Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան

Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան (կամ՝ Հրաչ Կոզիբեյոկյան, անգլ.՝ Hratch Kozibeyokian, ծնած 12 Օգոստոս, 1951) Ամերիկահայ մասնագէտ է արեւելեան գորգագործութեան:[1][2]

Հրաչ Կէօզիւպէօիւքեան
Ծնած է 12 Օգոստոս 1951(1951-08-12) (73 տարեկան)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Մասնագիտութիւն վաճառող

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կէօզիւպէօիւքեան ծնած է 1951 թուականին, Հալէպ, Սուրիա, հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրող ընտանիքի մը մէջ: Ան հասակ նետած է Լիբանանի մէջ, շրջապատուած երկարամեայ հայկական գորգագործութեան վարպետ ընտանիքի անդամներով: Անոր ընտանիքը Այնթապէն ու Զէյթունէն են:

1977 թուականին կը փոխադրուի ԱՄՆ միանալու իր հօր գորգագործութեան առեւտրական ընկերութեան: 1979 թուականին կը հաստատուի Լոս Անճելըս եւ կը ստանայ Պսակաւոր Արուեստից վկայականը Մշակութային Մարդաբանութեան ոլորտին մէջ Չափմըն Համալսարանէն: 1990 թուականին կը հիմնէ KO'Z'Craft, աշխատանոց մը որ կը վերանորոգէ եւ պահպանէ ձեռագործ կտորներ եւ գորգեր: Աշխատանոցին գործերը Արեւմտեան Հոլիուուտի մէջ ցուցադրուած են:[3] Կէօզիւպէօիւքեան ունի մեծ հաւաքածոյ մը հայկական եւ Կովկասեան իւրայատուկ գորգերու: Ան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ եւ դասախօսութիւններ ծրագրած է, եւ մասնակցած է շատ մը համագումարներու, ուրիշին հրամցնելով հին հայկական գորգագործութեան մշակոյթ:[4]

Կէօզիւպէօիւքեան առաջինն էր որ ստեղծեց ակադեմական դասապահ մը Հայկական գորգագործութեան պատմութեան մասին Հայագիտութեան Ծրագրի հովանիին տակ Քալիֆորնիոյ Նահանգի Համալսարանէն (Նորթռիճ) (անգլ.՝ California State University, CSUN): Ան նաեւ դասախօսած է նոյն նիւթով կարգ մը երկրորդական դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ: Ան գրած է բազմաթիւ յօդուածներ հայկական գորգագործութեան պատմութեան, ձեւաւորման եւ մշակոյթին մասին: Կէօզիւպէօիւքեանին մասնագիտութիւնը կը գովաբանուի բազմաթիւ արուեստաճանաչներու եւ գորգագործութեան գիտակներու ու հաւաքածոներու պատասխանատուներու կողմէ:[5]

1998 թուականին, Կէօզիւպէօիւքեան միացաւ Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան եւ ընտրուեցաւ մաս կազմելու Ընկերակցութեան յանձնախումբին բազմաթիւ անգամներ:[6]

2005 թուականին, Los Angeles Magazine հարթակը զինք անուանեց «գորգի բժիշկը»,[7][8] եւ «լաւագոյն գորգ նորոգողը Լոս Անճելըսի մէջ»:[9]

2014 թուականին, Կէօզիւպէօիւքեանը, իբր Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան (անգլ.՝ Armenian Rugs Society) ներկայացուցիչ, հրաւիրուած էր ներկայացնելու Նախկին Նախագահ Քալվին Քուլիճի Հայ Որբերու Գորգը Սպիտակ Տան մէջ: Իրադարձութիւնը մեծ տեղ գրաւեց տեղական եւ միջազգային մամուլին մէջ:[10][11][12][13]

2015 թուականին Հրաչ Կէօզիւպէօիւթեան միաձայնօրէն ընտրուեցաւ Հայկական Գորգերու Ընկերակցութեան նախագահը:[14]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Swartley Ariel (13 February 2010)։ «At Ko 'Z' Craft, an art woven in time»։ Los Angeles Times 
  2. «About»։ ruglink.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-09-16-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-01 
  3. «Hratch Kozybeyokian»։ armenianrugssociety.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-11-08-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-01 
  4. «Armenian Journey Lecture Series»։ downtowngrid.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-01-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-24 
  5. «"Armenian Genocide Survivors and the Woven Art" Conference at CSUN»։ MassisPost։ 7 March 2014 
  6. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-09-10-ին։ արտագրուած է՝ 2021-03-02 
  7. Los Angeles Times (12 February 2010)։ «Rug doctor Hratch Kozibeyokian and staff at work»։ latimes.com 
  8. «Torn? Unraveled? Sun faded? Emergencies are no problem for Ko 'Z' Craft's rug doctor»։ Los Angeles Times 
  9. «Ko-Z-Craft»։ Los Angeles Magazine։ 28 March 2011 
  10. «The Armenian rugs that tell two stories»։ BBC News 
  11. «Armenian Orphan Rug, symbol of tragic past, is briefly on view»։ mcclatchydc 
  12. Mikailian Arin (28 October 2015)։ «Rug woven by orphaned survivors of the Armenian Genocide to go on display»։ Glendale News-Press (Los Angeles Times) 
  13. Ghazanchyan Siranush (29 October 2015)։ «Rug woven by orphaned survivors of the Armenian Genocide to go on display»։ Public Radio of Armenia 
  14. «"Woven Legacy: Armenian Orphan Rugs" by Hratch Kozibeyokian»