Հայկական գորգ
Գորգ, բազմագոյն զարդանախշերով, խաւածածկ կամ առանց խաւի քառանկիւն գեղարուեստական գործուածք։
Կը ծառայէ որպէս՝ փռոց, ծածկոց, վարագոյր, բնակարանը տաքացնելու, զարդարելու համար։ Գորգերը հիմնականօրէն կը հիւսուին թելերով. սակայն կը հանդիպինք նաեւ ասեղնագործ եւ գոյնզգոյն կտորներէ կարուած գորգերու։ Գործուածքի գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները կ՛որոշուին անոր մակերեսով (խաւով կամ առանց խաւի), նիւթով (բուրդ, մետաքս, վուշ, բամպակ) չափերով, զարդերիզի եւ կեդրոնական դաշտի փոխյարաբերութեամբ, զարդանկարի բնոյթով, յօրինուածքով եւ գունային կառուցուածքով։
Ծագումնաբանութիւն
ԽմբագրելՀայերէն գորգ եւ կարպետ բառերը կը գործածուին որպէս՝ հոմանիշ բառեր, միայն այն տարբերութեամբ, որ գորգերը կ՛ունենան խաւէ մակերես, իսկ կարպետները՝ ոչ[1]։
Գորգ բառն առաջին անգամ կը յիշատակուի Տաւուշի Կապտավանք եկեղեցւոյ պատին եղած արձանագրութիւններէն մէկուն վրայ (1242-1243)։ Հայագէտներ Ղափանցեանն ու Ճահուկեանը գտած են, որ գորգ բառը կը պատկանի խեթերէնի բառապաշարին, ուր կը յիշատակուի kurka ձեւով[2]։ Ակադեմիկոս Յովսէփ Օրբելին ուղղակիօրէն կը գրէ, որ գորգ բառը հայկական ծագում ունի եւ կը նշանակէ նախշ[3]։ Մինչդեռ խեթերէնի մասնագէտ Է. Սարթիվենթն ու Պ. Ժաանը կ՝ եզրակացնեն, որ խեթերէն kurka բառը կը նշանակէ քուռակ կամ ձիու թամբատակ[4]։
Կարպետ բառն առաջին անգամ կը յիշատակուի 5-րդ դարու Աւետարանի՝ գրաբարեան «կապերտ» ձեւով[5]։ Բայց եւ այնպէս Հրաչեայ Աճառեան յառաջ քաշած էր այն վարկածը, որ կապերտ բառն այլ լեզուներու մէջ անցած է հայերէնի միջոցով[6]։ Շարք մը այլ լեզուաբաններ նոյնպէս կը գտնեն, որ գրաբարեան կապերտ բառը, միջին հայերէնին մէջ ենթարկուած է հնչիւնափոխութեան (բաղաձայններու դրափոխութիւն) եւ անցած այլ եւրոպական լեզուներուն[7]։ Իսկ Սուքիասեան կը նշէ, որ այս բառը փոխ առնուած է հայերէնէն 13-րդ դարուն, քանի որ Կիլիկիոյ նաւահանգիստներէն հայկական գորգերը կ՝ արտահանուէին եւրոպական երկրներ[8]։ Այսպէսով, եւրոպական լեզուները կ՛արտացոլեն ո՛չ թէ հայերէնի սկզբնական՝ «կապերտ» ձեւը, այլ միջին հայերէնի «կարպետ» տարբերակը։
Արաբ ժամանակագիրները կը վկայեն, որ կալի, խալի համ հալի բառը ծագած է Կարին քաղաքի անուանումէն, իսկ Կարինը նոյնինքն արհեստներու, յատկապէս գորգագործութեան խոշոր կեդրոն էր։ Արաբները այն, յարմարեցնելով Կարնոյ քաղաք անուան հետ, կոչած են Քալիքալա[9]։ Ապտ ար Ռաշիտ ալ Պաք՝ աուին կը գրէ, որ իր գորգերով յայտնի Կարին քաղաքէն, որ ռազմավարական դիրք կը զբաղեցնէր Պարսկաստան եւ Եւրոպայի միջեւ․ «կ՝արտահանեն քալի կոչուող գորգեր»[10]։ Իսկ 13-րդ դարու արաբ գիտնական Եաքութ Ալ Համաուին (Yāqūt ibn-'Abdullah al-Rūmī al-Hamawī)(Arabic: ياقوت الحموي الرومي) կը նշէ, որ գորգերը Քալիքալա քաղաքի արաբական կրճատուած անուանումէն՝ Քալի ձեւէն, ստացած են քալի/կալի/խալի անուանումը[11][12]։
Հայ Գորգագործութեան Պատմութիւն
ԽմբագրելՀայոց մշակութային համակարգի կարեւոր ու աւանդական բնագաւառներուն մէջ յատուկ տեղ կը զբաղեցնէ գորգագործական մշակոյթը։ Հայաստանի մէջ գորգագործութիւնը՝ իբրեւ արհեստ, զարգացեր է աւելի քան վաղնջական ժամանակներէն։ Այս մասին կը վկայեն Արենի 1 քարայրին գտնուած գործուածքները, Ք.Ա. 5-րդ դարուն թուագրուած պազիրիկ գորգը, ինչպէս նաեւ հայկական գորգարուեստի մասին շարք մը պատմաբաններու կողմէն պահպանուած յիշատակութիւններ։
Պատմական աղբիւրներուն մէջ տեղեկութիւններ կը պահպանուին այն մասին, որ ուրարտացիներն ու հայերը Ասորեստանին, Աքեմենեան Պարսկաստանին եւ այլ երկիրներուն մատուցած են գորգեր՝ որպէս տուրք[13]։
Պատմական Հայաստանի գորգերն ու կարպետները կը համարուէին անհրաժեշտութեան առաջին իրեր։ Այն կը փռէին հատակը, կը կախէին պատերէն եւ կը գործածէին որպէս ծածկոց։ Գրեթէ բոլոր բնակավայրերէն ներս կը գործէին կարպետներ՝ թաղիք (rug), ծածկոցներ, վարագոյրներ, թամբեր, շագոյր կամ փակեղեթ (saddlebags), վերմակներ, աղի տոպրակներ, ձի ու ծածկոցներ եւ գորգեր։ Այս արհեստը այնքան սերտ կապուած էր առօրեայ կեանքի հետ, որ այդ իմանալը պարտադիր էր։ Գորգը նաեւ հայ աղջիկներուն օժիտի անբաժանելի մասն էր, ուստի կանուխ տարիքէն անոնք կը սորվէին այս արհեստը եւ կը գործէին իրենց օժիտի գորգերը[14]։
Գորգագործական արուեստը իր ողջ պատմութեան ընթացքին մեծապէս տուժած է արշաւանքներու, պատերազմներու եւ դրացի տիրութիւններու կողմէն վարուող նուաճողական քաղաքականութենէն։ Պատմական Հայաստանի աշխարհաքաղաքական վերիվայրումներու պատճառաւ կա՛մ եկեղեցական հաւաքածոները պարբերաբար թալանուած են, կամ ալ՝ հարկադրուած նուիրած են անոնց մէկ մասը, փրկելու եկեղեցիները թալանէ ու աւերումներէ[15]։
Ցեղասպանութեան ընթացքին բազմաթիւ գորգեր կորսուած են՝ եկեղեցիները ոչնչացնելու կամ կողոպտելու պատճառաւ։ Անոնց որոշ մասը վաճառուած է շուկաներու մէջ՝ ի վերջոյ յայտնուելով Արեւմուտք եւ գտնուած են անհատներու մօտ իրենց հաւաքածուներուն մէջ եւ կամ օգտագործման նպատակով։
1921 թուականին, Խորհրդային Ազրպէյճանին բռնի կցուելէ ետք, Արցախի մէջ սկսած է հայաթափման լայնածաւալ ծրագիրի իրականացում, այդ շրջանակին մէջ կարեւոր տեղ ունէր գորգը՝ մասնաւորապէս անոնց ցեղային պատկանելիութեան հարցը։ Այդ 1960-70-ական թուականներէն կանոնաւոր ու ծրագրուած ընթացք ստացաւ։ Պաքուէն յատուկ հրահանգներով ուղարկուած առանձին գործակալներ կը շրջէին Ղարաբաղի հայկական բոլոր գիւղերու բնակչութենէն կը հաւաքէին հին ձեռագործ գորգերը՝ անոնց դիմաց յանձնելով գործարաններու մէջ արտադրուած նոր ու յատկապէս որ մէկ արժէք ներկայացնող գորգեր։ Նման փոխանակութիւնները աւելի ճիշտ խաբէութեան եւ թալանի ակնյայտ բացորոշութիւնն է։ Նաեւ նման քաղաքականութեան շնորհիւ է, որ Պաքուի մէջ ստեղծուեցաւ գորգի թանգարան, ուր Ազրպէյճանն այսօր կը ներկայանայ աշխարհին որպէս թէ գորգագործական հին մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ[16]։
Հիմնականօրէն այս բոլորին հետեւանքով է, որ հայկական գորգարուեստը տարածում գտաւ նաեւ Եւրոպայի շարք մը անկիւններ։ Այսպէս, 19-րդ դարու վերջին շարք մը հայ գորգագործներ հաստատուեցան Թրանսիլվանիոյ Կերլա քաղաքին մէջ եւ այդտեղ սկսան պատրաստել ու վերականգնել գորգեր։ 1915 թուականի Ցեղասպանուենէն ետք մեծ քանակութեամբ հայեր կրկին հաստատուած են Ռումինիոյ մէջ։ Այսպէսով, երկիրին մէջ ստեղծուած են բազմաթիւ արհեստանոցներ, իսկ 1950-ականներէն սկսած՝ նաեւ գործարաններ[17]։
Հակառակ անոր, որ գորգը իրականութեան մէջ հայոց պատմամշակութային ժառանգութեան կարեւոր բաղադրամասերէն մէկն է, անոր դերն ու նշանակութիւնը առ այսօր լիարժէքօրէն ուսումնասիրուած եւ արժեւորուած չէ։ Դժբախտաբար, հայոց գորգագործական մշակոյթը արժեւորող համապարփակ ուսումնասիրութիւններու բացակայութենէն բացի, տակաւին չկան նաեւ հայոց բնորոշ գորգերու տիպաբանումներ։ Ու թէեւ գորգարուեստի ուսումնասիրման պատմութիւնն արդէն անցած է բաւականին երկար ուղի, արեւելեան գորգերու համակարգին մէջ հայկական գորգերը տակաւին գիտականօրէն ծանրակշիռ չեն։
Նախաքրիստոնէական Ժամանակաշրջան
ԽմբագրելԳորգագործութիւնը Հայաստանի հնագոյն արհեստներէն մէկն է։ Ասորեստանի թագաւոր Սարգոն Բ.-ի Ք.Ա. 714 թուականի արձանագրութիւններուն մէջ կը նշուի Ուրարտուի մէջ գործուած կարմիր գործուածքներու մասին[18]։ Ուրարտական ժամանակաշրջանին թուագրուած կարպետներու պատառիկներ յայտնաբերուած են Արթիկի, Կարմիր Բլուրի եւ Անիի մէջ եւ թուագրուած են Ք.Ա. 13-րդ դար։
2007 թուականին, Արենի մէկ քարայրին մէջ յայտնաբերուած են Նորաքարեան (Neolithic հնբ. եւ երկրբ.) եւ Միջնադարեան շարք մը գործուածքներ։ Անոնք չափազանց լաւ պահպանուած են, որ առիթ կամ պատեհութիւն կու տան ուսումնասիրելու իրենց ծագումն ու զարգացումը[19]։ Հաշուի առնելով Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն (Թեղուտ, Շրեշ բլուր, Շենգաւիթ, Արթիկ դամբարանադաշտ եւ այլն) յայտնաբերուած եւ Ք. ա. 3-2 հազարամեակ թուագրուող ջուլհակի գործիքները, մանաւանդ գորգ գործելու պարզունակ յարմարանքը, օժանդակ գործիքներն ու գործուածքները, մասնաւորապէս Հառիճի դամբարանադաշտէն յայտնաբերուած Ք.Ա. 13-12 դարերու վերաբերող կարպետի մնացուկները՝ շարք մը ուսումնասիրողներ եկած են այն եզրակացութեան, որ Հայկական լեռնաշխարհին կային գորգագործական մշակոյթով զբաղելու գիտարուեստական եւ արուեստագիտական յարմարութիւններ, նաեւ անհրաժեշտ հումքային աղբիւրներ[20]։
Հայկական լեռնաշխարհը հարուստ էր նաեւ ներկանիւթերով։ Անոնցմէ յայտնի էր յատկապէս «հայկական» կոչուած ներկը, որուն մասին նշած են Սթրապոնը, Փլինիոս Աւագը, Փրոքոփիոս Կեսարացին եւ այլք։ Ք.Ա. 5-րդ դարու յոյն պատմիչ Հերոտոթոս կը նշէ, որ կովկասցիները բուրդը կը ներկէին բոյսերէն ստացուած ներկով, այնուհետեւ անոնցմէ թել կը մշակէին եւ կ՛օգտագործէին պատկերազարդման համար։ Իսկ անոր գոյնը չէր խամրեր ո՛չ ջուրէն, ո՛չ ալ ժամանակի ընթացքին[21]։
Հին դարաշրջանի հեղինակներու վկայութիւններէն պարզ կը դառնայ նաեւ, որ հին Հայաստանին մէջ գոյութիււն ունեցող արհեստներէն՝ կաւագործութենէն եւ հիւսուածագործութենէն զատ, լայնօրէն տարածուած էր նաեւ ջուլհակութիւնը։ Արհեստաւորական արտադրութիւնն աշխուժօրէն կ՝ արտահանուէին դրացի երկիրներ։ Այսպէս, օրինակ, Հերոտոթոսը իր աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ հայերը առեւտուր կ՛ընէին Միջագետքի երկիրներու հետ՝ ապրանքներ փոխադրելով Եփրատ գետով[22]։ Ջուլհակագործութիւնը Հայաստանի մէջ զգալիօրէն վերելք ապրած է յաջորդ, այսպէս կոչուած հելլենիստական ժամանակաշրջանին՝ սկսած Ք.Ա. 3-րդ դարէն։ Նոյն ժամանակաշրջանին կը զարգանային նաեւ միջազգային, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային կապերը, որոնք աներեւակայելիօրէն խթանեցին տարանցիկ առեւտուրի զարգացումը։ Վերջինս կայուն կերպով կը զարգանար նաեւ Հայաստանի մէջ՝ ներգրաւելով երկիրը առեւտուրի փոխանակման մէջ դրացի եւ հեռաւոր երկիրներու հետ[23]։ Արհեստաւորական ապրանքներու արտադրութիւնը շարունակուեցաւ ընդհուպ մինչեւ Ք.Ա. 4-րդ դար, երբ հայ բնակչութիւնը, անոնց մէջ ըլլալով մեծ թիւով արհեստաւորներ, պարսից շահ Շապուհ Բ.-ին կողմէն բռնի կերպով վերաբնակեցուեցան եւ տեղափոխուեցան Պարսկաստան[24]։ Այսպէսով, կենցաղային կեանքը, արհեստներն ու արուեստը Հայաստանի մէջ անկում, ապա վերածնունդ կ՛ապրի միայն երկու դար ետք։
Գորգագործութիւնը այսօր
ԽմբագրելՆերկայիս, գորգագործութեան կեդրոններ, կը շարունակեն մնալ Սիւնիքի ու Արցախի շրջաններուն մէջ։ յատկանշական է, որ 2013 թուականին Շուշիի մէջ բացուած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին գործող՝ միակ գորգերու թանգարանը։ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, գոյութիւն ունեցող թանգարաններէն բացի, հայկական գորգերը կը պահուէին անհատական հաւաքածուներու մէջ, որոնց թիւը, ցաւոք, յայտնի չէ։
Պազիրիկ Գորգ
ԽմբագրելՆախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանի գորգարուեստին վերաբերող ամենայայտնի նմուշը Պազիրիկ կոչուող գորգն է։ անոր ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է յատկապէս գորգագործութեան ծագումնաբանական խնդիրի առումով։ Ք.Ա. 5-րդ դար թուագրուող Պազիրիկ գորգը յայտնաբերուած է 1949-ին Լեռնային Ալթայի Պազիրիկ Քուրկանի թիւ 5 դամբարանէն։ Գորգը շուրջ 2500 տարի մնացած է սառած դամբարան եւ այդպէսով, զերծ մնալով արտաքին որեւէ ազդեցութենէ, հասած է մինչեւ մեր ժամանակները։ Գորգը աչքի կ՝ իյնայ գեղազարդման հարուստ համակարգով, գունային երանգներու բազմազանութեամբ եւ ամբողջական պատկեր կու տայ 2500 տարի առաջ եղած գորգագործական արուեստաբանութեան մասին։
Ս. Ի. Ռուտենքոն, համեմատելով այդ նմուշի եւ հարեւան Պաշատարի քուրկանէն յայտնաբերուած գորգերու եւ թաղիքներու գեղազարդման տարրերը, նկատի ունենալով իր գունաւոր յօրինուածքային ներդաշնակ լուծումները, արդէն այն ժամանակ եզրակացուցած էր, որ Պազիրիկ գորգը Առաջաւոր Ասիական ծագում ունի։
Հակառակ անոր, որ գորգը իր գեղազարդման ոճով լիովին կը համապատասխանէ ասորա-ուրարտական եւ վաղ հայկական աւանդոյթներուն, տարբեր ուսումնասիրողներ տարբեր կերպ կը ներկայացնեն իր ծագումնաբանութիւնը։ Այսպէս, Ուլրիխ Շուրմանը, Ֆոլքմար Գանցհունը եւ այլք կը գտնեն, որ Պազիրիկ գորգը գործած են Վանի թագաւորութեան մէջ եւ որ այն պէտք է վերագրել հայկական մշակոյթին։ Ֆ. Գանցհորնը այդ տեսակէտը հիմնաւորելու համար պատմահամեմատական ումնասիրութեան ենթարկած է փռիւգական (Phrygian), ասորա-բաբելական, վաղ հայկական կամ ուրարտական կիրառական գեղազարդման արուեստին վերաբերող սկզբնաղբիւրները ու գորգի արուեստաբանութեան յատկանիշները, յատկապէս գորգի՝ կրկնակի հանգոյցով գործուած ըլլալու փաստը։ Ան հաշուի առած է նաեւ Հայկական լեռնաշխարհին գորգագործական մշակոյթի վաղ աւանդոյթներու մասին վկայող գորգի պատառիկներու եւ համապատասխան աշխատանքային գործիքներու առկայութիւնը։
Այս վարկածին կողմնակից է նաեւ գերմանացի ուսումնասիրող Ուլպրիխտ Շուրմանը, ով, հիմնուելով գորգի կառուցուածքի, ձեւաւորման եւ բներգներու motif վրայ, Պազիրիկ գորգը կը վերագրուի վաղ ուրարտական կամ վաղ հայկական շրջանին։ Պազիրիկ գորգի ծագումը Հայկական լեռնաշխարհի հետ կապելու հարցով վերը նշուած հիմքերուն հետ միասին կարեւոր փաստ է անոր կարմիր ներկանիւթին մէջ արարատեան դաշտի որդան կարմիրի առկայութիւնը, որ բացայայտած են Ս․ Փեթերսպուրկի (St. Petersburg) Էրմիթաժի (Hermitage) մասնագէտները[25][26]:
Միջնադար
ԽմբագրելՄիջնադարը համարվում է հայկական գորգագործության ոսկեդարը, քանի որ հենց այս ժամանակաշրջանում են սկսում ի հայտ գալ հայկական գորգի որոշակի ոճային առանձնահատկությունները։ Պահպանվել են վաղ միջնադարմյասն հայկական գորգերի փոքր պատառիկներ, որոնք գտնվել են հայկական մատյանների կազմերում՝ վերականգնման ժամանակ։ Միջնադարյան մատյաններում տեղ գտած պատկերազարդումներն ու մանրանկարները հնարավորություն են ընձեռում նաեւ պատկերացում կազմել, թե ինչպիսի տեսք ունեին միջնադարյան հայկական գորգերը։ Դրանց ձեւերի եւ ոճերի մեջ հիմնականում կարելի է առանձնացնել հետեւյալները՝
- վիշապագորգ – սովորաբար ունենում են վիշապների, կենաց ծառի, փյունիկի պատկերներ, նաեւ եռանկյունաձեւ, ատամնավոր շեղանկյունով եւ հավերժության նշանով զարդանախշեր
13-րդ դարում վիշապագորգերը սովորաբար ներկվել են որդան կարմիրով։ Միջնադարում հայերը յայտնի են եղել որպէս որդան կարմիրով ներկող վարպետներ (Շահ Աբասը Ջուղայից մոտ 10 000 հայ է տեղահանել Սպահան՝ հիմնելով Նոր Ջուղան։ անոնց մեջ շատ են եղել որդան կարմիրի վարպետներ)։
- արծվագորգ – ուղեկցվում են արծիվների սիմվոլիկ պատկերներով
- օձագոր – ունենում են օձի պատկերներ՝ մեջտեղում արեւի սկավառակի նշաններով
Ակադեմիկոս Նիկողայոս Մառը, ով պեղումներ է անցկացրել Հայաստանի միջնադարյան մայրաքաղաք Անիում, վկայում է, որ քաղաքի հարուստների տներում
բացառությամբ որմնախորշերի, ամեն ինչ հարթ էր, քանի որ ներսից տունն ամբողջությամբ ծածկված էր գորգերով կամ այլ նախշազարդ գործվածքներով։ Անիի քարի վարպետների համար, իհարկե, դժվար էր հաջողությամբ մրցել այսպիսի արհեստի հետ։ Երբ Անիում գտնում ենք տան պատերին եւ առաստաղին արված սվաղի եւ գրությունների հետքեր, հիմք կա կարծելու, որ դրանք շինծու են՝ գորգերով եւ գործվածքներով սենյակների հարուստ կահավորանքը փոխարինելու մատչելի եղանակ։ Որոշ տվյալների համաձայն՝ հայերի մոտ այս արհեստը գտընվում էր զարգացման բարձր մակարդակի վրա։ Նման կարծիք կար դեռեւս վաղուց, իսկ 1912 թ. պեղումները թույլ են տալիս բարձրաձայնելու այն։
Երբ 645 թ. արաբները ներխուժեցին Հայաստան, հայերը սկսեցին խալիֆայությանը վճարել տուրք, որը ներառում էր նաեւ ամեն տարի մատուցվող 20 գորգ։ Եվ չնայած արաբական տիրակալությանը, միջնադարում Բագրատունյաց Հայաստանն ապրեց տնտեսական վերելքի շրջան՝ առաջին հերթին խալիֆայության տիրակալության տակ գտնվող այլ երկրների հետ հաստատված լայն առեւտրական եւ տնտեսական հարաբերությունների շնորհիվ։ Այսպիսով, արհեստավորների կողմից պատրաստված հայկական գորգերի եւ այլ գործվածքների անունը տարածվեց Կամա գետի ափին բնակություն հաստատած բուլղարների թագավորությունից մինչեւ Թուրքմենստան եւ Բաղդադից մինչեւ Պոլիս։ 9-րդ դարի արաբ աշխարհագրագետ եւ ճանապարհորգ իբն-Յակուբին նշում է, որ Խիշամ խալիֆի պատվերով Հայաստանում պատրաստվում էին գորգեր եւ գործվածքներ։ Սիմեոն Մագիստրոսի ժամանակագրությունում հիշատակվում է, որ 819 թ. բուլղարները արշավանքներից մեկի ժամանակ բյուզանդացիներից առան հարուստ ավարներ, որոնց մեջ կային հայկական բարձրորակ գորգեր։
Հայ վաճառականների միջոցով հայկական գորգերը տարածվել են աշխարհի տարբեր երկրների շուկաներում։ Մի շարք հեղինակների, այդ թվում նաեւ 10-րդ դարի արաբ ճանապարհորդ Աբու Դուլաֆի հաղորդմամբ՝ Հայաստանում ամեն կիրակի կազմակերպվում էին տոնավաճառներ, ուր այլ ապրանքներից բացի վաճառվում էին բույուններ (ոչխարի բրդից պատրաստված հայկական գործվածք) եւ գորգեր։
Գորգագործական արհեստի զարգացմանը որոշ չափով նպաստում էին Հայաստանում ստացվող ներկերը, որոնք հաղորդում էին գորգին եզակիություն եւ վառ երանգավորում։ Հատկապես օգտագործվում էր կարմիր գույնը, որը ստանում էին Հայաստանում շատ տարածված կարմրորդ կոչվող միաջտից։ 10-րդ դարի արաբ հեղինակ ալ Իստախրին, անդրադառնալով Արտաշատ քաղաքին, պատմում է հետեւյալը.
Այս քաղաքում պատրաստում են նբրդյա շրջազգեստներ, գորգեր… եւ այլ հայկական արտադրանքներ։ Այստեղ է պատրաստվում նաեւ «քըրմըզ» կոչվող հայկական ներկը, որով ներկում են մահուդը։ Ես պարզեցի, որ այն պատրաստվում է որդի մի տեսակից, որը, շերամորդի նման, մանում է իր շուրջը։
Մեկ այլ արաբ աշխարհագրագետ՝ Իբն Խաուկալը, խոսելով Հայաստանի քաղաքների մասին, բնութագրում է հայկական գործվածքներն ու դրանց կարեւորությունը Արեւելքի միջազգային շուկայում հետեւյալ կերպ.
Այս քաղաքներում եւ դրանց միջեւ ընկած շրջաններում կան ապրանքներ, զանազան ներմուծվող իրեր, ինչպես նաեւ անհրաժեշտ կենդանիների տարբեր տեսակներ, ոչխարներ, որոնք արտահանվում են տարբեր երկրներ։ Արտահանվող ապրանքների շարքում են նաեւ Սալմաստում պատրաստված հայկական հարգի գորգերն ու քուղերը, որոնց հատը վաճառվում է 1-10 դինարով։ Նման ապրանքներ պարզապես անհնար է գտնել այլ երկրներում։
Վ. Բարտոլդն իր աշխատությունում նշում է, որ հայկական գորգերը շատ մեծ անուն էին ձեռք բերել արեւելքում, իսկ այդ շրջանի ժամանակակիցները կարծում էին, որ հայկական գորգերն օժտված են յուրահատուկ առանձնահատկություններով։ Գորգեր ու կարպետներ էին գործվում Խոյում, Բերկրիում, Արճեշում, Թավրիզում, Խլաթում, Նախիջեւանում, Բիթլիսում, Կեսարիայում, Սեբաստիայում, Ղարաբաղում եւ այլ հայկական եւ հայաբնակ քաղաքներում եւ համայնքներում։ 11-րդ դարի պարսիկ պատմաբան Աբու Սաիդ Դարդիզին, նկարագրելով Քադիր խանի ընդունելությունը, նշում է, որ էմիրը խանին որպէս ընծա մատուցում է հայկական թանկարժեք գորգեր։ Հայ ջուլհակների արտադրանքը համաշխարհային հռչակ էր վայելում եւ բարձր էր գնահատվում տարբեր երկրների արքունիքներում։ Օրինակ, պարսիկ արքունի գիտնական Խալիլ աս Սաբին, նկարագրելով խալիֆի հագուկապն ու սպասքը, նշում է, որ գահի բարձն ու խալիֆին պատկանող այլ շքասենյակների բարձերը գործված են հայկական թելից։ Իսկ արաբ հեղինակ Աբդ ար Ռաշիդ ալ Բակուվին նշում է, որ հայ գորգագործները հմտորեն տիրապետում են գորգագործական արհեստին։
Միջնադարում հայկական գորգերն այնքան յայտնի էին, որ դրանք եւ, առհասարակ, հայկական ջուլհակագործությունը ստացել էին «հայկական թելեր» բնորոշումը։ Այսպես, 10-րդ դարի արաբ աշխարհագրագետ եւ ճանապարհորդ Իբն Խաուկալը հիացած նշում է հետեւյալը.
Ինչ վերաբերվում է հայկական թելերի արտադրանքին, դրանք են բուտը, նստոցները, գորգերը, ծածկոցներն ու բարձերը, ապա դրանց նմանը չկա աշխարհի ոչ մի ծայրում։
Արաբական խալիֆայության դեսպան Իբն Ֆադլանը, ով ճանապարհորդել է Վոլգա գետի ափին բնակվող բուլղարների երկիրը, իր գրություններում նշում է, որ դեռ 10-րդ դարի 20-ական թվականներին այդտեղ հաստատված հայկական գաղութում զբաղվում էին գորգագործությամբ։ Ըստ նրա՝ կամյան բուլղարների թագավորի վրանը, ուր կարող էր տեղավորվել 1000 հոգի, ամբողջությամբ ծածկված էր հայկական գորգերով։
Հայկական գորգեր էին մատուցվում նաեւ Բաղդադի խալիֆին՝ իբրեւ տուրք։ յայտնի է, որ 10-րդ դարի սկզբին Հայաստանից Բաղդադ էին ուղարկվել 400 ձի, 30000 դինար եւ 7 հայկական գորգ։ Դրանցից մեկն եղել է 60 x 70 կանգուն (մոտ 18 x 18 մ)։ Նշվում է նաեւ, որ հայ գորգագործներն աշխատել են այդ գորգի վրա 10 տարի։
9-11-րդ դարերում հայկական գաղութներ են ձեւավորվում Եգիպտոսում, Ուքրանիայում, Լեհաստանում, Պուլղարիայում, Ռումինիայում եւ Հունգարիայում։ Այստեղ հայերը կրկին սկսում են զբաղվել արհեստներով, այդ թվում նաեւ գորգագործությամբ։ Ըստ ռուս պատմաբաններ Կարամզինի եւ Գլինկայի՝ դեռ 11-րդ դարի 60-ական թվականներին Կիեւում ձեւավորվել է հայկական գաղութ, որը հաջորդ հարյուրամյակում վերածվում է ինքնուրույն տարրի։ Տեղացի հայերը զբաղվում էին նաեւ ակնագործությամբ։ Այս ամենի հետեւանքով գաղութներ են ձեւավորվում նաեւ Աստրախանում, Նոր Նախիջեւանում, Թեոդոսիայում, Մոսկուայում, այնուհետեւ նաեւ Սանկտ Պետերբուրգում։ Այս երկրներում գոյություն ունեցող հայկական գաղութների տարածքներում գտնված թելերը, որոնք նման են Անիում պեղված թելերի մնացորդներին, վկայում են վերաբնակիչների՝ իրենց հայրենիքի հետ պահպանած կապի մասին։
Նշանավոր վենետիկցի ճանապարհորդ Մարկո Պոլոն, ով 13-րդ դարին եղել է Արեւմտյան Հայաստանում, իր «Գիրք աշխարհի զանազանության շուրջ» աշխատության 11-րդ գլխում անդրադառնում է հայերի ապրելակերպին եւ նշում հետեւյալը. Այստեղ, ինչպես գիտեք, արտադրվում են աշխարհի ամենաբարակ եւ ամենագեղեցիկ գորգերը, հյուսվում են նաեւ կարմիր եւ այլ գույների ընտիր եւ հարուստ գործվածքներ։ Պատրաստվում են նաեւ շատ այլ արտադրանքներ։
|Թարգմանութիւն =
Միջնադարը կը համարուի հայկական գորգագործութեան ոսկեդարը, քանի որ ճիշդ այս ժամանակաշրջանին կը սկսի ի յայտ գալ հայկական գորգի որոշակի ոճային իւրայատկութիւնները։ Պահպանուած են վաղ միջնադարեան հայկական գորգերու փոքր պատառիկներ, որոնք գտնուած են հայկական մատեաններու կազմերուն մէջ վերականգնման ժամանակ։ Միջնադարեան մատեաններուն մէջ զետեղուած պատկերազարդումները եւ մանրանկարները կարելիութիւն կ՝ ընձեռեն նաեւ պատկերացում ունենալու, թէ ինչպիսի՞ տեսք ունէին միջնադարեան հայկական գորգերը։ Անոնց ձեւերուն եւ ոճերուն մէջ հիմնականօրէն կարելի է զատել հետեւեալները՝
- Վիշապագորգ – սովորաբար կ՝ ունենան վիշապներու, կենաց ծառի, փիւնիկի պատկերներ, նաեւ եռանկիւնաձեւ, ատամնաւոր շեղանկիւնով եւ յաւերժութեան նշանով զարդանախշեր։
13-րդ դարուն վիշապագորգերը սովորաբար ներկուած են որդան կարմիրով[27]։ Միջնադարում հայերը յայտնի են եղել որպէս որդան կարմիրով[28]։ Միջնադարուն հայերը յայտնի եղած են որպէս որդան կարմիրով ներկող վարպետներ (Շահ Ապասը Ճուղայէն մօտ 10 000 հայ տարագրած է Սպահան՝ հիմնելով Նոր Ճուղան։ Անոնց մէջ շատ որդան կարմիրի վարպետներ եղած են )։
- Արծուագորգ – ունեցած են արծիւներու խորհրդանշական պատկերներ։
- Օձագորգ – ունեցած են օձի պատկերներ՝ մէջտեղը արեւու սկաւառակի նշաններով։
Նիկողայոս Մառը, որ պեղումներ կատարած է Հայաստանի միջնադարեան մայրաքաղաք Անիին մէջ, կը վկայէ․
Որ քաղաքի հարուստներու տուներուն մէջ բացի որմնախորշերուն, ամէն ինչ հարթ էր, քանի որ ներսէն տունը ամբողջութեամբ ծածկուած էր գորգերով կամ այլ նախշազարդ գործուածքներով։ Անիի քարի վարպետներուն համար, ի հարկէ, դժուար էր յաջողութեամբ մրցիլ այսպիսի արհեստի հետ։ Երբ Անիին մէջ կը գտնենք տան պատերուն եւ առաստաղին եղած ծեփի եւ գրութիւններու հետքեր, հիմք կայ կարծելու, որ անոնք շինծու են՝ գորգերով եւ գործուածքներով սենեակներու հարուստ կահաւորանքը փոխարինելու մատչելի եղանակ։ Որոշ տուեալներու համաձայն՝ հայերու մօտ այս արհեստը կը գտնուէր զարգացման բարձր մակարդակի վրայ[29]։ |
Նման կարծիք կար շատ վաղ ժամանակէն, իսկ 1912 թուականի պեղումները թոյլ կու տան, որ բարձրաձայնել զայն։
Երբ 645 թուականին արաբները ներխուժեցին Հայաստան, հայերը սկսան տուրք վճառել խալիֆայութեան, որ կը ներառէր նաեւ ամէն տարի մատուցուող 20 գորգ[30]։ Եւ հակառակ առկայ արաբական տիրակալութեան, միջնադարուն Բագրատունեաց Հայաստանը ապրեցաւ տնտեսական վերելքի շրջան շնոհիւ առաջին կագին՝ խալիֆայութան տիրակալութեան տակ գտնուող այլ երկիրներու հետ հաստատուած լայն առեւտրական եւ տնտեսական արաբերութիւններու շնորհիւ[31]։ Այսպիսով, արհեստաւորներու կողմէն պատրաստուած հայկական գորգերու եւ այլ գործուածքներու անունը տարածուեցաւ Քամա գետի ափին բնակութիւն հաստատած պուլկարներու թագաւորութենէն մինչեւ Թուրքմենիստան եւ Պաղտատէն մինչեւ Պոլիս։ 9-րդ դարու արաբ աշխարհագրագէտ եւ ճանապարհորդ Ըպն Եաքուպը կը նշէ, որ «Հիշամ խալիֆի պատուէրով Հայաստանի մէջ կը պատրաստուէին գորգեր եւ գործուածքներ»[32]։ Սիմէոն Մագիստրոսի ժամանակագրութեան մէջ կը յիշատակուի, որ 819 թուականին պուլկարներու արշաւանքներէն մէկուն ժամանակ բիւզանդացիներէն կողոպտեցին հարուստ աւաններ, որոնց մեջ կային հայկական բարձրորակ գորգեր[33][34]։
Հայ վաճառականներու միջոցով հայկական գորգերը տարածուած են աշխարհի տարբեր երկիրներու շուկաներուն մէջ[35]։ Շարք մը հեղինակներու, այդ թիւին նաեւ 10-րդ դարու արաբ ճանապարհորդ Ապու Տուլաֆի հաղորդումով՝ Հայաստանի մէջ ամէն կիրակի կը կազմակերպուէր տօնավաճառներ, ուր տարբեր ապրանքներէ բացի կը վաճառուէին պոյուններ (ոչխարի բուրդէն պատրաստուած հայկական գործուածք) եւ գորգեր[36]։[37]։
Գորգագործական արհեստի զարգացման, որոշ չափով, կը նպաստէին Հայաստանի մէջ պատրաստուող ներկերը, որոնք կը հաղորդէին գորգին եզակիութիւն եւ վառ երանգաւորում։ Յատկապէս կ՝ օգտագործուէր կարմիր գոյնը, որ կը ստանային Հայաստանի մէջ շատ տարածուած կարմրորդ կոչուող միջատէն։ 10-րդ դարուն արաբ հեղինակ Ալ Իսթախրին, անդրադառնալով Արտաշատ քաղաքին, կը պատմէ հետեւեալը.
Այս քաղաքին մէջ կը պատրաստեն բրդեայ շրջազգեստներ, գորգեր… եւ այլ հայկական արտադրանքներ։ Այստեղ կը պատրաստուի նաեւ «քըրմըզ» կոչուող հայկական ներկը, որմով կը ներկեն մահուդը (կերպաս)։ Ես պարզաբանեցի, որ այն կը պատրաստուի որդի մէկ տեսակէն, որ, շերամի նման, իր շուրջը կը մանէ[38]։ |
Մէկ այլ արաբ աշխարհագրագէտ՝ Ըպն Խաուքալ, խօսելով Հայաստանի քաղաքներու մասին, կը բնութագրէ հայկական գործուածքները եւ իրենց կարեւորութիւնը Արեւելքի միջազգային շուկային մէջ հետեւեալ ձեւով.
Այս քաղաքներուն եւ իրենց միջեւ ինկած շրջաններուն մէջ կան ապրանքներ, զանազան ներմուծուող իրեր, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կենդանիներու տարբեր տեսակներ, ոչխարներ, որոնք կ՝արտահանուին տարբեր երկիրներ։ Արտահանուող ապրանքներու շարքին են նաեւ Սալմաստի մէջ պատրաստուած հայկական յարգի գորգերը եւ քուղերը այսինքն ոլորուած ՝ թել, դերձան, պարան, որոնց մէկ հատը կը ծախուէր 1-10 տինարով։ Նման ապրանքներ պարզապէս անկարելի է գտնել այլ երկիրներուն մէջ[39]։ |
Վ. Պարթոլտը իր աշխատութեան մէջ կը նշէ, որ «հայկական գորգերը շատ մեծ անուն ձեռք բերած էին Արեւելքի մէջ[40], իսկ այդ շրջանի ժամանակակիցները կը կարծէին, որ հայկական գորգերը օժտուած են իւրայատկութիւններով[40]։ Գորգերը եւ կարպետները կը գործուէրին Խոյի, Բերկրիի, Արճէշի, Թաւրիզի, Խլաթի, Նախիջեւանի, Պիթլիսի, Կեսարիոյ, Սեբաստիոյ, Ղարաբաղի եւ այլ հայկական եւ հայաբնակ քաղաքներու եւ համայնքներու մէջ։ 11-րդ դարու պարսիկ պատմաբան Ապու Սայիտ Տարտիզին, նկարագրելով Քատիր խանի ընդունելութիւնը, կը նշէ, որ էմիրը խանին որպէս ընծայ կը մատուցէ հայկական թանկարժէք գորգեր[41]։ Հայ ջուլհակներու արտադրանքը համաշխարհային հռչակ կը վայելէր եւ բարձր կը գնահատուէր տարբեր երկիրներու արքունիքներուն մէջ։ Օրինակ, պարսիկ արքունի գիտնական Խալիլ Աս Սապին, նկարագրելով խալիֆի վրայ գլուխն ու սպասքը, կը նշէ, որ գահի բարձն ու խալիֆին պատկանող այլ շքասենեակներու բարձերը գործուած են հայկական թելէն[42]։ Իսկ արաբ հեղինակ Ապտըլ Ռաշիտ Ալ Պաքուին կը նշէ, որ «հայ գորգագործները հմտօրէն կը տիրապետեն գորգագործական արհեստին[10]։
Միջնադարուն հայկական գորգերը այնքան յայտնի էին, որ անոնք եւ, ընդհանրապէս, հայկական ջուլհակագործութիւնը ստացած էին «հայկական թելեր» բնորոշումը։ Այսպէս, 10-րդ դարու արաբ աշխարհագրագէտ եւ ճանապարհորդ Ըպն Խաուքալը հիացած կը նշէ հետեւեալը.
Ինչ կը վերաբերի հայկական թելերու արտադրանքին, ատոնք են պութը (մաքոք), նստոցները (բազմոցներ), գորգերը, ծածկոցներն ու բարձերը, ապա անոնց նմանը չկայ աշխարհի ոչ մէկ ծայրը[43]։ |
Արաբական խալիֆայութեան դեսպան Ըպն Ֆատլան, որ ճանապարհորդած է Վոլկա գետի ափին բնակուող պուլկարներու երկիրը, իր գրութիւններուն մէջ կը նշէ, որ «նոյնիսկ 10-րդ դարու 20-ական թուականներուն այդտեղ հաստատուած հայկական գաղութը կը զբաղէին գորգագործութեամբ։ Ըստ իրեն՝ քամեան պուլկարներու թագաւորին վրանը, ուր կարելի է տեղաւորել 1000 հոգի, ամբողջութեամբ ծածկուած էր հայկական գորգերով[44]։
Հայկական գորգերը կը մատուցուէին նաեւ Պաղտատի խալիֆային՝ իբրեւ տուրք։ Յայտնի է, որ 10-րդ դարու սկիզբը Հայաստանէն Պաղտատ ուղարկուած է 400 ձի, 30000 տինար եւ 7 հայկական գորգ։ Ատոնցմէ մէկն ալ եղած է 60 x 70 կանգուն (մօտ 18 x 18 մ)։ Կը նշուի նաեւ, որ հայ գորգագործները 10 տարի աշխատած են այդ գորգին վրայ[44]։
9-11-րդ դարերու հայկական գաղութներ կը ձեւաւորուին Եգիպտոս, Ուքրանիա, Լեհաստան, Պուլկարիա, Ռումանիա եւ Հունգարիա։ Այստեղ հայերը կրկին կը սկսին զբաղիլ արհեստներով, ներառեալ գորգագործութեամբ։ Ըստ ռուս պատմաբաններ Քարամզինի եւ Կլինքայի՝ նոյնիսկ 11-րդ դարու 60-ական թուականներուն Քիեւի մէջ ձեւաւորուած է հայկական գաղութ, որ յաջորդ հարիւրամեակին կը վերածուի ինքնուրոյն տարրի։ Տեղացի հայերը կը զբաղուէին նաեւ ակնագործութեամբ[45]։ Այս բոլորի հետեւանքով գաղութներ կը ձեւաւորուին նաեւ Աստրախանի, Նոր Նախիջեւանի, Թէոդոսիոյ, Մոսկուայի, այնուհետեւ նաեւ Ս․ Փեթերսպուրկին մէջ։ Այս երկիրներուն մէջ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութներու տարածքներուն գտնուած թելերը, որոնք նման են Անիի մէջ պեղուած թելերու մնացորդներուն, կը վկայեն վերաբնակիչներու պահպանած կապը իրենց հայրենիքին հետ[46]։
Նշանաւոր վենետիկցի ճանապարհորդ Մարքօ Փոլոն, որ 13-րդ դարուն եղած է Արեւմտեան Հայաստան, իր «Գիրք աշխարհի զանազանութեան շուրջ» աշխատութեան 11-րդ գլխուն կ՝ անդրադառնայ հայերու ապրելակերպին եւ կը նշէ հետեւեալը.
Այստեղ, ինչպէս գիտէք, կ՝արտադրուին աշխարհի ամենաբարակ եւ ամենագեղեցիկ գորգերը, կը հիւսուին նաեւ կարմիր եւ այլ գոյներու ընտիր եւ հարուստ գործուածքներ։ Կը պատրաստուին նաեւ շատ այլ արտադրանքներ[47]: |
17 — 19-րդ դարեր
ԽմբագրելՊատմական Հայաստանի ողջ տարածքը՝ 13-18-րդ դարերու ընթացքին, եղած է թուրքմենական տարբեր ցեղերու, ապա թուրք-պարսկական անընդմէջ պատերազմներու թատերաբեմ։ Անոնք ենթարկուած են համատարած աւարառութեան եւ թալանի, որուն արդիւնքով ալ հայոց մշակութային արժէքները, ներառեալ՝ գորգերը, դարձած են նուաճողներու եւ իրենց մզկիթներու սեփականութիւնը։
1604 թուականին թուրք-պարսկական պատերազմի ընթացքին Պարսկաստանի Շահ Ապպաս Ա․-ը հայերուն կը վերաբնակեցնէ Պարսկաստանի ներքին շրջաններուն՝ Անդրկովկասը իր տիրապետութեան տակ պահելու եւ երկրին արհեստն ու առեւտուրը զարգացնելու նպատակով։ Վերաբնակեցուածներուն մէջ էին նաեւ Ջուղայի արհեստաւորները։ Հայ պատմիչ Առաքել Դավրիժեցին կը վկայէ, որ Ջուղայի մէջ Շահ Ապպասի հետ հանդիպման ժամանակ անոր ամբողջ ճանապարհը ծածկուած էր գորգերով.
Շահի ճանապարհը զարդարուած էր. գետի ափէն մինչեւ հոճա Խաչիկի պալատ տանող ամբողջ ճանապարհը զարդարուած էր գորգերով, թանկարժէք եւ շքեղ գործուածքներով[48]։ |
1667 թուականին Ռուսաստանի եւ Նոր Ջուղայի Հայկական առեւտրային ընկերութեան միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր, որուն համաձայն հայ առեւտրականներուն կը տրուէին արտօնութիւններ. անոնք կրնային զբաղիլ առեւտուրով ջրային ուղիներով՝ Աստրախանէն մինչեւ Արխանկելսք եւ կրնային բեռցնել եւ ծանրութիւններ փոխադրել Ռուսաստանէն դէպի արեւմտեան Եւրոպա[49]։ 17-րդ դարու չեխ գիտնական Իրժի Դաւիթը իր աշխատութեան մէկուն մէջ կը նշէ, որ Ռուսաստան ներածուող այլ ապրանքներու շարքին կային գորգեր եւ մետաքս[50]։
18-րդ դարուն Արեւելեան Հայաստանը դարձաւ կարեւոր տնտեսական կեդրոն։ Այդ տեղով կ՝ անցնէին Եւրոպան Ասիոյ հետ կապող առեւտրային ճանապարհները։ Հայաստանի քաղաքներու դերը մեծցաւ, ուր սկսան կառուցուիլ պահեստներ Եւրոպայէն, Չինաստանէն, Հնդկասատանէն, Իրանէն եւ Թուրքիայէն բերուող ապրանքներուն համար։ Հայաստանը, բացի այլ ապրանքներէ, կ՝արտահանէր ղարաբաղեան թելեր եւ իւրայատուկ երանգաւորութիւն եւ զարդանախշային ձեւաւորութիւն ունեցող գորգեր[51]։ Հայկական առեւտրային տուները, բացի ներկայացուցչութիւններէն, ունէին նաեւ անձնական շուկաներ այլ երկիրներու մէջ։ Այսպէս՝ Սպանացի ճանապարհորդ Տոն Կոնզալեսը, որ 1730 թուականին այցելած էր Լոնտոն, կը գրէ, որ հայկական շուկան գտնուած է արեւելքէն Սմիթսընեան փողոց, իսկ հիւսիսէն Թրետնիտլ փողոցը[52]։
19-րդ դարու երկրորդ կէսին գորգագործութիւնը նոր վերելք կ՝ ապրի։ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գորգեր կը գործուէին Կարնոյ, Պայազիտի, Մանազկերտի, Մուշի, Սասնոյ, Վանի, Ախթամարի, Նորշէնի, Ոստանի, Արծկէի, Բերկրիի, Մոկքի, Շատախի, Ակնի եւ հայկական բնակչութիւն ունեցող այլ քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ։ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Անդրկովկասի քաղաքները, ուր կը բնակէին մեծ քանակութեամբ հայեր, գորգագործութեան կեդրոններն էին՝ Կարինը, Երեւանը, Օլթին, Սուրմալուն, Կաղզուանը, Ղարաքիլիսան, Իջեւանը, Ղասախը, Խնձորեսկը եւ Դիզակը (Հադրութ), 16-18-րդ դարերուն՝ Ջրաբերդը (Մարտակերտի շրջան) եւ Ղարաբաղը, 19-րդ դարուն՝ Ալեքսանտրապոլը (Գիւմրի), Ախալքալաքը, Ախլցխան, Թիֆլիսը, Բորչալուն, Նախիջեւանը, Ագուլիսը, Գանձակը, Պարտաւը, Շուշին եւ Լոռիի մարզը։
Հայկական գորգագործութիւնը իրանի մէջ կը յայտնուի կարճատեւ ճգնմաժամի, որ առաջին կարգին պայմանաւորուած Էր Ռուսաստանի կողմէն հայաբնակ տարածքներու նուաճումով։ Սակայն շուտով Իրանի մէջ կ՝ իրականացուին բարեփոխումներ, որուն արդիւնքով երկիրի ողջ տարածքին կը բացուին հայկական առեւտուրի տուներ։ Հայ առեւտրականները, օգտուելով շահերու բարեհաճութենէն, առեւտրական կապեր կը հաստատեն Հնդկաստանի, Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի հետ՝ արտահանելով թելեր եւ գորգեր[51]։
19-րդ դարուն սկիզբ դրուեցաւ արեւելեան, ինչպէս նաեւ՝ հայկական գորգերու ուսումնասիրութեան եւ հաւաքողական աշխատանքները։ Հայկական գորգերը սկսան ուսումնասիրուիլ, իբրեւ գեղարուեստի առանձին ճիւղ եւ արժանացան շարք մը ուսումնասիրողներու եւ հնահաւաքներու ուշադրութեան։ 19-րդ դարու վերջը Իրանի, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ արտադրուած գորգերու հիման վրայ ձեւաւորուեցաւ աշխոյժ եւրոպական շուկայ։ Որոշ առեւտրականներ բացին գորգերու խանութներ Անգլիոյ մէջ՝ վստահելով գնման եւ փոխադրման ցանցին, որ ստեղծուած էր հիմնականօրէն հայ եւ թաւրիզեցի առեւտրականներու կողմէն[53]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ [Է. Աղայան, Արդի հայերէնի բացատրական բառարան, հատոր առաջին, 1976, Երեւան, էջ 254]
- ↑ Գ. Ղափանցյան, Հայոց լեզվի պատմություն, 1961, Երեւան, Գ. Ջահուկյան, «Հայոց լեզվի պատմություն. նախագրային ժամանակաշրջան», 1987, Երեւան
- ↑ М. В. Бабенчиков. Народное декоративное искусство Закавказья и его мастера. Госархитектуриздательство, 1948. 173 с. С. 67
- ↑ Puhvel, Jaan, Hittite etymological dictionary. vol. 4. Berlin, New York, Amsterdam: Mouton, pp. 267-268
- ↑ Ոչ ոք արկանէ կապերտ անթափ՝ ի վերայ հնացեակ ձորձոյ (Ավետարան ըստ Մատթեոսի 9:16)
- ↑ Հ. Աճառյան, հայերէն արմատական բառարան, հատոր Բ, Երեւան, 1973, էջ 523-524
- ↑ Հ. Մարտիրոսյան, «Մանածագործությունը և գորգագործությունը պատմական Հայաստանում, մասնավորապես՝ Արցախում»
- ↑ Ա. Սուքիասյան, «Կիլիկիայի հայկական պետության և իրավունքի պատմություն», Երեւան, 1978, էջ 100
- ↑ David Tsitsishvili, Գերիմով, Ստեփանյան Rugs and Carpets from the Caucasus, 1984, Leningrad, № 672(7-20); p. 100
- ↑ 10,0 10,1 Абд ар-Рашид ал-Бакуви «Книги о памятниках и чудеса царя могучего» Пятый климат
- ↑ Ա. Տեր-Ղևոնդյան, «Արմենիա ի արաբսկիյ խալիֆատ», ՀՀ ԳԱԱ հրատարակչություն, Երեւան, 1977, էջ 205-206
- ↑ Deutscher Kaliverein, “Kali,” Brill Archive, 1907, p. 109
- ↑ Արթուր Թելֆեյան, «Բնական կարմիր ներկանյութերի օգտագործումը տեքստիլ արվեստում. հայկական որդան կարմիր», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 32
- ↑ Հրաչ Կոզիբեյոկյան, «Զարդանախշերի փոխկապակցվածությունը հայոց գորգերի գեղազարդման համակարգում», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 47
- ↑ Տեր Ասողիկ քահանա Կարապետյան, Աշխունջ Պողոսյան, «Մայր աթոռի թանգարաններում պահվող գորգերի հավաքածուն», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 77
- ↑ Մելանյա Բալայան, «Արցախի գորգագործական մշակույթի ուսումնասիրման հարցի շուրջ», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 17
- ↑ Ստեֆանո Իոնեսկու, «Ռումինիայի հայ գորգագործները», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 35
- ↑ Ջանիս Բեդուկյան, «Հայկական կարպետներ եվ կարպետագործ գործվածքներ. կառուցվածքի ու զարդահորինվածքի համեմատական ուսումնասիրություն», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 23
- ↑ Լուսինե Մարգարյան, «Արենի 1 քարայրի նորահայտ գործվածքները որպէս հայկական մանածագործության ուսումնասիրության սկզբնաղբյուր», հայկական հանգույց. գորգարվեստի ավանդույթները, միջազգային գիտաժողով, զեկուցումների դրույթներ, էջ 56
- ↑ Աշխունջ Պողոսյան, «Պազիրիկ գորգի ծագումնաբանության մասին»,«Էջմիածին», ԺԲ, 2008, էջ 63-79
- ↑ Геродот, Книга 1, глава 203, русский перевод Мищенко, Москва, 1888, т. 1, стр. 106
- ↑ Геродот, Книга I Клио, пункт 194
- ↑ Я. Манандян, “О торговле и городах Армении в связи с мировой торговлей древних времен (V в. до н. э. — XV в. н. э.)”, Ереван, 1954
- ↑ Փավստոս Բուզանդ, «Հայոց պատմություն», Երեւան, 1987, էջ 133
- ↑ 25,0 25,1 Л. С. Гавриленко, Р. Б. Румянцева, Д. Н. Глебовская, Применение тонкослойной хромотографии и электронной спектроскопии для анализа красителей древних тканей. Исследование, консервация и реставрация этнографических предметов. Тезисы докладов, СССР, Рига, 1987, стр. 17-18. (PDF) (ռուս.)
В ковре нити темно-синего и голубого цвета окрашены индиго по карминоносным червецам, нити красного цвета - аналогичными червецами типа араратской кошенили.
- ↑ 26,0 26,1 [[:File:Ashkhunj Poghosyan, On origin of Pazyryk rug, Yerevan, 2013(2).pdf|Աշխունջ Պօղոսեան, «Պազիրիկ» գորգի ծագումնաբանութեան մասին, Երեւան, 2013, էջ 1-21 (հայ.), էջ 22-37 (անգլերէն) (PDF)]]
- ↑ Յ. Քիւրտեան, Որդան (կարմիր) կամ Kirmiz, Վենետիկ-Սբ. Ղազար, 1932։
- ↑ [: http://www.jstor.org/stable/594255 H. Kurdian, Kirmiz,- "Journal of the American Oriental Society", Vol. 61, No. 2 (Jun., 1941), pp. 105-107.]
- ↑ Նիկողայոս Մառ, «Անի», 1939, Երեւան, էջ 197
- ↑ Всемирная история. Армения. Между арабами и Византией
- ↑ «Повествование вардапета Аристакэса Ластиверци» М. 1968.Юзбашян К. Н. предисловие
- ↑ Ա. Տեր-Ղևոնդյան, «Հայաստանն ու Արաբական խալիֆայությունը», ՀՀ ԳԱԱ հրատարակչություն, Երեւան, 1977, էջ 205-206
- ↑ Ա. Տեր-Ղևոնդյան, «Հայաստանն ու Արաբական խալիֆայությունը», ՀՀ ԳԱԱ հրատարակչություն, Երեւան, 1977, էջ 206
- ↑ Առաքելյան Բ․, Քաղաքները և արհեստները Հայաստանում IX-XIII դդ., Երեւան, 1958, էջ 146
- ↑ Յ. Քիւրտեան, Գորգը Հայոց մօտ, Վենետիկ-Սբ. Ղազար, 1947։
- ↑ Абу Дулаф «Вторая записка» Булгаков П. Г.; Халидов. А. Б. Москва Наука.1960 страница 41, տես 138-139 ծանոթագրությունները http://www.vostlit.info/Texts/rus8/Dulaf/primtext.phtml#139
- ↑ Сведения арабских писателей о Кавказе, Армении и Адербейджане: VII. Ал-Мукаддасий // Сборник материалов для описания местностей и племен Кавказа. Вып. 38. Тифлис. 1908
- ↑ КАРАУЛОВ Н. А. «Сведения арабских писателей X и XI веков по Р. Хр. о Кавказе, Армении и Адербейджане»
- ↑ Ա. Տեր-Ղևոնդյան, «Հայաստանն ու Արաբական խալիֆայությունը», ՀՀ ԳԱԱ հրատարակչություն, Երեւան, 1977, էջ 250
- ↑ 40,0 40,1 В. Бартольд, "Историко-географический обзор Ирана," СПб, 1903, стр. 150
- ↑ Абу Саид Гардизи «Украшение известий», глава LXVIII Описания собрания и приема гостя
- ↑ Хилал ас-Саби «Установления и обычаи двора халифов» перевод И. Б. Михайловой, Москва, Наука, 1983, глава 6, стр. 66
- ↑ Сведения арабских писателей о Кавказе, Армении и Адербейджане: IX. Ибн-Хаукаль // Сборник материалов для описания местностей и племен Кавказа. Вып. 38. Тифлис. 1908
- ↑ 44,0 44,1 Путешествие Ибн-Фадлана на Волгу. Перевод и комментарий под редакцией академика Крачковского И. Ю. М.-Л. 1939, стр. 73
- ↑ Древнее золото Крыма. Армяне
- ↑ «Древняя Русь. Город, замок, село» Издательство «Наука», 1985, стр. 391
- ↑ Марко Поло, «Книга о разнообразии мира», глава XXI
- ↑ [Առաքել Դավրիժեցի, «Գիրք պատմութեանց», տպ. Ս. Էջմիածնի և Ս. Սարգսի, Ամստերդամ, 1669]
- ↑ Российская Федерация. Этнография
- ↑ Иржи Давид, "Современное состояние Великой России, или Московии," Вопросы истории, № 4, Москва, 1968
- ↑ 51,0 51,1 Armenians in Iran (ca. 1500—1994)
- ↑ Խաչատուր Դադայան, «Հայոց առևտրատնտեսական ներկայությունն աշխարհում», «Բելգիա», թիվ (14), 2007 թ.
- ↑ Leonard Helfgott, Carpet Collecting in Iran, 1873—1883: Robert Murdoch Smith and the Formation of the Modern Persian Carpet Industry, p.177