Տենդ
Տենդը (անգլերէն՝ fever) մեր մարմնի տաքութեան բարձրացման ախտանշանն է եւ ընդհանրապէս կարճ ժամանակ ետք կը վերադառնայ իր բնականին:
Տենդը բնական պաշտպանողական գործընթաց է եւ ինքնին մեծ վտանգ չի ներկայացներ առողջութեան ու կեանքին, քանի որ անիկա հիւանդութիւն մը չէ, այլ՝ հիւանդութեան դէմ պայքարելու գործընթաց:
Ան կը նկատուի մարմնի դիմադրողականութեան միջոց՝ հակակշռելու համար առողջութեան դէմ ներկայացուած վտանգ մը կամ կացութիւն մը:
Պատճառներ
Խմբագրել- Ժահրային (viral) եւ/կամ ցպկային (bacterial) բորբոքումներ եւ վարակներ
- Քաղցկեղ
- Միջավայրային ազդակներ
- Որոշ դեղերու գործածութիւն
- Դիմադրողականութեան նուազում
- Մարմնի հիւսկէններու (tissue) բնաջնջում՝ վիրաբուժական գործողութիւններ եւ մարմնական վնաս-հարուածներ եւ վարակներ
- Արեւահարութիւն եւ ջերմահարութիւն (heat stroke, thermal burn)
- Անյայտ պատճառներ
Տենդը ընդհանրապէս ժահրային եւ կամ ցպկային բորբոքումի մը ցուցանիշն է: Անոր զարգացման անմիջական պատճառն են ջերմածին (heat producing) նիւթերը, որոնք կու գան արտաքին եւ ներքին աղբիւրներէ: Արտաքին աղբիւրներն են՝ արտաքին շրջապատէն դէպի մեր մարմինը թափանցող ժահրերն ու ցպիկները. իսկ ներքին աղբիւրներն են՝ մարմնի որոշ հիւսկէններու բջիջները: Ջերմածին նիւթերը հասնելով ուղեղ՝ գործի կը մղեն անոր ջերմականոնաւորման (heat regulating) կեդրոնը, որ իր հրահանգներիվ կը կանոնաւորէ մարմնին ջերմաստիճանը երկու միջոցառումներով՝ ջերմառաջացումով (heat producing) եւ ջերմատուութեամբ (heat dissipation-loosing):
Տեսակներ Եւ Հանգրուաններ
ԽմբագրելՏենդը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն: Ժամանակաւոր տենդը կը պատահի օրուան որոշ մէկ ժամուն եւ որոշ տեւողութեամբ. մնայուն տենդը երկարատեւ է. ան կրնայ տեւել օրեր եւ կամ շաբաթներ: Տենդը ջերմաստիճանի անբնական բարձրացումն է, որ կը յառաջանայ երեք ձեւով.
- Մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում
- Մարմնի ջերմատուութեան դանդաղեցում
- Միատեղ մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում եւ ջերմատուութեան դանդաղում
Տենդը կը զարգանայ երեք հանգրուաններով.
- Ջերմաստիճանի բարձրացման հանգրուան - Այս հանգրուանին տեղի կ'ունենայ ջերմառաջացում, որ հետեւանքն է մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացին եւ ջերմատուութեան, որ իր կարգին հետեւանքն է մարմնի մակերեսի եւ ծայրամասերու զարկերու ընդլայնումին: Այս հանգրուանին ջերմառաջացումը կը գերակշռէ ջերմատուութիւնը:
- Բարձր ջերմաստիճանի պահպանման հանգրուան - Այս հանգրուանին կը սաստկանան ջերմառաջացումն ու ջերմատուութիւնըխ
- Ջերմաստիճանի նուազեցման հանգրուան - Այս հանգրուանին ջերմատուութիւնը կը գերազանցէ ջերմառաջացումը եւ տեղի կ'ունենայ առատ քրտինքի արտադրութիւն:
Անդրադարձներ Մարմնին Վրայ
Խմբագրել- Դրական անդրադարձ - Այս պարագային կ'աշխուժանայ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութիւնը, հակամարմիններու արտադրութիւնը, արեան շրջագայութիւնը եւ լեարդի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ արեան ճերմակ գնդիկներու արտադրութիւնը:
- Բացասական անդրադարձ - Այս պարագային տեղի կ'ունենան կեդրոնական նեարդային (nervous system), սրտանօթային եւ ստամոքս-աղիքային համակարգերու գործունէութեան խանգարումներ, ինչպէս նաեւ սպիտակուցային (protein), ճարպային, ածխաջրատային (carbohydrate) նիւթափոխականութեան խանգարումներ: Մարմնի ջերմութեան մէկ աստիճան բարձրացումով, մարմինը կը կարօտի բնակարանէն 16 տոկոս աւելի թթուածինի: Այս յաւելեան թթուածինի պահանջը, յաւելեալ աշխատանքի կը մատնէ կեդրոնական նեարդային եւ սրտանօթային համակարգերու ու թոքերու գործունէութիւնը, որոնց ձախողութեան պարագային, ի յայտ կու գան մտահոգիչ եւ հիւանդագին երեւոյթներ:
Ծանօթագրութիւն
ԽմբագրելԲժիշկ Բ., էջ 171-174, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2011