«Սի» կենսանիւթը կը նկատուի անփոխարինելի սննդանիւթ մը, որ անհրաժեշտ է օրկանիզմի ճիշդ աճին եւ հիւսուածքներու վերականգնման, ինչպէս՝ մորթը:

Ամէնօրեայ քանակ

Խմբագրել

«Սի» կենսանիւթի նման նիւթերը օրկանիզմին մէջ չեն արտադրուիր: Զանոնք պէտք է ընդունիլ յաւելումներու կամ ուտելիքներու միջոցով` նարնջազգի, ելակ, բրքուկ (պրոքոլի), ինչպէս նաեւ՝ կարմիր եւ կանաչ պղպեղներ:

«Սի» կենսանիւթի ամէնօրեայ  չափը կարելի է դասաւորել առողջ սնունդի օգնութեամբ, իսկ անբաւարարութէան պարագային կարելի է յաւելումներ ընդունիլ:

Սննդային արժէքը
Խմբագրել
  • «Սի» կենսանիւթը ծանօթ է իր հակաբորբոքիչ յատկութիւններով. ան կը նուազեցնէ ազատ «radical»-ներու վնասակար ազդեցութիւնը՝ յառաջացած գերմանիշակագոյն ճառագայթումի կամ ապականած օդին պատճառով: կենսանիւթը կը սկսի վերականգնել բնական գործընթացը` նորոգելով վնասուած բջիջները` մորթին առողջ երանգին եւ փայլքին համար:
  • «Սի» կենսանիւթը կ'ազդէ մորթային բազմաթիւ երեւոյթներու վրայ, ինչպէս՝ խամրած երանգ, կնճիռներ, գերգունակաւորում եւ անհամաչափ երանգի այլ նշաններ, որոնք կրնան յառաջանալ արեւու ազդեցութէամբ:
  • Կը խափանէ մորթին մէջ մելանինի արտադրութիւնը եւ կը նուազեցնէ գունակաւորային հետքերու տեսանելիութիւնը` մորթին երանգը աւելի համաչափ եւ փայլուն դարձնելով:
  • Կը խթանէ քոլաժենի եւ էլասթինի արտադրութիւնը, կ'երիտասարդացնէ մորթը եւ զայն կը դարձնէ աւելի հարթ եւ ձիգ: «Սի» կենսանիւթի բացակայութէան պարագային, վէրքերը ուշ կը լաւանան:
  • «Սի» կենսանիւթը արեւապաշտպան է, կ'օգնէ կենսանիւթ «Ի»ի պաշարի կլանման, որ մորթին հիմնական հակաօքսիտան է:
  • «Սի» կենսանիւթի պտուղներով պատրաստուած դիմակները կը բարելաւեն մորթին տեսքն ու առողջութիւնը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել