitteleuropas - Ein online-Lehrbuch der Universität Hohenheim. Archived 2012-01-19 at the Wayback Machine.
- bundderweinkenner.ch: Systematische Gliederung der Reben. (7. Dezember 2010)