Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Յուշահամալիր (Տէր Զօր)
Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յուշահամալիր, Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիր (արաբ․՝ كنيسة شهداء الأرمن), Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքի Ալ Ռաշտի թաղամասին մէջ։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՅուշարձանը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Յուշահամալիրին կառուցման աշխատանքները սկսած են 1 Դեկտեմբեր 1989-ին եւ աւարտած՝ Նոյեմբերի 1990-ին [1], օծուած՝ 3-4 Մայիս 1991-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ։ Յուշահամալիրը բաղկացած է եկեղեցիէ, թանգարանէ, յուշարձանէ, արխիւային կեդրոնէ եւ ցուցադրութիւններու սրահէ[2]։ Կը գտնուի Հալէպի հայկական առաջնորդարանի թեմի անմիջական ենթակայութեան ներքոյ։ Ամէն տարի 24 Ապրիլին տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ ամբողջ աշխարհէն կ'այցելեն Տէր Զօր՝ յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
21 Սեպտեմբեր 2014-ին յուշահամալիրը «Իրաքի եւ Լեւանտի Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ պայթեցուած է[3][4][5]։
Հիմնօրհնէք
ԽմբագրելՀայ առաքելական եկեղեցւոյ Հալէպի առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ 12 Մայիս 1985-ին տեղի ունեցած է համալիրի հիմնօրհնէքի արարողութիւնը։ Սուրիոյ այս քաղաքը պատահաբար չէր ընտրուած. երիտթուրքերը Տէր Զօր եւ զայն շրջապատող անապատը կ'ուղարկէին Ցեղասպանութեան ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանէն եւ այլ վայրերէն վտարուած հայերը։
Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը նահատակներու աճիւնները ամփոփող կոթողական աշխատանք է, տեղադրուած ապակեայ շրջանակի մէջ, որմէ վեր կը յառի սպիտակ մարմարէ աշտարակը՝ պարուրուած խաչքարերով։
Յուշահամալիր
ԽմբագրելԲարեկամութեան պատ
ԽմբագրելՀամալիրը նախագծուած է յաւերժացնելու անմեղ նահատակներու յիշատակը, բաղկացած է գլխաւոր մուտքէն, որուն մէջէն կարելի է բակ հասնիլ՝ աստիճաններով եւ որոնք կը խորհրդանշեն այն սարսափելի աղէտները, որոնց հայ ժողովուրդը ենթարկուած է, բայց առանց յանձնուելու, կը շարունակէ ապրիլ։ Գլխաւոր մուտքի ճակատը ներսէն զարդարուած է աղաւնիի քանդակով եւ խաչերով՝ արտայայտելու խաղաղութեան հասնելու պայքարը։ Բակին աջ կողմը «Բարեկամութեան պատն է», որ զարդարուած է տարբեր արաբական եւ հայկական ոճիրներու արձանագրութիւններով՝ իբրեւ երկու ժողովուրդներու սերտ կապերու խորհրդանշական արտայայտութիւն։ Հոն կանգնած են երկու աղբիւրներ՝ համապատասխան քանդակներով։
Համալիրին բակը շրջապատող իւրաքանչիւր ճակատ ունի ճարտարապետական ինքնուրոյն լուծում։ Հերոսներուն նուիրուած ճակատին կան երկու արծիւներու քանդակներ, որոնք կը խորհրդանշեն Հայ ժողովուրդի հերոսական պայքարները՝ ի խնդիր իր գոյատեւման։
Յուշակոթող
ԽմբագրելՀիմնական մուտքի մեծ յուշարձանը կառուցուած է հայ նահատակներու յիշատակին համար։ Յուշարձանի խաչքարը բերուած է Հայաստանէն։ Յուշարձանին առջեւ կ'այրի անմար կրակը։ Երկու կողմերը կարելի է տեսնել աշխարհի տարբեր անկիւններէն տեղադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձաններու հինգական նմոյշներ։ Ձախ կողմը յուշապատ է՝ հայկական զարդաքանդակներով։
Եկեղեցին եւ թանգարանը
ԽմբագրելՄատուռը բազմանիստ կեդրոնագմբէթ կառոյց մըն է, որ կարելի է դիտել բոլոր կողմերէն։ Գմբէթին լուսամուտերը խաչքարեր կը յիշեցնեն։ Մատրան ներսիդին կան 8 վերասլաց սիւներ, որոնք կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի վերածնունդն ու ձգտումը՝ դէպի ազատութիւն։
Մատրան ներքնայարկը կը կոչուի Նահատակման Սրահ, որուն կեդրոնէն ու առաջին յարկին գետինին վրայ բացուածքէն՝ վեր կը խոյանայ սիւնակոթող մը։ Կոթողի խարիսխին, ապակեայ դարաններու մէջ զետեղուած են Տէր Զօրի ու շրջակայ անապատներէն բերուած հայ անյայտ նահատակներու աճիւններ։
Ս. Նահատակաց յուշահամալիրը կառուցուած է հայկական ճարտարապետութեան հարազատ ոճով, որ ապացոյց է մեր ազգային դիմագիծին ու մեր անցեալի փառաւոր մշակութային ժառանգութեան։
Ներքնասրահին մէջ ցուցադրուած են Ցեղասպանութիւնը պատկերող լուսանկարներ, իսկ ճակատին կայ քանդակ մը, ուր հայ մայր մը իր զաւակին հայերէն Ա.Բ.Գ. կը սորվեցնէ Տէր Զօրի անապատի աւազին վրայ։
Յուշակոթողի աւերում
ԽմբագրելԾայրայեղական ընդդիմադիրներ եւ վարձկան զինեալ խմբակներ, գրաւելով Տէր Զօրը՝ 21 Սեպտեմբեր 2014-ին կը պայթեցնեն նաեւ նահատակներուն յուշակոթողը, որ լուռ բայց ապրող վկայ մըն էր հայ ժողովուրդին դէմ թուրքերու ծրագրած ու գործադրած ահաւոր ոճիրին[6]։
Հեղինակներ
Խմբագրել- Ճարտարապետեր՝ Սարգիս Բալմանուկեան, Կարպիս Թովմասեան
Պատկերասրահ
Խմբագրել-
Թանգարանը եւ «Յարութեան սիւնը», որուն մէջ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու մասունքները
-
Խաչքար-յուշարձանը
-
«Յարութեան սիւնը»
-
Հարթաքանդակ յուշահամալիրի պատին
-
Ուխտաւորներ յուշահամալիրէն ներս
Արտաքին յղումներ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «ՀԱՅԵՐԸ ՏԷՐ ԶՕՐԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2016-11-10
- ↑ «Armenian National Institute: Genocide Memorials»
- ↑ "ISIS Destroys Armenian Genocide Memorial Church in Der Zor", ArmenianWeekly, 21-09-2014
- ↑ «Naira Hayrumyan, "Middle East Terror: Memory of Armenian Genocide victims targeted by ISIS militants" ArmeniaNow, 24-09-2014»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-09-05-ին։ արտագրուած է՝ 2018-09-25
- ↑ Պայթեցուած է Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին[permanent dead link]
- ↑ Յուշակոթողի աւերում