Թոքախտ
Թոքախտ, Mycobacterium tuberculosis (MTB) մանրէով յարուցուող վարակիչ հիւանդութիւն[1]։ Այս օրերուս, սակայն, թոքախտը բուժելի է: Անիկա հիմնականօրէն կ'ախտահարէ թոքերը. նաեւ կրնայ ախտահարել այլ անդամներ[1]։ Վարակումը ընդհանրապէս ոչ մէկ ախտանշան ցոյց կու տայ. այս երեւոյթը կը կոչուի ծածուկ թոքախտ (latent tuberculosis)[1]։ Ծածուկ վարակի 10%-ը կը վերածուի աշխուժ հիւանդութեան, որ չբուժուելու պարագային կը տանի դէպի մահ[1]։ Աշխուժ թոքախտի դասական նշաններն են հազը, խորխում արեան առկայութիւնը, տենդը, գիշերային քրտինքը եւ կշիռքի նուազումը[1]։ Այլ անդամներու ախտահարումը կրնայ տարբեր տեսակի ախտանիշներ ցոյց տալ[2]։
Թոքախտ | |
---|---|
|
Թոքախտը կը տարածուի օդային ճամբով (air-borne), երբ թոքերու մէջ աշխուժ թոքախտի մանրէներ ունեցող անձը կը հազայ, կը թքէ, կը խօսի կամ կը փռնգտայ[1][3]։ Ծածուկ թոքախտ ունեցողներ չեն տարածեր հիւանդութիւնը[1]։ Հիւանդութեան աշխուժ տեսակին սովորաբար կը հանդիպինք ՍԻՏԱ-է (HIV/AIDS) տառապողներու եւ ծխողներու մօտ[1]. անոր ախտորոշումը հիմնուած է կրծքավանդակի շօղագրութեան վրայ[4]։ Ծածուկ թոքախտի յայտնաբերումը տեղի կ'ունենայ թոքախտի մաշկային փորձերով եւ արեան քննութիւններով[4]։ Հիւանդութեան կանխարգիլումը կը ներառէ բարձր հաւանականութիւն ունեցող անձերու մշտական քննութիւններ ու հետազօտութիւններ, դէպքերու վաղ յայտնաբերում ու բուժում եւ BCG (bacillus Calmette-Guérin) պատուաստում[5][6][7]: Բարձր հաւանականութեան խումբին մէջ կը գտնուին աշխուժ թոքախտէ տառապող անձերու հետ շփուողները[7]։ Բուժումը կը կատարուի երկարատեւ հակամանրէներու ընկալումով (antibiotics)[1]։ Սակայն հակամանրէներու կայութիւնը աճող խնդիր մըն է, քանի որ երթալէն կը բազմանայ դիմակայուն թոքախտի (MDR-TB) եւ ընդլայնուած կայունութիւն ունեցող թոքախտի (XDR-TB)[1] դէպքերը։ Կը նկատուի, թէ իւրաքանչիւր 4 անձէն մէկը վարակուած է թոքախտով[8]։ Ամէն տարի բնակչութեան 1%-ը կը վարակուի[9]։ 2017-ին արձանագրուած է աշխուժ թոքախտէ վարակուողներու 10 միլիոն դէպք, որոնց 1.6 միլիոնը մահացած է[10], ինչ որ այս հիւանդութիւնը կը դասէ վարակիչ հիւանդութիններու մահուան գլխաւոր պատճառը[10]։ Մահերու աւելի քան 95%-ը արձանագրուած է զարգացող երկիրներու մէջ, որոնցմէ աւելի քան 50%-ը՝ Հնդկաստանի, Չինաստանի, Ինտոնեզիայի, Փաքիստանի և Ֆիլիփինի մէջ[10]։ 2000-էն ի վեր վարակուողներու թիւը տարուէ տարի կը նուազի[1]։ Ափրիկէի ու Ասիոյ բնակչութեան աւելի քան 80%-ը թոքախտի քննութեան դրական արդիւնք ունի, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ ցուցանիշը կը կազմէ 5-10%[11]։ Մարդիկ թոքախտէ վարակուած են անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ[12]։
Պատմական տեղեկութիւններ
ԽմբագրելԹոքախտը հնագոյն եւ ամէնէն շատ տարածուած հիւանդութիւններէն մէկն է։ Թոքախտի ախտաբանական երեւոյթներ յայտնաբերուած են քարէ դարու մարդոց ու Եգիպտոսի մումիաներու ոսկրային մնացորդներուն մէջ։ Հին դարերու բժիշկները կ'առանձնացնէին թոքախտի բնորոշ ախտանշաններ՝ զօրաւոր հազ (խորխարտադրութեամբ), յաճախակի արիւնախխումներով եւ տենդով, որ շուտով կը հիւծէ հիւանդը. հոսկէ յառաջացած է թոքախտի հետազօտութիւններով զբաղող գիտութեան՝ ֆթիզիատրիայի (յուն․՝ фθίσις -հիւծում, քայքայում) անուանումը։ Այն ժամանակ թոքախտը կը նկատուէր յոյժ վարակիչ եւ ժառանգաբար փոխանցուող հիւանդութիւն։ Այդ պատճառով, օրինակ Պարսկաստանի մէջ, թոքախտով տառապող հիւանդները բորոտներուն հետ միասին կը մեկուսնացնէին, իսկ Հնդկաստանի մէջ արգիլուած էր նման հիւանդներու կամ անոնց հարազատներու հետ ամուսնութիւնը։
Հիւանդութիւնը իր թոքախտ անունով առաջին անգամ յայտնաբերուած է Հիփոքրատի աշխատութիւններուն մէջ։ Հիւանդութեան մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ Աւիչենան։ Անդամներու ձեւաբանական փոփոխութիւններու առաջին ուսումնասիրութիւնները կատարած է Սիլվիուս տէ լա Պոէն, որ տարբեր անդամներու մէջ յառաջացած թմբիկներու ծագումը կը կապէր թոքախտի հետ։ 1689-ին Ռիչըրտ Մորտընը գրած է թոքախտի մասին առաջին մենագրութիւնը՝ «Ֆթիզիոլոգիա, կամ տրակտատ թոքախտի մասին» անունով։ Ախտաբանութեան, անդամազննական և դարմանական աւելի մանրամասն նկարագրութիւն տուած է ֆրանսացի գիտնական Լայեննեկը։ 24 Մարտ 1882-ին Ռոպերթ Կոխ կը յաջողի առանձնացնել թոքախտի յարուցիչը։ 1993-ին Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը թոքախտը կը յայտարարէ համազգային աղետ, իսկ 24 Մարտը կը յայտարարէ «Թոքախտի դէմ պայքարի համաշխարհային օր»[13]։
Համաճարակաբանութիւն
ԽմբագրելՀամաճարակաբանութեան տեսանկիւնէն կարեւոր կը նկատեն կենսաբանական (կապուած մարդու օրկանիզմի եւ հիւանդութեան հարուցիչի փոխազդեցութեան հետ) եւ ընկերային (բնակչութեան եւ անոր առանձին խումբերու առողջական ու ընկերային վիճակ) գործօնները։ Վարակի հիմնական աղբիւր կը հանդիսանայ թոքերու թոքախտէ տառապող հիւանդը, որմէ վարակը կը փոխանցուի օդակաթիլային, հազուադէպ՝ սնունդի ճամբով։ Երկրորդական դեր ունին վարակի միւս աղբիւրները. թոքախտէ տառապող խոզերը, կատուները, շուները, թռչունները, որոնցմէ մարդը կրնայ վարակուիլ ինչպէս օդակաթիլային, այնպէս ալ շփման ձեւով։
Բարեբախտաբար միշտ չէ, որ օրկանիզմի վարակումը միկոմանրէներով կը տանի հիւանդութեան յառաջացման։ Այս առումով կարեւոր նշանակութիւն ունին կեանքի անբարենպաստ պայմանները եւ օրկանիզմի դիմադրողականութեան անկումը։ Հիւանդութեան յառաջացման կը նպաստեն սնունդի պակասը, երկարատեւ ֆիզիքական եւ յուզումնային լարուածութիւնը եւ որոշ քրոնիք հիւանդութիւններ (շաքարախտ,խոցային հիւանդութիւն, քրոնիք ալքոհոլիզմ եւ այլն)[14]։
Թոքախտը տարածուած է ամենուրեք։ Ըստ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 1990-ի տուեալներոն, աշխարհի վրայ ամէն տարի կը վարակուի մօտաւորապէս 8 միլիոն մարդ, որմէ 3-4 միլիոնը մահանայ այս հիւանդութենէն։ Թոքախտէ վարակուող մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի քիչ զարգացած երկիրներուն մէջ[15]։
Հայաստանի մէջ
ԽմբագրելԹոքախտը հիմնական առողջական խնդիր է Հայաստանի մէջ։ 2005-ին Հայաստանի մէջ արձանագրուած է թոքախտի 2000 նոր վպարագայ։ 2006-ին, այդ թիւը նուազած է 1500-ի[16]։ 2010-ին արձանագրուած է 1331 պարագայ[17]։
Դասակարգում
ԽմբագրելԿը տարբերին թոքախտի հետեւեալ դարմանական ձեւերը.
- Թոքախտային թունաւորում երեխաներու եւ պատանիներու մօտ
- Շնչառական անդամներու թոքախտ
- Առաջնային թոքախտային համալիր
- Ներկրծքային ավշային հանգոյցներու թոքախտ
- Թոքերու տարածուն թոքախտ
- Թոքերու օճախային թոքախտ
- Թոքեր ներսփռանքային թոքախտ
- Թոքերու թոքախտ
- Թոքերու խոռոչային թոքախտ
- Թոքերի նեարդային թոքախտ
- Թոքերու ցիռոտիկ թոքախտ
- Թոքափառատապ
- Ցնցուղներու, շնչափողի, բկանցքի, վերին շնչական ուղիներու թոքախտ
- Շնչառական անդամներու թոքախտ, զուգակցուած թոքերու այլ յառաջացած հիւանդութիւններու հետ
- Այլ անդամ-համակարգերու թոքախտ
- Կեդրոնական նեարդային համակարգի եւ ուղեղի թաղանթներու թոքախտ
- Աղիքներու, որովայնամզի եւ միջընդերքի աւշահանգոյցներու թոքախտ
- Ոսկորներու եւ յօդերու թոքախտ
- Միզասեռական անդամներու թոքախտ
- Մաշկի թոքախտ
- Ծայրամասային աւշային հանգոյցներու թոքախտ
- Ակնային թոքախտ
- Այլ անդամներու թոքախտ
Բուժում
ԽմբագրելԹոքախտի բուժումը տեղի կ'ունենայ բժշկական հսկողութեան տակ, սկիզբը՝ հիւանդանոցը, ապա՝ փոփոխական պայմաններու մէջ։ Թոքախտի բուժումը, իբրեւ օրէնք, կը կատարուի հակաթոքախտային դեղամիջոցներով, որոնք կը տրուին երկար ժամանակով (9-12 ամիս, երբեմն՝ նոյնիսկ աւելի)։ Այս դեղամիջոցները արագօրէն կը վերացնեն հիւանդութեան ախտանշանները. ջերմաստիճանը կը դառնում է բնականոն, հազը կ'ընդհատուի, ընդհանուր ինքնազգացողութիւնը կը բարելաւուի։ Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ հիւանդը լրիւ բուժուած է։ Յաճախ հիւանդները կը գերագնահատեն իրենց վիճակը եւ կը դադրին բժիշկին ցուցմունքներուն հետեւելէ։ Այսպիսով անոնք անուղղելի վնաս կը հասցնեն իրենց մարմնին, քանզի այդ դեղամիջոցներուն ոչ ճիշտ օգտագործման կամ բուժման ընդհատման պարագային կրնայ զարգանալ կայունութիւն այդ դեղամիջոցներէն մէկուն կամ մի քանիին նկատմամբ, որուն պարագային կը զարգանայ դեղորայքակայուն թոքախտ։ Բուժուած ըլլալու փաստը կրնայ հաստատել միմիայն բժիշկը։
Թոքախտի բուժման ժամանակ պարտադիր կ'օգտագործեն օրկանիզմի պաշտպանական ուժեր ամրապնդող մեթոտներ։ Առողջարանային սննդականոնը (զօրաւոր սնունդ, չափաւոր ֆիզիքական շարժում) ունի էական նշանակութիւն։ Որոշ պարագաներու վիրաբուժութեամբ կը հանեն թոքերու, երիկամներու եւ թոքախտով ախտահարուած այլ հատուածներ։
Թոքախտի բոլոր ձեւերու յաջող բուժման նախադրեալներն են բժիշկի սահմանած սննդականոնի պահպանումը, բազմատեսակ, կենսանիւթերով հարուստ սնունդը, ինչպէս նաեւ մաքուր օդը (անհրաժեշտ է հիւանդին սենեակը մշտապէս օդափոխել)։ Ժամանակին կիրարկուած համալիր բուժումը առիթ կու տայ բուժելու հիւանդներու ճնշող մեծամասնութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան Կլոպալ հիմնադրամի կողմէ "Թոքախտի դէմ պայքարի ազգային ծրագիրի զօրացում" դրամաշնորհային միջոցներով Երեւանի շարք մը համայնքներու մէջ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան մարզերու մէջ թոքախտի դեղակայուն ձեւերով հիւանդներու բուժման նպատակով կը բացուին դեղակայուն հիւանդներու բուժման առանձնարաններ, կը հրաւիրուին Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան փորձագէտներ, կը վերապատրաստուին մասնագէտներ, կը նախատեսուի դեղակայուն հիւանդներու ընդլայնուած ընկերային աջակցութիւն[18]։
Կանխարգիլում
ԽմբագրելԹոքախտի կանխարգիլումը կը կատարուի 3 ձեւով՝
- ընկերային կանխարգիլում,
- առողջապահական կանխարգիլում,
- առանձնայատուկ հակաթոքախտային կանխարգիլում։
Թոքախտի ընկերային կանխարգիլումը միջոցառումներու համալիր է, որուն նպատակը բնակչութեան առողջութեան բարելաւումն է։ Անիկա կը ներառէ ինչպէս կեանքի նիւթական պայմաններու եւ կենցաղավարման մակարդակի բարելաւումը, այնպէս ալ առողջապահական գիտելիքներու հայթայթումը։
Թոքախտի առողջապահական կանխարգիլում ըսելով կը հասկնանք հիւանդութեան բաց ձեւով հիւանդներու շտապ հիւանդանոցային հոգատարութիւն, ինչպէս նաեւ բնակչութեան զանգուածային (յատկապէս հանրակացարաններու մէջ ապրողներու) պարբերաբար հետազօտութիւններու կատարում։ Վարակման վտանգը աւելի եւս կը բարձրանայ ընտանեկան սերտ շփման մթնոլորտի մէջ, ուստի հիւանդներու հետ շփուած բոլոր անձերը պէտք է գտնուին հակաթոքախտային յատուկ հսկողութեան տակ։ Տեղամասային հիւանդապահը ամէն ամիս պէտք է այցելէ ու հետեւի հիւանդին եւ վստահ ըլլայ, որ ան ճիշդ ձեւով կը կատարէ բժիշկին թելադրանքները, ինչպէս նաեւ պէտք է ընտանիքի անդամներուն սորվեցնէ հիւանդութեան կանխարգիլման անձնական միջոցները, յատկապէս՝ անձնական իրերու օգտագործման վարակազերծման մեթոտները։
Թուքը հաւաքելու համար իւրաքանչիւր հիւանդ պէտք է ունենայ թքաման. թուքը կը հաւաքեն մինչեւ թքամանի կէսը, այնուհետեւ անոր վրայ կ'աւելացնեն չոր քլորակիր (10 մլ-ին՝ 2 կրամ), կըը խառնեն եւ 2 ժամ կը ձգեն թքամանին մէջ։ Վարակազերծելէ ետք պարունակութիւնը կը թափեն կոյուղի, իսկ թքամանը կը լուան սովորական ձեւով։
Հիւանդին ճերմակեղէնը (յատկապէս թաշկինակները եւ սրբիչը) անհրաժեշտ է հաւաքել առանձին տոպրակի մէջ, լուալէ առաջ գիշերը թրջել քլորամինի լուծոյթով եւ 30 վայրկեան եռացնել։ Հիւանդին համար կ'առանձնացնեն ամանեղեն, որ առանձին կը լուան (նախընտրելի է 15 վայրկեան եռացնել 2%-անոց օճառասոտային լուծոյթի մէջ)։ Հիւանդին հագուստը պէտք է յաճախ արդուկել եւ օդափոխել արեւուն տակ։ Հիւանդին սենեակը պէտք է պաշտպանել ճանճերէ։ Երբ հիւանդը հիւանդանոց կը տանին, սենեակին մէջ կը կատարեն վերջնական վարակազերծում. սենեակի գետինն ու պատերը կը լուան վարակազերծող լուծոյթով, իսկ 2 ժամ ետք բնակարանը կը մաքրեն ու կը չորցնեն։ Խորհուրդ կը տրուի պատերն ու առաստաղը ճերմակ ներկել կամ պաստառները փոխել։
Առանձնայատուկ հակաթոքախտային կանխարգելումը տեղի կ'ունենայ BCG պատուաստով, զոր յայտնաբերած են ֆրանսացի գիտնականներ Քալմետն ու Կերենը։ Պատուաստը կը կատարուի պարտադիր կարգով բոլոր նորածիններուն, եթէ հակացուցումներ չկան։ Պատուաստուած երեխաներու հիւանդացութեան տոկոսը քանի մը անգամ նուազ է։ Պատուաստի ազդեցութեան տեւողութիւնը 4-5 տարի է, որմէ ետք ախտամերժութիւնը աստիճանաբար կը մարի։ Այդ պատճառով մինչեւ 30 տարեկան կը կատարեն պարբերաբար կրկնակի պատուաստ։
Թոքախտի բաց ձեւով հիւանդներու հետ շփուող երեխաներուն եւ անչափահասներուն, ինչպէս նաեւ հիւանդութեան բարձր հաւանականութեամբ հակուած անձերուն կը նշանակեն քիմիականխարգիլում՝ հակաթոքախտային պատրաստուկներու ներարկում 3 ամիս ժամանակով[18]։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Перельман М. И., Корякин В. А., Богадельникова И. В. Фтизиатрия. ОАО Издательство «Медицина», 2004.
- Руководство по лечению лекарственно-устойчивых форм туберкулёза. Издание ВОЗ.
- Сайт ВОЗ. Руководство по программному ведению лекарственно-устойчивого туберкулёза Archived 2013-12-16 at the Wayback Machine.
- Туберкулёз. Вопросы и ответы. Archived 2014-01-09 at the Wayback Machine. Всемирная организация здравоохранения
- Факты о туберкулёзе. Archived 2013-12-15 at the Wayback Machine. Сайт Всемирной организации здравоохранения
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 «Tuberculosis Fact sheet N°104»։ WHO։ October 2015։ արխիւացուած բնօրինակէն օգոստոսի 23, 2012-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ փետրվարի 11
- ↑ Dolin [edited by] Gerald L. Mandell, John E. Bennett, Raphael (2010)։ Mandell, Douglas, and Bennett's principles and practice of infectious diseases (7th հրտրկթն․)։ Philadelphia, PA: Churchill Livingstone/Elsevier։ էջ Chapter 250։ ISBN 978-0-443-06839-3
- ↑ «Basic TB Facts»։ CDC։ March 13, 2012։ արխիւացուած բնօրինակէն 2016 թ․ փետրվարի 6-ին։ արտագրուած է՝ 2016 թ․ փետրվարի 11
- ↑ 4,0 4,1 Konstantinos A (2010)։ «Testing for tuberculosis»։ Australian Prescriber 33 (1): 12–18։ doi:10.18773/austprescr.2010.005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ օգոստոսի 4, 2010-ին
- ↑ «Tuberculosis vaccines and prevention of infection»։ Microbiology and Molecular Biology Reviews 78 (4): 650–71։ December 2014։ PMC 4248657։ PMID 25428938։ doi:10.1128/MMBR.00021-14
- ↑ Harris Randall E. (2013)։ Epidemiology of chronic disease: global perspectives։ Burlington, MA: Jones & Bartlett Learning։ էջ 682։ ISBN 978-0-7637-8047-0
- ↑ 7,0 7,1 Organization World Health (2008)։ Implementing the WHO Stop TB Strategy: a handbook for national TB control programmes։ Geneva: World Health Organization։ էջ 179։ ISBN 978-92-4-154667-6
- ↑ «Tuberculosis (TB)»։ World Health Organization։ փետրվարի 16, 2018։ արտագրուած է՝ 2018 թ․ սեպտեմբերի 15
- ↑ «Tuberculosis»։ World Health Organization։ 2002։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013 թ․ հունիսի 17-ին։ արտագրուած է՝ 2022-07-26
- ↑ 10,0 10,1 10,2 «Global tuberculosis report»։ World Health Organization (en-GB)։ արտագրուած է՝ 2017 թ․ նոյեմբերի 9
- ↑ Robbins Basic Pathology (8th հրտրկթն․)։ Saunders Elsevier։ 2007։ էջեր 516–22։ ISBN 978-1-4160-2973-1
- ↑ «Tuberculosis»։ Lancet 378 (9785): 57–72։ July 2011։ PMID 21420161։ doi:10.1016/S0140-6736(10)62173-3
- ↑ «Mediainform»։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ մարտի 14[permanent dead link]Կաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում
- ↑ А. Г. Хоменко (1988)։ Туберкулез органов дыхания
- ↑ Перельман М. И., Корякин В. А., Протопопова Н.М. (1990)։ Туберкулез
- ↑ «Հայ Բժշկական Ֆոնդի նախագծեր (անգլերեն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2009 թ․ հունիսի 6-ին։ արտագրուած է՝ 2009 թ․ մայիսի 27
- ↑ «Տուբերկուլոզը Հայաստանում, թեև դանդաղ, բայց նահանջում է»։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ մարտի 13
- ↑ 18,0 18,1 «Տուբերկուլոզ (թոքային)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012 թ․ հունիսի 6-ին։ արտագրուած է՝ 2012 թ․ մարտի 14