Հայ Որբերու Գորգ

Հայ Որբերու Գորգ (անգլերէն՝ Armenian Orphan Rug), գորգ, որ գործած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած եւ Լիբանան ապաստան գտած հայ որբերը։ Գորգին վրայ գործուած են զարդեր, բոյսեր եւ կենդանիներ, զորս կը ներկայացնեն եդեմական պարտէզը, մինչդեռ սարսափելի իրադարձութիւններ տեղի կ՛ունենային՝ հայերու տեղահանութիւն եւ կոտորած, օսմանեան թուրքերու կողմէ։ Որպէս հետեւանք շատերը, աւելի քան 100,000 երեխայ, կը որբանան։ Անոնց կ՛աջակցի Միացեալ Նահանգներու կողմէ հովանաւորուող Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի կազմակերպութիւնը։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Գորգը գործուած է հայ որբերու կողմէն 1920 թուականին, 18 ամիսներու ընթացքին, Լիբանանի Ղազիր քաղաքին մէջ եւ Միացեալ Նահանգներ ղրկուած՝ որպէս նուէր, ԱՄՆ նախագահ Քելվին Քուլիճին (1923-1929), ի նշան երախտագիտութեան։ Այն պաշտօնապէս ներկայացուած է Սպիտակ տան 1925 թուականին։

Նախագահ Քուլիճը, նուէրէն շոյուած, Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամի փոխնախագահ Ճոն Ֆինլիին հասցէագրած իր նամակին մէջ գրած է.

  Ես ստացայ Լիբանանի երեխաներուն գործած գորգը: Այս գորգը անոնց երախտագիտութիւնն է այն օգնութեան համար, որ մենք կարողացանք ցուցաբերել այդ երկրին: Ես այն կ՛ընդունիմ՝ ի նշան անոնց բարի կամքի Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին հանդէպ, որ մեծապէս օժանդակած է Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան նպաստամատոյցի աշխատանքներուն: Կը Խնդրեմ՝ այդ որբերուն փոխանցէք իմ եւ մեր հայրենակիցներուն խորին շնորհակալութիւնը: Մենք մեծահոգութեամբ կ՛ընդունինք սիրով կատարուած այս աշխատանքը: Գորգն իր պատուաւոր տեղը կը գտնէ Սպիտակ տան եւ երկիրի վրայ բարի կամքի խորհրդանիշը կը հանդիսանայ:  

Իր նախագահութեան աւարտէն ետք Քուլիճը գորգն իր հետ վերցուց։ 1982 թուականին Քուլիճի ընտանիքն այն վերադարձուց Սպիտակ տան։ 2014 թուականի Նոյեմբերին գորգը հանրութեան ցուցադրուեցաւ եւ իր տեղը գրաւեց Սպիտակ տան այցելութիւններու սրահէն ներս հետեւեալ խորագիրով՝ «Շնորհակալութիւն Միացեալ Նահանգներուն... Երեք նուէր նախագահներուն՝ որպէս երախտիք արտասահմանի մէջ, ամերիկեան մեծահոգութեան»[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել