Արծկէ, պատմական քաղաք՝ բերդ, գիւղ, ավան, բերդաքաղաք։ Կը գտնուի Վանայ լիճին հիւսիսային ափին։ Նաւահանգիստ էր՝ դէպի Խլաթ ու Բաղէշ (Պիթլիս) տանող ճանապարհին վրայ։

Բնակավայր
Արծկէ
Երկիր  Թուրքիա
ԲԾՄ 1650 մեթր
Բնակչութիւն 15 193 մարդ (2021)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 13500

Պատմութիւն

Խմբագրել

Արծկէ կը յիշատակուի տակաւին ուրարտական արձանագրութիւններուն մէջ` Զիուկանի անունով։ Այստեղ պահպանուած է ուրարտական Ռուսա Բ. թագաւորի սեպագիր արձանագրութիւններէն մէկը։

Հայ մատենագրութեան մէջ կը յիշատակուի 5-րդ դարէն: Որոշ պատմաբաններ այն կը յիշատակեն իբրեւ գիւղ, ոմանք ալ կը կոչեն աւան կամ քաղաք։

Մինչեւ օտար տիրապետութեան տակ անցնիլը, Արծկէ պատկանած է մերթ Գնունիներուն, մերթ ալ՝ Բզնունիներուն եւ վարչականօրէն կը մտնէր Տուրուբերանի Բզնունիք գաւառին մէջ:

Արաբներն իրենց առաջին արշաւանքներու ժամանակ, 7-րդ դարու կէսերուն, գրաւած են Արծկէն եւ այն կոչած են «Տար Ալ Ճաուազ», որմէ ալ ծագած է անոր այժմեան՝ «Ատիլճեւազ» անունը։

11-րդ դարու սկզիբները քաղաքը անցած է Բիւզանդիոյ տիրապետութեան տակ, 1054 թուականին գրաւած են սելճուկ թուրքերը։

Հին Արծկէ

Խմբագրել

Հին Արծկէն Վանայ լիճի մակարդակի բարձրացման հետեւանքով ջրածածկ եղած է 10-12րդ  դարերու ընթացքին։ Այն ամուր բերդաքաղաք եղած է եւ երկար ժամանակ իր գոյութիւնը պահպանած է կղզիի վերածուած փոքրիկ ցամաքամասի մը վրայ։

Ունեցած է երկու ամրոց։ Lիովին ամայացած է 17-19րդ դարերուն։ Հին Արծկէի փոխարէն, լճափի աւելի բարձրադիր մասը ժամանակի ընթացքին կառուցած են նոր Արծկէն, որ 17-18րդ  դարերուն Վան նահանգի Ալճաւազ գաւառի կեդրոնն էր։

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն ունեցած է 140 գիւղ 30000 բնակիչներով, որմէ 25000-ը հայեր, 30 եկեղեցի, 10–է աւելի տարրական կրթարաններ։

1915 թուականին Արծկէի հայ բնակչութեան մէկ մասը զոհ գացած է թրքական եաթաղանին, իսկ միւս մասը տեղահանուած ու տարագրուած է զանազան տեղեր։

Արծկէ ունեցած է երկու եկեղեցի՝ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Սարգիս[1][2]։

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. «Հայաստանի եւ հարակից շրջանների տեղանունների բառարան», հատոր 1, էջ 449-450։
  2. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Արծկէ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-02-03։ արտագրուած է՝ 2023-03-25 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։