Մոնթէ Մելքոնեան

Մոնթէ Չարլզ Մելքոնեան (25 Նոյեմբեր 1957(1957-11-25)[1], Վիսելիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1] - 12 Յունիս 1993(1993-06-12)[1], Մարզիլի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), արցախեան պատերազմի հայազգի հրամանատար։

Մոնթէ Մելքոնեան
Ծնած է 25 Նոյեմբեր 1957(1957-11-25)[1]
Ծննդավայր Վիսելիա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Մահացած է 12 Յունիս 1993(1993-06-12)[1] (35 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարզիլի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
 Հայաստան
Ազգութիւն Ամերիկահայ[2]
Մայրենի լեզու հայերէն
Ուսումնավայր Քալիֆորնիոյ Համալսարան, Պըրքլի
Մասնագիտութիւն հնաբան, զինուորական
Ամուսին Սեդա Գպրանյան-Մելքոնյան?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Կրթութիւն

Խմբագրել

Մոնթէ ծնած է 25 Նոյեմբերին, ԱՄՆՔալիֆորնիոյ նահանգի, Ֆրէզնօ քաղաքէն ոչ հեռու՝ Վիսելիա աւանին մէջ։

1972-ի ամրան տասնհինգամեայ Մոնթէ Մելքոնեան կ'աւարտէ տեղի միջնակարգ դպրոցը։ 1973-ին՝ մինչ նոր ուսումնական տարեշրջանին վերամուտը, դպրոցի տնօրէն «Տէյվիտ Գրէյմս» կ'առաջարկէ տաղանդաւոր աշակերտին ճամբորդել Ճափոն՝ ուսանելու։

Արտասովոր ընդունակութիւններու տէր, 12 տարեկանէն (այդ տարիքին է, որ ան տեղեկացած է իր հայ ըլլալուն մասին) ծնողներուն հետ 15 ամեայ տղան ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի 41 քաղաքներ։ Կ'երթայ Արեւմտեան Հայաստան՝ իր պապերուն տունը։ Կ'ուսումնասիրէ 1915-ի  Մեծ Եղեռնի պատմութիւնը։

1975-ին՝ գերազանց գնահատականով կ'աւարտէ «Մաունթ Ուիթնի»ի միջնակարգ դպրոցը։ 20 տարեկանին կ'ընդունուի Քալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանը։ Բացարձակ ընդունակութիւններու տէր՝ ան չորս տարուան դասընթացքը կ'աւարտէ կրկնակի տիտղոսով՝ ստանալով հնագիտութեան եւ ասիական պատմութեան մասնագէտի վկայականներ։ Համալսարան ուսանած տարիներուն կը հիմնէ «Հայ ուսանողական միութիւն»ը եւ կը կազմակերպէ ցուցահանդէս մը՝ նուիրուած Մեծ Եղեռնին։

Մոնթէ իր աւարտաճառը կը նուիրէ Վանի թագաւորութեան, ժայռափոր դամբարաններու ուսումնասիրութեան եւ կը պաշտպանէ զայն 1978-ին։ Կ'արժանանայ կրթաթոշակի՝ Օքսֆորտ համալսարանի դոկտորականը պաշտպանելուն համար։ Սակայն Մոնթէ Անգլիոյ փոխարէն կ'երթայ Արեւմտեան Հայաստան՝ Վասպուրականի ժայռափոր դամբարանները եւ կացարանները չափագրելու եւ ուսումնասիրելու համար։

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմ

Խմբագրել

1978-ի աշնան կը մեկնի Իրան, ապա Լիբանան՝ մասնակցելու Պէյրութի հայ համայնքի ինքնապաշտպանութեան մարտերուն։ 22 տարեկանին արդէն լիովին կը տիրապետէր անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, իտալերէն, թրքերէն, պարսկերէն, ճաբոներէն եւ քրտերէն լեզուներուն։

Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ

Խմբագրել

1980-ին կը միանայ «Հայաստանի Ազատագրական Հայ Գաղտնի Բանակին» (ԱՍԱԼԱ)։ Նոյեմբեր 1981-ին Փարիզի մէջ կը ձերբակալուի՝ Հռոմի մէջ թուրք դիւանագէտին սպաննութիւնը նախապատրաստելուն ամբաստանութեամբ, որուն ժխտումէն ետք, այնուամենայնիւ, կը բանտարկուի կեղծ անձնագիր կրելուն մեղադրանքով։ Քանի մը շաբաթէն ազատ կ'արձակուի։ Երկու տարուան ընթացքին կը դառնայ ԱՍԱԼԱ-ի կարեւոր դէմքը։ Յօդուածներով հանդէս կու գայ Փարիզի «Հայ Պայքար» եւ Լոնտոնի «Կայծեր» թերթերուն մէջ, Սան Ֆրանսիսքոյի «Սարդարապատ» ամսագիրին, նաեւ անգլերէն շարք մը գիրքերուն մէջ՝ հայոց ազգային հարցերու արդարացի պահանջքին եւ իրաւունքին մասին, որոնք լոյս տեսած են Լոնտոնի մէջ։

1991-ին, բանտէն ազատ արձակուելէն ետք, Մոնթէ կ'անցնի Երեւան, եօթ ամիս կ'աշխատի գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ՝ «Հայաստանը Եւ Հարեւանները» գիրքը գրելու եւ հրատարակելու նպատակով։

Օգոստոսին կ'ամուսնանայ լիբանանահայ ուսանողուհի՝ Սեդային հետ, որուն հետ ծանօթացեր էր Լիբանան գտնուած ընթացքին։ Արցախի ազատագրման պատերազմը սկսելէ ետք, ձգելով գիտական գործունէութիւնը, կը մեկնի Ղարաբաղ՝ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու համար։

Սեպտեմբեր 1991-ին կը մեկնի Արցախ, ուր ձեռք կը բերէ «Աւօ» կեղծանունը։ 1992-ին Վազգէն Սարգսեանի առաջարկով կը ստանձնէ Մարտունի շրջանի շտապի պետի պարտականութիւնը, ուր կարճ ժամանակուան մը ընթացքին, իր անկեղծութեամբ ու մաքրութեամբ կը շահի բնակչութեան սէրն ու յարգանքը։ Անոր ղեկավարութեամբ Մարտունին կը դառնայ ամէնէն պաշտպանուած ու ամէնէն մարտունակ շրջանը։ Մարտ եւ Ապրիլ 1993-ին անոր ղեկավարութեամբ կ'ազատագրուի նաեւ Քարվաճառը։ 12 Յունիս 1993-ին, հետախուզական նպատակով, Մոնթէ մարտական ընկերներու հետ կը մեկնի Աղտամի շրջանի Մարզիլի գիւղի մատոյցները, ուր ազրպէյճանական զրահապատ մեքենայի կրակոցէն կը զոհուի։

Մշակոյթի Մէջ

Խմբագրել

Մոնթէի յիշատակին գրուած եւ կատարուած են բազմաթիւ երգեր, նկարահանուած են բազմաթիւ վաւերագրական ժապաւէններ, օրինակ՝

  • չորս մասէ բաղկացած Գաղափարի Զինուորը Գոյամարտ սթուտիա[3],
  • Սա մեր վերջին պայքարը չի[3],
  • 00-ն կապի մէջ է, Մոնթէ Մելքոնեանի վերջին ռատիօկապի ձայնագրութիւնը[4],
  • Սուր անկիւն հաղորդաշարին «Մեր ժամանակի հերոսը» բաժինին մէջ Մոնթէ Մելքոնեանին մասին տեսանիւթ Գէորգ Էմին-Տէրեան եւ այլ ֆիլմեր[5]։

Անոր անունով կը կոչուի ՀՀ զինուած ուժերու ռազմական ուսումնարաններէն մէկը, փողոցներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։

Մոնթէին Նուիրուած Յուշարձաններ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել
  1. Մոնթէ Մելքոնեանի ֆոնտի կայքը
  2. Մոնթէ Մելքոնեան Ֆէյսպուք
  3. Մոնթէ Մելքոնեանի հարցազրոյցը (մաս 1), (մաս 2), (մաս 3), (մաս 4), (մաս 5)։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Բաղրեան Վարդգէս «Աւօ», Ստեփանակերտ, 1993։
  • Քամալեան Սէյրան «Աւօն մեր աչքերով», Երեւան, 1994, 240 էջ։
  • Պօղոսեան Գայեանէ «Անաւարտ հերոսավէպ», տե'ս Աւետաբերները. Ազգային հերոսներ (դիմանկարների ժողովածու)», կազմեց՝ Գրիգոր Ջանիկեան, Երեւան, 1997, էջ 13-23։
  • Բաղրեան Վարդգէս «Ֆենոմեն», Ստեփանակերտ, 1998, 268 էջ։
  • Մուսայէլեան Բաբգէն «Յանուն Արցախի եւ յանուն Մարտունու», Ստեփանակերտ, 1998, 133 էջ։
  • Հասրաթեան Սենոր «Գաղափարի զինուորը», Երեւան, 2006, 157 էջ։
  • Բաղրեան Վարդգէս «Աւօ (յուշապատում)», Ստեփանակերտ, 2007, 128 էջ։
  • Ծառուկեան Ասպրամ «Բարեւ, ինչպէ՞ս էք, լա՞ւ էք (յուշեր Մոնթէի մասին)», Երեւան, 2007, 320 էջ։
  • Մելքոնեան Մարգար «Աւօ. Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքն ու մահը», Երեւան, 2007, 428 էջ։
  • Բաղրեան Վարդգէս «Աւօ (յուշապատում)», Ստեփանակերտ, 2009, 128 էջ։
  • Ծառուկեան Ասպրամ «Բարեւ, ինչպէ՞ս էք, լա՞ւ էք. յուշեր Մոնթէի մասին», 2-րդ լրացուած հրտ., Երեւան, 2009, 408 էջ։
  • Markar Melkonian: My Brother's Road, An American's Fateful Journey to Armenia. I.B. Tauris, New York City 2005. ISBN 1-85043-635-5
  • Thomas de Waal: Black Garden: Armenia and Azerbaijan Through Peace and War (2. Auflage), NYU Press, New York City 2013.
  • Michael Krikorian: Portraits of Hope: Armenians in the Contemporary World. Berghahn Books, 2007, ISBN 978-1-84545-257-5, S. 237–242.
  • Joseph E. Vorbach: Monte Melkonian: Armenian revolutionary leader. In: Terrorism and Political Violence. 6, Nr. 2, 1994, S. 178–195. doi:10.1080/09546559408427253
  • Christopher Zurcher: The Post-Soviet Wars: Rebellion, Ethnic Conflict, and Nationhood in the Caucasus. NYU Press, New York City 2009, ISBN 978-0-81479-724-2.