«Մհերի դուռ» կամ «Ագռաւի քար», սրբազան քարաժայռ Վանայ բերդին մօտ։ Ըստ աւանդութեան, այդտեղ փակուած է աշխարհի անարդարութիւններէն խռոուած «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութեան վերջին հերոսը՝ Փոքր Մհերը։ Ըստ աւանդութեան՝ ամէն տարի, Համբարձման ու Վարդավառի գիշերը, երբ երկինքն ու երկիրը զիրար կը համբուրեն, Մհեր իր հրեղէն նժոյգով դուրս կու գայ, կը շրջի երկինքի եւ երկրի մէջ, բայց համոզուելով, որ դեռ «գետինը չի կրնար դիմանալ իր ծանրութեան», դարձեալ կը վերադառնայ իր տեղը։ Իբր թէ օր մը Մհեր դուրս պիտի գայ հոնկէ՝ ազատելու «հայուն աշխարհը» չար ուժերէ եւ հիմնելու երջանիկ թագաւորութիւն մը։ Աւանդութեան մեջ պահպանուած է Միհր աստուծոյ երկրորդ գալստեան եւ աշխարհը չար ոգիներու իշխանութենէն ազատելու գաղափարը։

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Վանի Մհերի դուռ անուանումը ստացած ժայռախորշը կը գտնուի աւելի քան 50 մեթր բարձրութեան վրայ: Աստիճանները կը տանին դէպի խորշին մուտքը. ժայռին ստորոտը` ստորերկրեայ այլ շինութիւն մը եւս կայ: Դրան չափերն են շուրջ 2 մեթր լայնք եւ 4,5 մեթր բարձրութիւն։ Իսկ ժայռին ստորոտէն կարելի է բարձրանալ մինչեւ դրան սեմը, շուրջ՝ 20 մեթր։

Մհերի դուռ խորշը նշանաւոր է կրօնական բնոյթի սեպագիր արձանագրութեամբ, որ փորագրուած է Իշպուինիի (825-810) եւ Մենուայի (810-786) օրերուն: Լայն ճանաչում ստացած են նաեւ Վանի ժայռին մէջ փորուած արհեստական անձաւները եւ ընդարձակ շինութիւնները: Անձաւներուն մէկ մասը, դամբարանի դեր կատարած է: Չարխի ֆալակը լերան գագաթէն մինչեւ անոր խորքերը իջնող անցք է, որ ըստ աւանդութեան կը տանի դէպի «Բախտի անիւ»ը (Չարխի-ֆալակը): Նոյն ժայռին երկարաձիգ շարունակութեան վրայ, արեւմտեան կողմը, քարին ճակատը տաշուած է շրջանակի մէջ առնուած քառանկիւնի մուտքի ձեւով: Ժողովուրդը դուռը կը կոչէ Մհերի դուռ: Մուտքին մակերեսը ամբողջութեամբ ծածկուած է բեւեռագիրերով, որոնք պաշտամունքային բովանդակութիւն ունին:

 

Աւանդապատում

Խմբագրել

Մհերի դուռը կը կոչուի նաեւ «Ագռաւի կամ Ակրփու քար»[1], որ ըստ աւանդութեան, կապուած է Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան հետ:

Սասունցի Դաւիթի հայրն էր Մեծ Մհերը, Առիւծաձեւ, քանի որ ան առիւծ մը ձեւած՝ երկուքի բաժնած էր։ Իսկ Դաւիթի որդին ալ կոչուած էր իր մեծ հօր անունով՝ Մհեր, զոր զանազանելու համար մեծ հօրմէն, կոչած էին Պզտիկ՝ Փոքր Մհեր։ Բայց Փոքր Մհեր այնքան հսկայացած էր, որ այլեւս ծերացած աշխարհը չէր կրնար կրել անոր ծանրութիւնը, եւ հողին մէջ կը խրուէր իր ձիուն՝ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակները․

  Այն ատեն Մհեր եկաւ հասաւ Վանայ մօտ սարի տակ ժայռի մը առաջ. թուրը որ զարկաւ, քարը երկուքի բաժնուեցաւ, ինք եւ ձին գացին մէջը, քարը եկաւ իրար կպելով գոցուեցաւ…։  


Աւանդութիւնը կ'ըսէ, թէ Փոքր Մհեր, իր հօր` դիւցազն Դաւիթի անէծքին պատճառով բանտարկուած է այդ ժայռ-քարանձաւին մէջ:

  Քանի աշխարք չար է, Հողն էլ ղալբցեր է, Մէջ աշխարքին ես չեմ մնայ։ Որ աշխարք աւերուի, մէկ էլ շինուի, Եբոր ցորեն էղաւ քանց մասուր մի, ու գարին էղաւ քանց ընկուզ մի, Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էդտեղէն։  

Տարին մէկ անգամ կը բացուին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանին Մհերն ու իր ձին, այնուհետեւ դարձեալ կը փակուին ժայռին դռները: Ըստ աւանդութեան, Մհերը իր ձիուն հետ այդտեղ պէտք է մնան, մինչեւ որ աշխարհի վրայ թագաւորեն մարդասիրութիւնը, արդարութիւնը, ազնուութիւնը, խաղաղութիւնը եւ գաղափարական‎‎‎‎‎ կեանքը: Փոքր Մհեր Վանայ ժայռէն դուրս պէտք է գայ Մհերի դրան միջոցով:

  Ըստ աւանդութեան, Մհերի Դրան վերեւէն սեւ ջուր մը կաթ-կաթ կը ծորի։ Կ՚ըսեն թէ` Մհերն ու իւր ձին Աստուծոյ հրամանով փակուեր են այնտեղը։ Այն սեւ ջուրը Մհերի ձիուն շեռն է։ Այդ դրան ետին ճախրի ֆալակ կը դառնայ, այսինքն աշխարհի մարդկանց կամ երկրագունդին ճախրը, անիւը, չարխը։ Մհերը այդ ճախրի դադարումով պիտի ազատուի եւ դուրս ելլելով աշխարհը աւերէ։ Եւ թէ ամէն տարի Համբարձման գիշերը երկինք գետին իրար կը համբուրեն, այդ րոպէին Մհերի Դուռը կը բացուի եւ ո՛վ որ արթուն մնացեր ու այդ վայրկեանը տեսեր է, ինչ որ սիրտն ուզեր այնպէս եղեր է։ Որովհետեւ Մհերի Դուռը բաց է այն րոպէին, ով որ ներս մտնէ, որքան ոսկի ուզէ կ՚առնէ դուրս կ՚ելլէ, վասնզի հոն աշխարհի ոսկին կուտակուած է։ Թէեւ քանի մը մարդիկ փորձեր են ու ագահ լինելով շատ վերցնելու համար ուշացեր, դուռը գոցուեր, ներսը մնացեր են»։ «Ուրեմն՝ այս կերպով Մհեր կը լինի աշխարհի բախտը դարձնող ու ոսկի բաշխող չաստուած մը։ Գուցէ Մհեր Արեւու Աստուած Մեծն Միհրը լինի եւ իւր դուռը ուղղակի հարաւոյ կամ արեւու հանդէպ լինելով՝ պաշտելու պատշաճ…։
- Գէորգ Մեսրոպ
 

[2]

 
Մհերի Դուռ

Դուռը կը կոչուի նաեւ Խալդիի կամ աստուծոյ դարպասներ: Ուրարտուի մէջ «աստուծոյ դարպասներ» կոչուած են այս տաճարները: «Աստուծոյ դարպասները», փոքրաթիւ բացառութիւններով, նուիրուած էին Խալդիին. արձանագրութիւններու մէջ, ուրարտական արքաները, «դարպասներ» կառուցած են միայն Խալդիին համար: Խալդիի պաշտամունքը այնքան առաջնային էր Ուրարտուի մէջ, որ Գ. Ղափանցեանը զայն անուանած է «խալդամոլութիւն»:[3]

Մհերի Դուռը Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք

Խմբագրել

Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք Մհերի Դուռը կը կորսնցնէ իր կարեւոր նշանակութիւնը, իսկ վանեցիներու գլխաւոր աստուած Խալդիի (Հայկի) պաշտամունքը, որուն նուիրուած էր այդ դուռը, կը միաձուլուի Միհրի պաշտամունքին հետ։ Սակայն ժողովրդական հաւատալիքներուն մէջ Մհերի Դուռը մինչեւ Ի. դար կը մնայ որպէս կարեւորագոյն պաշտամունքային վայր։

Այս յուշարձանը ներկայիս կը գտնուի Վանայ քարաբերդի հիւսիս-արեւելեան կողմէն դէպի Վարագայ լեռները բոլորուող լեռնագօտիի մը վրայ։ Հայկական աւանդութիւնը այս լեռնագօտին անուանած է Տոսպեան Բլուր[4], որ կը կարծուի թէ նախապէս միացած էր Վանայ բերդի ժայռերուն հետ եւ երկրաշարժի հետեւանքով բաժնուած է անկէ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել