Փալմիրա
Փալմիրա, (յուն․՝ Παλμύρα) արամերէն՝ Թատմոր (արմաւենիներու քաղաք), հին դարերու ամենահարուստ քաղաքներէն մէկը։ Արմաւուտը (Փալմիրան, Թատմորը) հիմնած է Միտաննիի արքայ Կիրտան Ք.Ա. 1500-ին: Կը գտնուի Սուրիական անապատի ովասիսներէն մէկուն՝ Դամասկոսի եւ Եփրատի միջեւ (Դամասկոսէն 240 Քմ. եւ Եփրատէն 140 Քմ. հիւսիս-արեւելք)։
Իբրեւ Սուրիական անապատը կտրող կարաւաններու հանգիստի գօտի՝ Փալմիրա անուանուած է «անապատի հարսնցու»: Փալմիրայի թագաւորութեան ամէնէն նշանաւոր կառավարիչը եղած է Զենոպիա թագուհին։ Ներկայիս Փալմիրային տեղ սուրիական անապատն է, ուր կը գտնուին հսկայ կառոյցներու աւերակներ, որոնք Հին հռոմէական ճարտարապետութեան լաւագոյն օրինակներն են եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն ներառուած են Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։ Հին քաղաքին գլխաւոր փողոցին տարածքին կ'երկարին սիւներ եւ կամարներ: Ամէնէն նշանաւոր կառոյցներէն են Բելի տաճարը (Ա.դար), Պաալշամինի տաճարը (Բ. դար), Ակորա (Գ. դար) հասարակական կեդրոնով թատրոնը եւ կարաւաններու իջեւանատունը։ Մայիս 2015-ին, երբ Փալմիրան կը գրաւուի Իրաքի եւ Լեւանտի իսլամական պետութեան ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ, մեծ թիւով կառոյցներ եւ յուշարձաններ կը թալանուին ու կ'ոչնչացուին։ Ներկայիս քաղաքը ամբողջական ոչնչացման սպառնալիքին տակ է։
Փալմիրայի անունով կոչուած են ԱՄՆ-ի քանի մը քաղաքներ։ Սեն Փեթերսպուրկը անուանած են հիւսիսային, իսկ Օտեսան՝ հարաւային Փալմիրա:
Պատմութիւն
ԽմբագրելԱրմաւուտը (Փալմիրա, Թատմոր) հիմնած է Միտաննիի արքայ Քիրտան Ք.Ա.1500-ին։ Նաբուգոդոնոսոր Բ. արքան Երուսաղէմի վրայ յարձակելու ատեն աւերած է զայն։ Շնորհիւ աշխարհագրական լաւ դիրքին՝ անիկա կրկին վերաշինուած է եւ դարձած կարաւաններու իջեւանատեղի։ Հռոմէացիները պարթեւներուն հետ պատերազմի ատեն (Ք.Ե. 41) փորձած են գրաւել Փալմիրան, բայց անօգուտ։ Տրայանոսի կառավարման շրջանին անիկա ամբողջութեամբ աւերուած է հռոմէական զօրքերուն կողմէ, սակայն Հատրիանոս վերականգնած է զայն՝ անուանելով Ատրիանապոլիս։ Քարաքալլայի օրով (շուրջ 212) Փալմիրան հռչակուած է հռոմէական գաղութ եւ սենաթոր Սեպթիմիուս Օտենաթին հսկողութեան յանձնուած է։ Հռոմի դէմ հերթական ապստամբութեան ատեն վերջինս սպաննուած է Ռուֆին անունով մէկու մը կողմէ։
Օտենաթի յաջորդած է իր որդին՝ Կայրան, որու մահէն ետք՝ Օտենաթին միւս որդին՝ դարձեալ Օտենաթ անունով։ Ան պարսիկներու դէմ պատերազմի ընթացքին անցած է հռոմէացիներու կողմը եւ Հռոմի կայսր Վալերիանոսի կողմէն ստացած է դեսպանի (consularis) կոչում. հետագային ան ինքզինք կոչած է արքայից արքայ (260)։ Պարսիկներուն դէմ յաղթական պատերազմէն ետք Օտենաթ սպաննուած է իր զարմիկին Մեոնիի կողմէն (267)։ Արքային մահէն ետք գահ կը բարձրանայ անոր կինը՝ Զենոպիան, որ կ'ընդարձակէ տէրութեան սահմանները՝ ջանալով իրեն հնազանդեցնել Հռոմը։ Զենոպիայի օրով Փալմիրան կը հասնի իր փառքի գագաթնակէտին։ Բայց անիկա կարճ կը տեւէ։
Հռոմի կայսր Աւրելիանոս, որոշելով կոտրել թագուհիին հպարտութիւնը, 273-ին կը ստիպէ Փալմիրան իրեն ենթարկել։ Աւրելիանոս գերի կը բռնէ Զենոպիան. մայրաքաղաքը կը պարպուի եւ կը դառնայ Հռոմէական կայսրութեան մէկ մասը։ Հետագային Դիոկղետիանոս, ապա Հուստինիանոս կը փորձեն վերականգնել աւերուած քաղաքը, սակայն նախկին փառքը չի վերականգնիր։ Փալմիրան 744-ին կ'աւերուի արաբներուն կողմէ՝ հետագային դառնալով փոքրիկ բնակավայր մը։
Յուշարձաններու ոչնչացում
Խմբագրել2012-էն ի վեր՝ Սուրիոյ տարածքին կատարուող ռազմական գործողութիւններուն պատճառով, Փալմիրայէն կը տեղափոխուին հարիւրաւոր յուշարձաններ, սակայն անոնցմէ ոչ բոլորը կարելի կ'ըլլայ տեղափոխել։ Վտանգը մեծ էր, ահաբեկիչները կրնային ոչնչացնել պատմաճարտարապետական յուշարձանները, ինչպէս որ ըրած էին Իրաքի որոշ շրջաններու մէջ: Ահաբեկիչները կը սկսին ոչնչացնել մշակութային արժէքները: 27 Յուլիսին կը վերացնեն Ալաթ առիւծին արձանը, 23 Օգոստոսին կը պայթեցնեն Պաալշամինի տաճարը: Ահաբեկիչները կը գլխատեն Փալմիրայի պահապանը՝ 82-ամեայ հնագէտ Դոկտ. Խալետ ալ-Ասաատը։ 30 Օգոստոս 2015-ին իսլամները կը փորձեն պայթեցնել Բելի տաճարը՝ աւերելով զայն: Արբանեակային լուսանկարները կը հաստատեն այդ փաստը։ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կը դատապարտէ բարբարոսական այդ արարքը։ 4 Սեպտեմբերին կ'ոչնչացնեն լաւ պահպանուած երեք դամբարաններ, որոնք ստեղծուած էին հռոմէական շրջանին: Մասնագէտներ կ'ենթադրեն, թէ ահաբեկիչները կ'ոչնչացնեն ինչ որ չեն կրնար վաճառել։ 5 Հոկտեմբեր 2015-ին ահաբեկիչները կը պայթեցնեն հին հռոմէական շրջանի յաղթակամարը, որ հին Սուրիոյի եւ Փալմիրայի խորհրդանիշն էր: 27 Մարտ 2016-ին սուրիական բանակին զօրամասերը կը գրաւեն Փալմիրա քաղաքը, պատմական վայրերն ու շրջակայ բարձունքները։
Համայնապատկերներ
ԽմբագրելՊատկերասրահ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- Addison Charles Greenstreet (1838)։ Damascus and Palmyra: a journey to the East 2։ Richard Bentley։ OCLC 833460514
- al-Asaad Khaled, Chatonnet Françoise Briquel, Yon Jean-Baptiste (2005)։ «Reflections on the tokens found in the Arsu temple»։ in Cussini Eleonora։ A Journey to Palmyra: Collected Essays to Remember Delbert R. Hillers։ Brill։ ISBN 978-90-04-12418-9
- Ball Warwick (2009)։ Out of Arabia: Phoenicians, Arabs, and the Discovery of Europe։ Asia in Europe and the making of the West 1։ East & West Publishing։ ISBN 978-1-56656-801-2
- Barnard Anne, Saad Hwaida (31 August 2015)։ «Palmyra Temple Was Destroyed by ISIS, U.N. Confirms»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 12 December 2016
- Benzel Kim, Graff Sarah B., Rakic Yelena, Watts Edith W. (2010)։ Art of the Ancient Near East: A Resource for Educators։ Metropolitan Museum of Art։ ISBN 978-1-58839-358-6