Գնունիք
Գնունիք, նախարական տոհմ Հայոց, սերած ասորեստանեաց Սենեքերիմ թգ.ի զաւակէն, որոնց նախահաւը Վաղարշակ թգ. Տակառապտը լինելով, տոհմին անունը կոչուեցաւ Գնունիք իբր թէ Գինի-ունիք: Այս տոհմէն միջին Տիգրանի օրով, Հայոց թգ.ի Գնէլ տակառապետը հեծելազօր գնդով Երուսաղէմ ղրկուեցաւ: Արշակ թգ.ը գործակալութեան եւ հազարապետութեան մեծամեծ պաշտօններու բարձրացուց այս տոհմը: Մեծ նախարարաց կարգին էր տոհմս, եւ աշխարհախումբ բանակին կը մասնակցէր 500 հոգւով: Ոչ սակաւ նշանաւոր անձինք ելած են տոհմէս, որոնք հայրենիքի եւ եկեղեցկւոյ համար պատերազմեր ու նահատակուեր են:
Գնունեաց երկրին վրայ թէպէտ յայտնի բան մը գրուած չենք գիտեր ի գիրս, բայց Վարդանայ խօսքերէն կը հասկցուի ըլլալ Տուրուբերանի Աղիովիտ գաւառը, մանաւանդ որ Թովմայ Արծրունւոյ շարունակողը, Արճէշ քաղաքը կը դնէ Գնունեաց մէջ, ըսելով Սրահանգոյ Հագարացի ներքինւոյն համար, թէ ԺԱ. Դարու մէջ առաւ «զԱրճէշ քաղաքը Վասպուրականի Արճիշակովիտ գաւառի կը վերաբերի, որ սահմանակից է Ազիովտայ»
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 517: