Բալու (քաղաք)
Բալու, քաղաք եւ ընդհանրապէս այս գաւառակի գիւղերու հայերու քաղաքական գործունէութեան սկզբնաւորութիւնը սերտօրէն կապուած է Պոլսոյ հետ, ուր կ՝ապրէին հոծ թիւով գաւառացի պանդուխտներ։ Գիտենք օրինակ, որ տակաւին 1889-էն սկսեալ օսմանեան մայրաքաղաքին մէջ կազմուած Հնչակեան կուսակցութեան ընդհատակեայ խումբերուն անդամներէն շատեր բալուցի պանդուխտներ են, որոնք նաեւ կարեւոր դեր կը խաղան նոյն կուսակցութեան կազմակերպած եւ Սուլթան Ապտուլ Համիտի իշխանութեան դէմ ուղղուած Պապը Ալիի ցոյցին մէջ։ Օսմանեան իշխանութիւնները բռնութեամբ կը հակազդեն այս ցոյցին, կը սպանուին ու կը ձերբակալուին բազմաթիւ ցուցարարներ. անոնցմէ ոմանք բռնի կը վերադարձուին իրենց հայրենի գիւղերն ու քաղաքները։ Այս վերջին խումբերուն մէջ եղած են նաեւ բալուցի պանդուխտներ, որոնք կ'ենթադրուի կարեւոր դերակատարութիւն կ'ունենան իրենց ծննդավայրերուն մէջ քաղաքական ընդյատակեայ կազմակերպութիւններ ստեղծելու գործին մէջ։ Հնչակեան առաջին գործիչներու այս խումբին մաս կազմած է նաեւ Ազարիկ Գոլոյեան, որ Բալուի Ձէթ գիւղէն էր եւ այս տարիներուն ուսուցչութիւն կ'ընէ գաւառակին զանազան դպրոցներուն մէջ։
Բնակավայր | |
---|---|
Բալու | |
թրք.՝ Palu | |
Երկիր | Թուրքիա |
Բնակչութիւն | 23 834 մարդ (2018) |
Ժամային գօտի | UTC+3։00 |
Փոստային ցուցանիշ | 23500 |
Այս տարածքէն ներս հնչակեան մէկ այլ յայտնի գործիչ մըն է Պետրոս Վարժապետեանը (Պետրէ)։ Ան ծնած է 1870-ին Բալուի Սագրաթ գիւղին մէջ։ Գիւղին վարժարանը աւարտելէ ետք, կ'ուղարկուի Պոլիս՝ իր բարձրագոյն ուսումը ստանալու համար։ Այստեղ է որ ան կ'անդամակցի Հնչակեան կուսակցութեան, կը մասնակցի Պապը Ալիի ցոյցին, ապա կ'անցնի Միացեալ Նահանգներ։ 1906-ին զինք դարձեալ կը գտնենք իր հայրենի գիւղին մէջ, ուր կը շարունակէ քաղաքական իր ընդյատակեայ գործունէութիւնը։ Նոյնպէս Բալուի Խարակետան (Խարակերի՞կ) գիւղէն է հնչակեան մէկ այլ գործիչ՝ Գրիգոր Երեմեանը։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը քաղաքին մէջ կ'ունենայ իր սեփական ակումբը։ Այստեղէն կ'անցնին դաշնակցական զանազան գործիչներ, որոնց շարքին Ռուբէն Զարդարեան եւ Տիգրան Պոնափարթեան (Խարբերդէն), Կարօ, կամ Քեաֆիր Հէմզօ (Մուշէն), Բարսեղ Շահպազ (Տիարպեքիրէն)[1]։
Բնակչութիւն
ԽմբագրելՏարի | Բնակչութիւն | |
---|---|---|
2018 | 23 834 մարդ |