Սամարղանտ[1] (ուզպեքերէն՝ Samarqand), աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկը։ Կը գտնուի ծովու մակերեսէն 702 մ. բարձրութեան վրայ։ Ուզպեքիստանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքն է։

Բնակավայր
Սամարղանտ
ուզպ.՝ Самарқанд
տաջ.՝ Самарқанд
ռուս.՝ Самарканд
պարս․՝ سمرقند
Զինանշան

Երկիր  Ուզպեքիստան
Տարածութիւն 108±1 քմ²
ԲԾՄ 702 մեթր
Պաշտօնական լեզու Ուզպեքերէն
Խօսուող լեզուներ ուզպեքերէն
Բնակչութիւն 546 303 մարդ (1 Յունուար 2020)
Ժամային գօտի UTC+5?
Հեռախօսային ցուցանիշ 662
Փոստային ցուցանիշ 140100
Պարգեւներ Լենինի շքանշան
Պաշտօնական կայքէջ samshahar.uz

Հիմնադրուած է Ք․Ա․ Ը. դարուն։

Բնակչութիւնը՝ 546,303 (1 Յունուար, 2020)։

Աւելի քան երկու հազար տարի առաջ քաղաքը կարեւոր կեդրոն եղած է Չինաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ՝ գտնուելով Մետաքսեայ ճանապարհին վրայ, նաեւ եղած է միջնադարեան արեւելքի գիտութեան զարգացման կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկը։ Տասնչորսերորդ դարուն դարձած է Լենկ-Թիմուրի կայսրութեան մայրաքաղաքը։

2001 թուականին Սամարղանտ ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕՀամաշխարհային ժառանգութեան կազմին մէջ[2]։

Բիւզանդական Շրջան

Խմբագրել

Ալեքսանտր Մակեդոնացի կը գրաւէ Սամարղանտը՝ Ք.Ա. 329-ին։ Քաղաքը յոյներու կողմէ ծանօթ էր իբրեւ Մարաքանտա (Μαράκανδα)։

Մինչ Սամարղանտը զգալի վնասներ կը կրէ Ալեքսանտրի նախնական նուաճման ընթացքին, քաղաքը արագօրէն կը վերականգնի եւ կը ծաղկի նոր հելլենական ազդեցութեան տակ: Կ'որդեգրուին նաեւ շինարարութեան հիմնական նոր ձեւեր: Երկարաւուն աղիւսները կը փոխարինուին քառակուսիներով եւ կը գործածուին որմնադրութեան բարձրակարգ միջոցներ:

Ալեքսանտրի նուաճումները յունական դասական մշակոյթը կը ներմուծեն Կեդրոնական Ասիա, եւ որոշ շրջան մը յունական գեղագիտութիւնը մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ տեղի արհեստաւորներուն վրայ:

Սասանեան Շրջան

Խմբագրել
 

Ք.Ա. 260 թուականին Սամարղանտը կը գրաւեն Սասանեանները պարսիկները: Սասանեան իշխանութեան օրով, տարածաշրջանը կը դառնայ մանիքէականութեան կարեւոր վայր մը եւ կը նպաստէ կրօնի տարածման՝ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։

350-էն 375 թուականներուն Սամարղանտը կը գրաւուի սիոնիտ քոչուոր ցեղերու կողմէ, որոնց ծագումը կը մնայ հակասական: Քոչուոր խումբերու Սամարղանտ վերաբնակեցումը կը հաստատեն Դ. դարու հնագիտական ​​մնացորդները։

Տարածաշրջանին մէջ կը տարածուի Միջին Սիրտարիա աւազանի քոչուորներու մշակոյթը։

Ք.Ե. 710-ին, Քութայպա իպն Մուսլիմի օրով, Օմայատներու խալիֆայութեան զօրքերը կը գրաւեն քաղաքը՝ Թանկ Տինասթիային ձեռքէն:

Երկար ատեն, Սամարղանտը կը վերածուի իսլամական եւ արաբական ուսման կեդրոնի:

Ժ. դարու պարսիկ գրող Իստախրի, վառ նկարագրութիւն կու տայ տարածաշրջանի բնական հարստութիւններուն  մասին.

  Իւրաքանչիւր քաղաք եւ բնակավայր ունի ամրոց... Անիկա Ալլահին բոլոր երկիրներէն ամէնէն բեղմնաւորն է. անոր մէջ կան ամենալաւ ծառերն ու պտուղները, իւրաքանչիւր տան մէջ կան այգիներ, ջրամբարներ եւ հոսող ջուր:  


Մոնկոլեան Շրջան

Խմբագրել

Մոնկոլները կը գրաւեն Սամարղանտը 1220-ին: Ճէնկիզ խան կը սպաննէ բոլոր անոնք, որոնք ապաստանած էին միջնաբերդին եւ մզկիթին մէջ, կը կողոպտէ քաղաքը ամբողջութեամբ եւ կը զօրակոչէ 30.000 երիտասարդ եւ 30.000 արհեստաւոր:

Մարքօ Փոլօ ճանապարհորդը Սամարղանտը կը կոչէ իբրեւ «Սքանչելի քաղաք»[3]:

Ուլուղ Բէկի շրջան (1409-1449)

Խմբագրել
 
 

1417-1420 թուականներուն Լենկ Թիմուրի թոռնիկը՝ Ուլուղ բէկ, Սամարղանտի մէջ կը կառուցէ «մետրեսէ մը»` դպրոց, որ կը դառնայ Ռեճիստանի ճարտարապետական առաջին շէնքը։ Ուլուղ Բէկը այս «մետրեսէ»ն կը հրաւիրէ իսլամական աշխարհի մեծ թիւով աստղագէտներ եւ թուաբանագէտներ։

Ուլուղ բէկի օրով Սամարղանտը կը դառնայ միջնադարեան գիտութեան համաշխարհային կեդրոններէն մէկը։ ԺԵ. դարու առաջին կէսին Ուլուղ բէկի օրով կը զարգանայ գիտական ​​դպրոց մը:

ԺԶ.-ԺԸ. դարեր

Խմբագրել

Աշտարխանիտ Իմամ Կուլի խանի օրով (1611-1642) Սամարղանտի մէջ կառուցուած են նշանաւոր ճարտարապետական ​​գլուխ գործոցներ։

1612-1656 կառուցուած են մզկիթներ եւ «մետրեսէ»։

ԺԸ.- ԺԹ. դարեր

Խմբագրել

1756 - 1868 թուականներուն, քաղաքը կառավարած են Պուխարայի մանղուտ էմիրները։

Ռուսական շրջան

Խմբագրել

1886-ին քաղաքը կը դառնայ Ռուսական Թուրքեստանի նորաստեղծ Սամարղանտի մարզի մայրաքաղաքը եւ աւելի մեծ արժէք կը ստանայ, երբ 1888-ին Անդրկասպեան երկաթուղին կը հասնի հոն։

Սովետական շրջան

Խմբագրել

Սամարղանտը Ուզպեքական ԽՍՀ-ի մայրաքաղաքն էր 1925-1930 թուականներուն, մինչ այդ կը փոխարինուի Տաշքենթով։

Պաստկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել