Գում Գաբու (թրքերէն՝ Kumkapı), Պոլսոյ հայաբնակ թաղամասերէն մէկը։ Թաղամասին մէջ կը գտնուի Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին նստավայրը եւ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցին։ Բացի մայր եկեղեցիէն թաղամասին մէջ կան այլ երկու հայկական կրօնական շինութիւններ՝ Ս. Որդւոց Որոտման եւ Ս. Խաչ եկեղեցիները[1]։

Բնակավայր
Գում գաբու
Երկիր  Թուրքիա
Գում Գաբու թաղամասին մէջ գտնուող Կ.Պոլսոյ հայոց պատրիարքներու նստավայրը
Յունական ուղղափառ եկեղեցի եւ փողոց
Մարմարա ծովուն տեսարանը՝ Գում Գաբուէն դիտուած

Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցին

Խմբագրել

1641-էն ի վեր, եկեղեցին ծառայած է իբրեւ պատրիարքարան: 1940-ականներուն անիկա օգտագործուած է իբրեւ շղթաներու եւ լարերու արտադրութեան գործարան, իսկ երկրաշարժներու ատեն ծառայած է իբրեւ ապաստանարան: Աւելի ուշ՝ նախատեսուած է հայկական այդ եկեղեցին վերածել արուեստի միջոցառումներու կայացման վայրի[2]: Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցին երկար ատեն մնացած է աւերակ վիճակի մէջ: 2012-ին անիկա կը նորոգուի «Պոլիսը՝ մշակութային կեդրոն» ծրագիրին շրջագիծով, եւ այնուհետեւ կը սկսի գործածուիլ թէ՛ իբրեւ եկեղեցի, եւ թէ իբրեւ մշակութային կեդրոն։ Եկեղեցւոյ բացումը կը զուգադիպի Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող որոշումին: Եկեղեցին փակուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմին[3]։

Գում Գաբուի գորգերը

Խմբագրել

Հնագոյն արեւելեան նախշազարդերով հիւսուած Օսմանեան կայսրութեան շրջանին «Գում Գաբու» մետաքսեայ գորգերը կայսերական գանձարաններու եւ պալատական հարստութիւններու մաս կազմած են, իսկ զանոնք հիւսողները աւանդաբար հայեր եղած են[4]: Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպենկեան» թանգարանը իր գորգերու հաւաքածոյին մէջ ունի «Գում Գաբու»ի հռչակաւոր գորգերէն (Kum Kapi rugs), որոնցմէ երեքը գորգի նշանաւոր մասնագէտ Յակոբ Գափուճեանին (1870-1946) գործերն են:

Պոլսոյ առաջին հայկական վարժարանը՝ Գումգաբուի մէջ

Խմբագրել

Պոլսոյ առաջին հայկական վարժարանը բացուած է Գումգաբուի մէջ, 1790-ին, Շնորհք Մկրտիչ Ամիրա Միրիճանեանի բարերարութեամբ։ 1826-ին մեծ հրդեհ մը Պատրիարքարանն ու վարժարանը մոխրակոյտի կը վերածէ։ 1830-ին Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի բարերարութեամբ կը վերակառուցուի։ Պեզճեան, որ խօսելու, համոզելու, գործակցելու բացառիկ ձիրք ունէր, արքունիքէն ներս մեծ վստահութիւն ու սէր կը վայելէր։ Այս պատճառով ալ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ համայնքին՝ բարեսիրական ծառայութիւններով։ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, 1916-17 տարիներուն հրդեհ մը վարժարանին մէջ վնաս կը պատճառէ, բայց 1925-ին նորոգուելով կը վերաբացուի։ 1945-ին կրթական նախարարութեան արտօնութեամբ միջնակարգ վարժարանի կը վերածուի։ Վարժարանը այժմ մանկապարտէզ, նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններով կը գործէ[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել