Ուիլիըմ Շէյքսփիր

(Վերայղուած է Շէյքսփիր-էն)

Ուիլիըմ Շէյքսփիր (անգլերէն՝ William Shakespeare, Ապրիլ 1564[1], Ստրատֆորդ ըփոն Էյվոն, Անգլիայի թագավորություն[2][3] - 23 Ապրիլ (3 Մայիս) 1616[4][2][5][…], Ստրատֆորդ ըփոն Էյվոն, Անգլիայի թագավորություն[2][6])[19], անգլիացի նշանաւոր բանաստեղծ եւ թատերագիր։

Ուիլիըմ Շէյքսփիր
պրիթ. անգլ.՝ William Shakespeare
Ծնած է Ապրիլ 1564[1]
Ծննդավայր Ստրատֆորդ ըփոն Էյվոն, Անգլիայի թագավորություն[2][3]
Մահացած է 23 Ապրիլ (3 Մայիս) 1616[4][2][5][…]
Մահուան վայր Ստրատֆորդ ըփոն Էյվոն, Անգլիայի թագավորություն[2][6]
Քաղաքացիութիւն  Անգլիայի թագավորություն
Մայրենի լեզու վաղ ժամանակակից անգլերեն?
Ուսումնավայր Արքա Էդվարդ VI-ի դպրոց?
Ազդուած է Տիտոս Մակկիոս Պլավտոս?[7], Պլուտարքոս[8], Քրիստոֆեր Մարլո?[9], Թոմաս Քիդ?[10], Պուբլիուս Օվիդիուս Նասո?[11] եւ Լուցիուս Աննեուս Սենեկա?[12]
Երկեր/Գլխաւոր գործ Համլետ?[13], Ռոմեո և Ջուլիետ?[13], Ինչպես կուզեք?[13], Մակբեթ?[13], Միջամառնային գիշերվա երազ?[13], Շեքսպիրի սոնետներ?[13], Անսանձ կնոջ սանձահարումը?, Վերոնացի երկու ազնվական?, Ջոն արքա?, Ռիչարդ II?, Հենրի IV, մաս 1-ին?, Հենրի IV, մաս 2?, Հենրիխ V?, Հենրի 6-րդ, մաս 1?, Henry VI, Part 2?, Henry VI, Part 3?, Ռիչարդ 3-րդ?, Henry VIII?, Սիրո անպտուղ ջանքեր?, Վենետիկի վաճառականը?, Մեծ աղմուկ ոչնչից?, Վինձորի զվարճասեր կանայք?, Տասներկուերորդ գիշեր?, Լավ է այն, ինչ լավ է վերջանում?, Չափն ընդդեմ չափի?, Տիտոս Անդրոնիկոս?, Հուլիոս Կեսար?, Օթելլո?, Արքա Լիր?, Անտոնիոս և Կլեոպատրա (ողբերգություն)?, Կորիոլան?, Տիմոն Աթենացի?, Տրոիլուս և Կրեսիդա?, Սիմբելին?, Ձմեռային հեքիաթ?, Պերիկլես?, Փոթորիկ?, Երկու ազնիվ հարազատներ? եւ Սխալների կատակերգություն?
Տեսակ թատերախաղ եւ բանաստեղծութիւն
Մասնագիտութիւն թատերագիր
Ամուսին Էնն Հաթաուեյ?[14]
Ծնողներ հայր՝ John Shakespeare?[15][14], մայր՝ Mary Shakespeare?[15][14]
Երեխաներ Սուսաննա Հոլ?[16][14], Հեմնեթ Շեքսպիր?[17][14] եւ Ջուդիթ Ուինի?[18][14]
Ստորագրութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Շէյքսփիր ծնած է 23 Ապրիլ 1564-ին, Սթրաթֆորտ քաղաքին մէջ։ Կրթութիւնը ստացած է տեղական իր դպրոցին մէջ (King Edwards School)։

18 տարեկանին կ'ամուսնանայ Աննա Հաթաուայի հետ եւ կ'ունենայ երեք զաւակներ՝ երկու աղջիկ եւ մէկ տղայ։ Անոր տղան, որուն անունը Համլէթ (եւ կամ Համնէթ) էր, կը մահանայ 11 տարեկանին եւ Շէյքսփիրը անոր անունը կ'անմահացնէ «Համլէթ» ստեղծագործութեան մէջ։

Կ'ենթադրուի թէ՝ ան Սթրաթֆորտ քաղաքին մէջ վարած է ուսուցիչի օգնականի պաշտօն։ Շէյքսփիրը համալսարանական կրթութիւն չէ ստացած, բայց եղած է բազմակողմանի զարգացած գրող, որ լաւ կը տիրապետէր հին ու նոր լեզուներու: Հին յունական եւ հռոմէական գրականութենէն զատ նաեւ հիանալի գիտէր իտալացի, ֆրանսացի գրողներ եւ անշուշտ հայրենի գրականութիւնն ու պատմութիւնը, բոլորը ինքնակրթութեան միջոցով։

 
Ուիլիըմ Շէյքսփիրի ծնողներու՝ Ճոն եւ Մարի Շէյքսփիրներու տունը, որ կը համարուի գրողի ծննդավայրը

Մօտաւորապէս 1592-ին Շէյքսփիր կը փոխադրուի Լոնտոն, կ'աշխատի թատրոնի մը մէջ որպէս յուշարար։ Թատերախումբերու պատուէրով թատերական (dramatic) գործեր կը գրէ եւ կը վերամշակէ հին կտորները։ Երբ 1599-ին կը հիմնադրուի «Կլոպիւս» թատրոնը, Շէյքսփիրը կը դառնայ անոր բաժնետէրերէն մէկը։ 1612-ին կը լքէ Լոնտոնը, կը վերադառնայ Սթրաթֆորտ եւ այստեղ կ'անցընէ իր կեանքին վերջին տարիները։ Կը մահանայ իր հայրենի քաղաքին մէջ, 23 Ապրիլ 1616-ին։

Կենսագրական վաւերագրերու սակաւութիւնը, հակասականութիւնն ու անոնց անհամապատասխանութիւնը, առիթ տուած են Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւններու հեղինակ համարելու թատերագիր Քրիստոֆըր Մառլօն, փիլիսոփայ Ֆրենսիս Պեկոնը, ազնուական Տըրպին, Օքսֆորտը, Ռիւթլանտը եւ այլն։ Սակայն մանրակրկիտ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են այս վարկածներու անհիմն ըլլալը։

Ստեղծագործութեան բնութագիրը

Խմբագրել
 
Ուիլիըմ Շէյքսփիրի արձանը Շիքակոյի մէջ

Շէյքսփիրը հռչակաւոր դարձած է, երբ Թոմաս Մուր, Ճ․ Սփենսեր եւ այլք արդէն ձեւաւորած էին արձակ եւ բանաստեղծական հիմնական ժանրերը ժամանակակից կեանքին եւ պատմութեան դիմելու կայուն աւանդոյթները։ Անոնք եւ մասնաւորապէս թատերագիր-դերասաններու (Քրիստոֆըր Մառլօ, Թ․ Քիտ, Ճ․ Լիլի, Ճ․ Կրին) խումբը, յայտնի «Համալսարանական միտքեր» անունով, յենասիւներ դարձան Շէյքսփիրի հանճարի դրսեւորման համար։

Շէյքսփիրը իր երկերուն մէջ օգտուած է հին աշխարհի, միջնադարու եւ վերածնունդի (յատկապէս իտալական ու ֆրանսական), փիլիսոփայութեան, պատմագրական, գեղարուեստական գանձարանէն, մայրենի բանահիւսութենէն, իր ժամանակի իրադարձութիւններէն։ Անցեալ ու արդի այդ կուտակումները մշակելով սեփական մտքի ու երեւակայութեան խառնարանին մէջ, Շէյքսփիրը ստեղծած է թատերագիտական ու բանաստեղծական հրաշալի ձուլուածք, ինչ որ դարձած է անհաս օրինակ։

Շէյքսփիրը բացայայտած է գեղագիտութեան շարք մը օրինաչափութիւններ՝ անհատի եւ հասարակութեան, բնաւորութեան ու կենսական հանգամանքներու անքակտելի միասնութեան, անոնց փոխադարձ կապի եւ փոխազդեցութեան ասպարէզին մէջ։ Իրական երեւոյթներ վերարտադրելով՝ ան միաժամանակ չէ խորշած առասպելականէն, գերբնականէն (ուրուականներ, ոգիներ, վհուկներ), այլաբանական դէմքերէ (ժամանակ, Նախերգ, Արիէլ, Քալիպան)․ վիպագրական կերպարի կողքին տուած է զուտ քնարականը, պատմական ճշգրտութեան հետ՝ յոյժ պայմանականը, միաձոյլ առօրեականի հետ՝ անկաշկանդ երեւակայականը։

Շէյքսփիրի երկերը հիմնականապէս գրուած են հնգոտեայ յանգով։ Ստեղծագործութեան սկզբնաշրջանին անոնք յանգաւորուած եղած են, երկրորդ կէսին մեծ մասին մէջ դարձած են անյանգ։ Ըստ անհրաժեշտութեան՝ ան դիմած է արձակին կամ չափածոյի տարբեր ձեւերու (հնչեակ՝ sonnet)։ Բառապաշարը աշխարհի բոլոր գրողներէն ամենահարուստն է։ Շէյքսփիրին բարձր գնահատած են ժամանակակիցները (Ֆ. Միրըս, Պեն Ճոնսըն

Լուսաւորականութեան դարաշրջանին մէջ կ'ընդունուին Շէյքսփիրի՝ «բնութիւնը» ճշմարտապէս վերարտադրելու կարողութիւնը, բայց կը դատապարտուի արուեստի «կանոնները» անտեսելու համար։

Ըստ գրական սեռերու՝ Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւնը կը բաժնուի հետեւեալ մասերու՝

Խմբագրել
  • Տարբեր տեսակի բանաստեղծութիւններ («Վեներան եւ Ատոնիսը», 1593, «Լուկրեցիայի առեւանգումը», 1594, «Սիրահարի տրտունջը», 1609, «Կրքավառ ուխտագնացը»), որոնք արժանապատուութեան, սիրոյ եւ զգայական վայելքներու մեծարման տեսանկիւնէն կը հետեւին Վերածնունդի դարաշրջանի մէջ լայնօրէն տարածուած պատմադիցաբանական նիւթերու մշակման ձեւին։
  • Քնարական՝ 154 հնչեակ (հրատարակուած են 1609, ժողովածոյ), որոնցմէ լաւագոյններուն մէջ (թիւ 30, 66, 130 եւ այլն) Շէյքսփիրը ժանրի անցուկ սահմաններուն մէջ անձնական յոյզերը միահիւսած է հասարակական, փիլիսոփայական մտորումներուն։
  • Թատերական (37 գործ՝ տարեգրութիւններ, կատակերգութիւններ, ողբերգութիւններ, ողբերգակատակերգութիւններ)։

Շէյքսփիրի գործունէութիւնը կը բաժնուի երեք շրջանի։ Որոշ Շէյքսփիրագէտներ զայն կը բաժնեն չորսի՝ առաջին շրջանը մասնատելով երկուքի (1590-1594 եւ 1595-1600)։

Առաջին շրջան (1590—1600)

Խմբագրել
 
Մըքպէթ

Տարեգրութիւն (քրոնիկներ)՝ «Հենրի վեցերորդ» (մաս 2, 1590), «Հենրի վեցերորդ» (մաս 3, 1591), «Հենրի վեցերորդ» (մաս 1, 1592), «Ռիչըրտ երրորդ» (1593), «Ռիչըրտ երկրորդ» (1595), «Ճոն արքայ» (1596), «Հենրի վեցերորդ» (մաս 1-2, 1597 -98), «Հենրի հինգերորդ» (1598), կատակերգութիւններ՝ «Սխալներու կատակերգութիւն» (1592), «Անսանձի սանձահարումը» (1593), «Երկու վերոնացի ազնուականներ» (1594), «Սիրոյ կորսուծ ճիգերը» (1594), «Միջամառնային Գիշերուան երազ» (1596), «Վենետիկի վաճառականը» (1596), «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի» (1598), «Վինձորի զուարճասէր կիները» (1598), «Ինչպէս կ'ուզէք» (1599), «Տասներկրորդ գիշեր» (1600), ողբերգութիւններ՝ «Տիտուս Անդրոնիկուս» (1594), «Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ» (1595), «Յուլիոս Կեսար» (1599-1600)։ Առաջին շրջանի շարք մը գործեր («Սխալներու Կատակերգութիւն», «Տիտուս Անդրոնիկուս», «Անսանձի սանձահարումը») դասական հեղինակներու (Պլաւտուս, Սենեկա) կամ իր ժամանակի յայտնի երկերու վերանայուած տարբերակներ են։ Տարեգրութիւններուն մէջ առաւել ակնյայտ են Շէյքսփիրի ինքնուրոյնութիւնը, որոնց մեջ հեռացած է պատմութեան՝ նախորդներու կողմէ ընդունուած վիպասանական (ռոմանթիք) մեկնաբանումէն։ Այդ պատմական գործերու հիմնական նիւթը բացարձակ միապետութեան ձեւաւորումն ու հաստատումն է Անգլիոյ մէջ՝ ի հեճուկս կաթողիկէ հոգեւորականութեան կեդրոնախոյզ ձգտումներուն։ Միասնական իշխանութեան կողմնակից մնացած խաւերը, ներկայացուած են իրենց ներհակ շահերով, տարբեր մտածողութեամբ ու ձգտումներով։ Պատմութիւնը, ըստ Շէյքսփիրի, կը կերտեն ոչ միայն արքաներն ու երեւելիները, այլեւ քաղաքային ու գիւղական աշխատաւորութիւնը, զորս ներկայացուած են իբրեւ անձնական ու ազգային արժանապատուութեամբ օժտուած, սեփական կարիքները գիտակցող, պատրաստ ընդվզելու քաղաքական, բարոյական ճնշման, նիւթական կեղեքման դէմ։ Պետական կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն զուգահեռ Շէյքսփիր տուած է առօրեայ կեանքն իր կենցաղային շահագրգռութիւններով ու զաւեշտի պահերով։

Կատակերգութիւններու հիմնական նիւթը սէրն է, որ կը յաղթահարէ ծնողական բռնութեան, նախանձի, խանդի եւ սրտի անբացատրելի քմայքներու խոչընդոտները։ Դարավերջին ձեւաւորուած են Շէյքսփիրեան կատակերգութեան բնորոշ գծերը, վարպէտօրէն միահիւսուած՝ իրադրութիւններու անկաշկանդ յաջորդականութեամբ, զաւեշտի տարբեր ձեւերու հարեւանութիւն՝ բարձրաթռիչ քնարականութիւն, կենսասիրութիւն՝ դժուարութիւններու դէմ պայքարելու, իրականութեան բանաստեղծական, լաւատեսական ընկալում, չափածոյութեան եւ լեզուական բազմախաւ, բազմաբնոյթ ճոխութիւն։ Շէյքսփիրեան գլուխ-գործոցներն են՝ «Միջամառնային գիշերուան երազ», «Տասներկրորդ գիշեր», «Վինձորի զուարճասէր կիները»։ Թատերական տարրերու առկայութեամբ կ'առանձնանան «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի», «Վենետիկի վաճառականը» կատակերգութիւնները: Առաջինին մէջ երջանիկ վերջաբանը անսպասելի է՝ Հերոսն եւ իր հարազատները դիւրաւ կը ներեն հրապարակաւ իրենց անարգած թեթեւամիտ Քլոտիոյին․ երկրորդին մէջ՝ Շայլքի անողորմ վրէժխնդրութիւնը կը բացատրուի անոր դէմ ուղղուած անիրաւացի հալածանքներով։ Շէյքսփիրի այս երկերուն մէջ կամայ թէ ակամայ տեղ կը գտնէ կեանքի դաժանութիւններու անզգացական պատկերը։ Նման տեղաշարժ դէպի ողբերգութիւն, նկատելի է նաեւ մի քանի իր քրոնիկներուն մէջ («Ռիչըրտ երկրորդ», «Ռիչըրտ երրորդ»)։ Նոյն շրջանին մէջ գրուած «Տիտուս Անդրոնիկուս»ին մէջ ողբերգականը ներկայացուած է իբրեւ սարսափազդու իրադարձութիւններու կուտակում, որ արգասիք են քստմնելի մարդկանց չարագործութիւններուն։

«Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ»ը լեցուն է կենսախնդութեամբ, եւ ողբերգականը չունի անողոք անհրաժեշտութեան ուժը։ Սիրահարներու մահը պայմանաւորուած է ոչ միայն տոհմերու թշնամանքով, որքան՝ չար պատահականութիւններու յաջորդականութեամբ։ Միայն «Յուլիոս Կեսար»ին մէջ են տարեգրութիւններուն (քրոնիկներուն) բնորոշ քաղաքական խնդիրները որ կը ստանան անզգացականօրէն կանխորոշուած ողբերգական լուծումը։ Այստեղ միապետութիւնը պատմականօրէն անհրաժեշտ ուժ է, որու յաղթարշաւը չեն կրնար կասեցնել ո՛չ ազնիւ հանրապետականներու զինուած պայքարը, ոչ ալ հնարաւոր միապետի ոչնչացումը։ Իսկ աշխատաւոր ժողովուրդը կ'աջակցի իր դասակարգային թշնամիներուն՝ կործանելու աւելի օգտակար կառավարման ձեւը՝ հանրապետութիւնը։

Երկրորդ շրջան (1601—1608)

Խմբագրել
 
Լիր արքայ

Ողբերգութիւններ՝ «Համլէթ» (1601), «Օթելլօ» (1604), «Լիր արքայ» (1605), «Մըքպէթ» (1606) եւ այլն, մռայլ կատակերգութիւններ՝ «Լաւ է այն, ինչ որ լաւ կը վերջանայ» (1602), «Տրոիլուս եւ Կրեսիդա» (1602), «Չափն ընդդեմ չափի» (1604), ողբերգութիւններ՝ «Անտոնիոս եւ Կղեոպատրա» (1607), «Կորիոլանուս» (1607), «Տիմոն Աթենացի» (1608)։

Երկրորդ շրջանի ստեղծագործութեան գլուխ գործոցներն են «Համլէթ», «Օթելլօ», «Արքայ Լիր», «Մոգպետ», «Անդոնիոս եւ Քղէոպատրա», «Կորիոլանուս» ողբերգութիւնները։ Անոնց պատկերուած են բացառիկ անհատականութիւններ՝ իրենց ընդգրկուն, ընդհանրացնող մտածողութեամբ, խորունկ, զօրեղ զգացումներով, անհատապաշտական եւ մարդասիրական մղումներու տատանումներով․ անոնք ունակ են սեփական ցաւերու ու ճակատագրի յորձանուտին մէջ իսկ, տեսնելու հասարակական, համամարդկային երեւոյթներ։ Անոնց հակադրութիւնն ու գօտեմարտը հասարակական ոյժերու հետ կ'աւարտին ողբերգութեամբ թէ՝ իրենց, թէ՝ շրջապատին համար։ Ողբերգութիւններու գլխաւոր հերոսները կը գտնուին անհատական, ընտանեկան, հասարակական, քաղաքական, ազգային հակամարտութիւններու այնպիսի հանգուցակէտերու մէջ, երբ անոնց անհատական հատկանիշները, յարաբերութիւնները իրենց միջավայրի մնացեալ անձերուն հետ, տիրապետող ըմբռնումներու եւ օրէնքներու հետ կը պայմանաւորեն իրենց ճակատագրի ելեւէջները։

 
Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ

Իւրաքանչիւր ողբերգութեան մեջ Շէյքսփիրը կը բացայայտէ անհատի ներաշխարհին եւ մարդկային հասարակութեան վերաբերող անվիճելի ճշմարտութիւններ, անարդար հասարակարգին ուղղելու համար հանճարեղ եւ ազնիւ անհատի՝ Համլէթի եւ անոր հաւատարիմ կուսակցի մտքի լարուածքն ու գործուն վարքը։

Հաշուենկատ, խարդախ մարդկանց միջավայրին մէջ Օթելլոյի եւ Տեզտեմոնայի անբասիր սէրը չէր կրնար գոյատեւել։

Որպէսզի Լիրը արդարամիտ արքայ դառնար, պէտք էր լքէր իր գահը, ապրէր անօթեւան, անօթի մարդոց կեանքով։ Մարդուն ըստ հարստութեան եւ դիրքի գնահատող հասարակարգի օրէնքները Մոգպետը կը մղեն խլելու իրեն չպատկանող գահը, եւ ան իր ունեցած լաւագոյնին հետ կը կորսնցնէ նաեւ կեանքը։

Անտոնիուսը եւ Կղեոպատրան, որ աշխարհի կէսի տիրակալներն են, չեն կրնար յանձնուիլ իրենց զգացմունքներուն, այլ պարտաւոր են ենթարկուելու այն աշխարհի օրէնքներուն, որու վրայ կ'իշխեն։

Հակասականութեան անքակտելի հանգոյցներ են որ կը ներկայացնեն այս ողբերգութիւններու նաեւ երկրորդական ու երրորդական հերոսներու բնաւորութիւններն ու ճակատագիրները։

Երրորդ շրջան (1609—1613)

Խմբագրել
 
Օթելլօ

Վիպասանական (ռոմանթիք) Թատերականներ կամ ողբերգակատակերգութիւններ՝ «Պերիկլես» (1609), «Սիմբելին» (1610), «Ձմեռնային հեքիաթ» (1611), «Փոթորիկ» (1612), «Հենրի ութերորդ» (1613, այս գործի Շէյքսփիրին պատկանիլը ոմանց կողմէ կը վիճարկուի)։

Երրորդ շրջանի գործերուն մէջ («Սիմբելին», «Ձմեռնային հեքիաթ», «Փոթորիկ») հեքիաթային, գերբնական տարրերը կը դառնան գերիշխող։ Քանի որ կեանքի ողբերգական ընթացքը կասեցնելու համար բաւարար չեն բարի մարդոց անձնուրաց, համերաշխ ջանքերը, բարեյաջող վերջաբանի կը հասցնեն կախարդանքները, պատահականութիւնները։ Բնաւորութիւններու զարգացումը մեծ մասամբ կ'ենթարկուի ոչ թէ կեանքի տրամաբանութեան օրէնքներուն կամ որեւէ օրինաչափութեան, այլ ըղձալի անրջանքի քմայքներուն եւ կը դառնայ բանաստեղծական երեւակայութեան արգասիք։ Շէյքսփիրի ստեղծագործութեան այսպիսի փոխակերպումը կարելի է բացատրել այն պարզորոշ գիտակցութեամբ, որ պատկերուած հակամարտութիւններու դրական լուծման ուղիներ չկան իր դարաշրջանի իրականութեան մէջ։

Շէյքսփիրը հայ իրականութեան մէջ

Խմբագրել
 
Շեյքսփիրի մահարձանը

Հայ իրականութեան մէջ Շէյքսփիրի ստեղծագործութեան առաջինը անդրադարձած է Յովսէփ Էմինը։ Անոր յուշերուն մէջ՝ «Յովսէփ Էմինի՝ մի հայի կեանքն ու արկածները» (1792), նշուած են Շայլքն ու Օթելլօն։ Էմինի գիրքին մէկ գլուխը վերնագրուած է «Էմինը Օթելլոյի դերում»։

1822-ին Կալկաթայի «Շտեմարան» հանդէսին մէջ յիշատակուած են Շէյքսփիրի «Համլէթ», «Վերոնացի երկու ազնուականներ», «Միջամառնային գիշերուան երազ», «Չափն ընդդէմ չափի», «Տասներկրորդ գիշեր», «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի», «Օթելլօ» գործերը եւ անոնց թարգմանեալ առանձին տողերը։ 1839-ին Շէյքսփիրը յիշուած է Մ․ Մաղաք-Թեոփիլեանցի «Կենսագրութիւն երեւելի արանց» գիրքի 2-րդ հատորին մէջ։

Հայերէն (աշխարհաբար) առաջին թարգմանութիւնը տպագրուած է 1853-ին, «Արփի Արարատեան» հանդէսին մէջ («Կատակերգութիւն սխալանաց», թարգմանիչ՝ Կ․ Տէտէեան)։ Շէյքսփիրի երկերու առաջին լրիւ թարգմանութիւնները նոյնպէս կատարած է Կ․ Տէտէեանը՝ «Վենետիկի վաճառականը» (1862, «Յաւերժահարս» հանդէս), «Հռոմէոս եւ Ճուլիէթթա» (1866), անոր կը պատկանի նաեւ «Համլէթի» թարգմանութիւնը՝ հատուածաբար տպագրուած «Դիմակ» հանդէսին մէջ։

Հետագայ տարիներուն Շէյքսփիր կը թարգմանեն Գ․ Բարխուղղարեանը («Վենետիկի վաճառականը», 1879), Ս․ Սուլխանեանը («Օթելլօ», 1880), Ս․ Արծրունին («Համլէթ», բեմ․ 1880, հրտ․ 1889, «Արքայ Լիր», 1883), Հ․ Լալայեանը («Բազում աղմուկ վասն ոչինչի», 1888), Ս․ Մալխասեանը («Արքայ Լիր», 1888, «Մըքպէթ», 1892), Ա․ Համբարգաբեանը («Աստղիկ եւ Ասանիս», 1886), Ա․ Մանդինեանը («Անսանձի սանձահարումը», բեմադրուած է՝ 1880, հրատարակուած է՝ 1918), Գ․ Փափազեանը («Համլէթ», 1899, «Օթելլօ», 1904), Մաթիլտ Պաղտասարեանը («Յուլիոս Կեսար», 1910), Մ․ Նուպարեանը («Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ», 1910), Գ․ Ֆնտըքլեանը («Անտոնիոս եւ Կղեոպատրա», 1911)։ Մի քանի թարգմանութիւններու հեղինակ է նաեւ նկարիչ Վ․ Սուրէնեանցը, որոնցմէ հրատարակուած է «Միջամառնային գիշերուան երազը» (1912)։

Շէյքսփիրի անգերազանց թարգմանիչն է Յովհաննէս Մասեհեանը։ Բացառիկ տեղ կը գրաւեն անոր թարգմանութուններու ընդարձակ յառաջաբանները եւ ծանօթագրութիւնները, որոնցմով թարգմանիչը հանդիսացած է նաեւ իբրեւ համաշխարհային Շէյքսփիրագիտութեան պատմաբան։

Վերջին տասնամեակներու յայտնի թարգմանիչներէն են Վ․ Թերզիպաշեանը, Խաչիկ Դաշտենցը, Հ․ Սեւանը, Ս․ Ալաճաճեանը։ Հնչեակներու առաջին հայերէն ամբողջական թարգմանութիւնը (Դ․ Դաւիթեան, Հ․ Քէլէշեան) տպագրուած է 1961-ին։ Շէյքսփիրի ստեղծագործութեան անդրադարձած են մեծ թիւով հայ մտաւորականներ, գրականագէտներ, գրողներ՝ Ս․ Տիգրանեան, Խ․ Աբովեան, Ս․ Նազարեան, Մ․ Նալպանտեան, Պ․ Դուրեան, Պ․ Ադամեան, Սիրանոյշ, Ղ․ Աղայեան, Յ․ Յովհաննիսեան, Լ․ Մանուէլեան, Լէօ, Վ․ Նալպանտեան, Յ․ Թումանեան, Մ․ Աբեղեան, Թէոդիկ, Ռ․ Որբերեան, Վ․ Թէքէեան, Ա․ Չոպանեան եւ այլք։

Խորհրդային շրջանին Շէյքսփիրի եւ անոր հայկական առնչութիւններու մասին գրած են Ս․ Յակոբեանը, Հ․ Սուրխաթեանը, Վ․ Թերզիպաշեանը, Հ․ Դիւլիքեւխեանը, Ա․ Ադամեանը, Լ․ Քալանթարը, Ս․ Յարութիւնեանը, Ս․ Մելիքսեթեանը, Հ․ Մամիկոնեանը, Լ․ Սամուէլեանը, Ա․ Արմէնեանը, Ռ․ Զարեանը, Վ․ Փափազեանը, Ս․ Սողոմոնեանը եւ այլք։

Շէյքսփիրը Հայկական Բեմի Վրայ

Խմբագրել
 
Պետրոս Ադամեանը Համլէթի դերակատար

Շէյքսփիրի թատերական երկերու հայկական բեմադրութիւններու պատմութիւնը սկսած է 1866-ի Մայիսէն՝ Թովմաս եւ Պայծառ Ֆասուլիաճեաններու հատուածաբար ներկայացուցած «Վենետիկի վաճառականները» թատրոնով (Թիֆլիս)։ Շէյքսփիրեան երկի անդրանիկ ամբողջական բեմադրութիւնը իրականացուցած է Հ․ Վարդովեանը 1867-ին («Մըքպէթ», գլխաւոր դերով՝ Հ․ Վարդովեան)։ Հայ առաջին Օթելլօն Դ․ Չմշկեանն է (1867)։ 1880-ին տեղի ունեցաւ «Անսանձի սանձահարումը» կատակերգութեան առաջին բեմադրութիւնը (Պետրուչչօ՝ Մ․ Մնակեան, Քաթերին՝ Աստղիկ)։ Անգերազանց Համլէթ (1880), Լիր (1886) ու նորօրինակ Օթելլօ (1885) եղած է Պետրոս Ադամեանը։

1910-ին առաջին անգամ հայ բեմ բարձրացած է «Ռիչըրտ երրորդ»ը (գլխաւոր դերակատար՝ Ամօ Խարազեան), ապա՝ «Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ»ը (գլխաւոր դերերով՝ Արշաւիր Շահխաթունի եւ Սաթենիկ Ադամեան)։ Հետագային Շէյքսփիրեան ակնառու դերակատարներ եղած են Հ․ Զարիֆեանը (Համլէթ, Օթելլօ, Եակօ, Մերքուցիօ), Կ․ Դալֆայեանը (Համլէթ, Օթելլօ), Վ․ Փափազեանը (Օթելլօ, Համլէթ, Լիր)։ Տպաւորիչ Եակօներ ու շայլքներ եղած են Ա․ Արմէնեանը, Մ․ Մանուէլեանը, Օ․ Սեւումեանը։

1890-ական թուականներուն, Շէյքսփիրեան նոր դերակատարներ հրապարակ կ'իջնեն․ Սիրանոյշը՝ հայ առաջին եւ անգերազանց Օֆելիան, փայլուն Քաթերինը, մտացի Պորցիան, հերոսական Համլէթը․ Յովհաննէս Աբէլեանը՝ Էտկար, Օթելլօ, Լիր։

Խորհրդային շրջանին Շէյքսփիրեան ներկայացումներու ֆիլմարտադրման նոր փուլ կը սկսի Հայաստանի մէջ․ Լ․ Քալանթարի «Անսանձի սանձահարումը» (1923) եւ «Վենետիկի վաճառականը» (1937), Ա․ Բուրջալեանի «Համլէթը» (1924, 1942) եւ «Վենետիկի վաճառականը» (1926), Վ․ Աճեմեանի «12-րդ գիշերը» (1944)։ Շէյքսփիրի գործերու հիման վրայ ստեղծուած օփերաներ բեմադրած է նաեւ Ալ․ Սպենդիարեանի անուան թատրոնը՝ «Օթելլօ» (1942, 1959), «Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ» (1955) եւ այլն։

Այս շրջանին Շէյքսփիրեան ներկայացումներու նկարչական ձեւաւորումով աչքի կ'իյնան Գ․ Եաքուլովը («Վենետիկի վաճառականը»), Ա․ Սարգիսեանը («Համլէթ), Մ․ Արուտիչեանը («Օթելլօ)», Մ․ Սվախչեանը («12-րդ գիշեր»), Ս․ Արուտիչեանը («Սխալներու կատակերգութիւնը», «Երկու վերոնացի ազնուականներ», «Օթելլօ», «Մըքպէթ»):

Խորհրդաահայ բեմին վրայ հանդէս եկան Շէյքսփիրի կերպարներու նոր մարմնաւորողներ՝ Ա․ Ռսկանեան (Քաթերին, Պորցիա, Տեզտեմոնա, Միսիս Ֆորտ), Հ․ Ներսիսեան (Համլէթ, Օթելլօ, Ֆալստաֆ, Լիր), Մ․ Ջանան (Եակօ, Մըքպէթ), Լ․ Զոհրապեան (Շայլք, Թոպի), Ց․ Ամերիկեան (Շայլք, Մալվոլիօ), Գ․ Ջանիբէկեան (Օթելլօ, Քենդ), Դ․ Մալեան (Քլոտիո, Եակօ), Մ․ Սիմոնեան (Տեզտեմոնա, Քորտելիա), Խորէն Աբրահամեան (Կորիոլանուս)։

Շէյքսփիրին առաջինը հայ կերպարուեստ բերած Պ․ Ադամեանը՝ 1880-ականի կէսերուն։ Ան ստեղծած է Համլէթի, Լիրի, Օթելլոյի ինքնատիպ տարազներ, Շէյքսփիրեան հերոսներուն վերարտադրող կտաւներ (Համլէթ, Օֆելիա, Լիր), կատարել գունաւոր փորագրումներ, նկարազարդումներ պնակներու վրայ (Լիր, Օթելլօ), ինքնանկարներ Շէյքսփիրեան դերերու մէջ (Համլէթ, Օթելլօ, Լիր)։ 1921-ին Վիեննայի մէջ Մասեհեանի հրատարաուած «Համլէթ»ը պատկերազարդած է Զապէլ Պոյաճեանը։ Շէյքսփիրի դիմանկարի, ինչպէս նաեւ 1944-ի համամիութենական Շէյքսփիրեան վեցերորդ համաժողովի խորհրդանշային հեղինակն է Երուանդ Քոչարը։ Ալ․ Գրիգորեանը ստեղծած է Շէյքսփիրի գլուխ գործոցներու գիրքային նկարազարդումներու շարք («Համլէթ», 1971, «Մըքպէթ», 1971 եւ այլն)։

Շէյքսփիրի գործերու համար երաժշտութիւն գրած են Ալեքսանդր Սպենդիարեանը («Օթելլօ»), Արամ Խաչատուրեանը («Օթելլօ», «Մըքպէթ», «Լիր արքայ»)։ Անկախ թատերական ներկայացումներէն՝ Շէյքսփիրի երկերու հիման վրայ («Ռիչարդ երրորդ») պալեթային երաժշտութիւն գրած է Աւետ Տէրտէրեանը, Լորիս Ճգնաւորեանը («Օթելլօ») եւ վեց հնչեակներու համար՝ Մարթին Վարդազարեանը։

1965-ին Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիոյ արուեստի ինստիտուտէն ներս կազմակերպուած է Շէյքսփիրագիտական կեդրոն, զոր պարբերաբար կը հրատարակէ ժողովածոներ «Շէյքսփիրական» խորագրով։ 1944-ին Երեւանի մէջ կայացաւ համամիութենական Շէյքսփիրեան վեցերորդ ժողովը, ուր զեկուցեցին Մոսկուայի, Լենինկրատի եւ Հայաստանի գիտնականները, եւ Շէյքսփիրեան ներկայացումներու փառատօն, որուն մասնակցած են Հայաստանի 5 թատրոններ՝ 6 ներկայացումով։ 1981-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Շէյքսփիրեան ներկայացումներու համամիութենական փառատօն եւ Շէյքսփիրագիտական ժողով։ Հայաստանէն հանդէս եկան 5 թատրոններ, 8 ներկայացումով։ Նոյն տարուան մէջ ԽՍՀՄ պետական մրցանակ ստացաւ «Կորիոլանուս» (բեմադրիչ Հրաչեայ Ղափլանեան, նկարիչ՝ Եւգենի Սաֆրոնով) ներկայացումը։

Շէյքսփիրի հիմնական ստեղծագործութիւնները

Խմբագրել

Ողբերգութիւններ

Խմբագրել
 
Անտոնիոս եւ Կղեոպատրա (ողբերգութիւն)
 
Բրուտոսը եւ Կեսարի հոգին
 
Վենետիկի վաճառականը

(ըստ այբբենական կարգի)

  • Անտոնիոս եւ Կղեոպատրա
  • Բրուտոսը եւ Կեսարի հոգին
  • Վենետիկի Վաճառականը
  • Արքայ Լիր
  • Կորիոլան
  • Համլէթ
  • Յուլիոս Կեսար
  • Մըքպէթ
  • Պերիկլես
  • Ռոմէօ եւ Ճուլիէթ
  • Տիմոն Աթենացի
  • Տիտոս Անդրոնիկուս
  • Օթելլօ

Կատակերգութիւններ

Խմբագրել
  • Ամէն ինչ լաւ է, թէ լաւ վերջանայ
  • Անսանձ կնոջ սանձահարուիլը
  • Բազում աղմուկ վասն ոչնչի
  • Ինչպէս կ'ուզեք
  • Ձմեռային հեքիաթ
  • Միջամառային գիշերուան երազ
  • Չափ ընդդէմ չափի
  • Սիմբելին
  • Սիրոյ ապարդիւն ճիգեր
  • Սխալներու կատակերգութիւն
  • Վենետիկի վաճառականը
  • Վերոնացի երկու ազնուական
  • Վինձորի զուարճասէր կանայք
  • Տասներկրորդ գիշեր կամ Ինչ որ կամենաք
  • Տրոիլոս եւ Կրեսիդա

Տարեգրութիւններ (քրոնիկններ)

Խմբագրել
  • Փերիների պարը
  • Հենրի Չորրորդ (Մաս Առաջին)
  • Հենրի Չորրորդ (Մաս Երկրորդ)
  • Հենրի Հինգերորդ
  • Հենրի Վեցերորդ (Մաս Առաջին)
  • Հենրի Վեցերորդ (Մաս Երկրորդ)
  • Հենրի Վեցերորդ (Մաս Երրորդ)
  • Հենրի Ութերորդ
  • Ճոն Արքայ
  • Ռիչըրտ Երկրորդ
  • Ռիչըրտ Երրորդ

Գրականութիւն Շէյքսփիրի մասին

Խմբագրել

Ծանօթագրութիններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 https://www.shakespeare.org.uk/explore-shakespeare/shakespedia/william-shakespeare/when-was-shakespeare-born/
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 2,5 2,6 2,7 2,8 Аникст А. А., Левин Ю. Д. Шекспир // Краткая литературная энциклопедияМ.: Советская энциклопедия, 1975. — Т. 8. — С. 659–678.
  3. 3,0 3,1 3,2 http://web.archive.org/web/20170323041519/http://jeugdliteratuur.org/auteurs/william-shakespeare
  4. 4,0 4,1 4,2 http://www.bbc.co.uk/history/people/william_shakespeare/
  5. 5,0 5,1 5,2 https://www.uh.edu/engines/epi2368.htm
  6. 6,0 6,1 6,2 JSTOR — 1995.
  7. https://internetshakespeare.uvic.ca/Library/SLT/drama/classical%20drama/plautus.html
  8. https://internetshakespeare.uvic.ca/doc/Plutarch_Intro/complete/index.html
  9. Petty A. C. Identifying England's Lonnrot — 2004. — հատոր 1, թող. 1. — է. 69–84. — doi:10.1353/TKS.2004.0014
  10. https://internetshakespeare.uvic.ca/Library/SLT/drama/early%20tragedies/kyd2.html
  11. Tosh W. https://www.shakespearesglobe.com/discover/blogs-and-features/2021/09/22/shakespeare-and-ovids-metamorphoses/ — 2021.
  12. Spearing E. M. The Elizabethan Translations of Seneca's TragediesՔեմպրիճ: Heffers, 2011.
  13. 13,0 13,1 13,2 13,3 13,4 13,5 http://shakespeare.mit.edu
  14. 14,0 14,1 14,2 14,3 14,4 14,5 14,6 14,7 14,8 Kindred Britain
  15. 15,0 15,1 15,2 15,3 15,4 Oxford Dictionary of National Biography / C. MatthewOxford: OUP, 2004.
  16. http://www.oxfordreference.com/view/10.1093/acref/9780198117353.001.0001/acref-9780198117353-e-2595
  17. http://www.oxfordreference.com/view/10.1093/acref/9780191740763.001.0001/acref-9780191740763-e-619?rskey=rOTUsb&result=1
  18. http://www.oxfordreference.com/view/10.1093/acref/9780191740763.001.0001/acref-9780191740763-e-622?rskey=iv2h53&result=2
  19. Schoenbaum, Samuel (1987), William Shakespeare: A Compact Documentary Life (Revised ed.), Oxford: Oxford University Press, ISBN 0-19-505161-0 .

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։