Սասունցի Դաւիթ
Սասունցի Դաւիթ, Սասնայ Ծռեր հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին հերոսներէն մէկը:

Հակառակ անոր, որ Սասունցի Դաւիթին նուիրուած է դիւցազնավէպին չորս մասերէն միայն մէկը, սակայն ամբողջ վէպը յաճախ կը կոչուի «Սասունցի Դաւիթ»:
Հայ ժողովուրդին կենսական ուժը, իր լաւագոյն ձգտումները, խոհերն ու զգացումները մարմնաւորուած են վէպին գլխաւոր հերոսին՝ Դաւիթին կերպարին մէջ: Դաւիթ գերմարդկային ուժ ունեցող անխոցելի հսկայ մըն է՝ հայրենասէր, ժողովրդասէր, ռամիկին ու աշխատաւորներուն պաշտպանը, անձնուրաց է եւ քաջ, մարդասէր ու խաղաղասէր:
Դաւիթ հայ ժողովուրդին սիրելի հերոսը ըլլալով՝ ժողովուրդին կողմէ անոր շնորհուած է աստուածային տիտղոս՝ «Դաւիթ» կոչումով: Ժողովուրդը սիրելով իր հերոսը, մանկութենէն զինք օժտած է ազատասիրական ոգիով:
«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպը ձեւաւորուած է Ը.-Ժ. դարերուն տեղի ունեցած պատմական մեծ իրադարձութիւններու ընթացքին՝ իբրեւ արաբ թշնամիներու դէմ հայութեան մղած անթուլ պայքարին եւ նուաճուած անկախութեան գեղարուեստական արտայայտութիւնը: Դիւցազնավէպը կ'արտացոլացնէ հայ ժողովուրդին հաւաքական մտածողութիւնը, անոր կենսասիրութիւնն ու բարոյական ըմբռնումները, եւ, որ ամենակարեւորն է՝ ազատասիրական ոգին:
Անուանումներ
Խմբագրել- Դիւցազներգութիւնը բաղկացած է չորս ճիւղէ՝ «Սանասար եւ Պաղտասար», «Մեծ Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Փոքր Մհեր»: Դիւցազներգութիւնը կը կոչուի «Սասնայ ծռեր»:
- «Ծուռ» բառը հայերէնի մէջ կը նշանակէ դիւահար, խենթաւուն, խելահեղ, քաջ, եւ իմաստային այս տարբերակներէն իւրաքանչիւրը դիւցազնավէպին հերոսներուն համար բնորոշ է անոնց կեանքին այս կամ այն պարագային:
- Դիւցազնավէպը կ'անուանեն նաեւ «Ջոջանց տուն», այսինքն՝ «Մեծերու տուն», «Աւագներու տուն», «Հսկաներու տուն», «Քաջաց տուն»: Այդ քաջաց տոհմին պատկանող կիներէն կը սերի հերոսներու երեք կրտսեր սերունդ:
Դիւցազնավէպին ամէնէն նշանաւոր մասը
Խմբագրել
«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին չորս մասերէն ամէնէն նշանաւորը եւ հայ ժողովուրդին ամէնէն հոգեհարազատը «Սասունցի Դաւիթ» մասն է: Հոս հայ ժողովուրդը կը նզովէ նենգ իշխանները եւ կը փառաբանէ հայրենասէր, ուժեղ եւ քաջ հերոս Դաւիթը: Դաւիթ մանկութենէն Մելիքին ցոյց կու տայ իր ուժը, ան չի հնազանիր Մելիքին, չ'անցնիր թուրին տակէն: Մելիքին պատերազմ յայտարարելը Սասնայ քաղաքին առիթ կը հանդիսանայ Դաւիթին՝ ցոյց տալու իր խոհեմութիւնն ու բազուկին ուժը: Ան կը հասկնայ, որ այդ պատերազմը ուղղուած է իր դէմ, ոչ իր անմեղ ժողովուրդին, ուստի եւ այս պատերազմին պէտք չէր մասնակից դառնար անմեղ ժողովուրդը: Այսպէս Դաւիթ վերցնելով իր հօր զէնքն ու զրահը կ'երթայ Մսրայ աշխարհ, ճանապարհին զգուշացնելով իր գալստեան մասին՝ Մսրայ աշխարհին.
![]() |
Էհէ՜յ, ով քնացած է՝ արթո՛ւն կեցէք,
Ով արթուն է՝ ձիե՛ր թամբեցէք, Ով թամբեր է՝ զէնքե՛ր կապեցէք, Ով կապեր է՝ ելէ՛ք, հեծէ՛ք, Չըսէք Դաւիթ գող-գող էկաւ Գողճգող գնաց[2]: |
![]() |
Մելիքին հետ դէմ յանդիման կռուելով, Դաւիթ անգամ մը եւս իր արիութիւնը կը ցուցաբերէ Մսրայ ժողովուրդին: Ան քառասուն գոմէշի կաշի վրան քաշած Մելիքը կը կիսէ մէջտեղէն: Այս պատկերը շատ խոր կ'արտացոլայ հայ ժողովուրդին մէջ եւ գեղեցիկ ձեւով կը յայտնուի դիւցազնավէպին մէջ.
![]() |
Կանչեց, զարկաւ, Թուր Կեծակին
Կըտրեց քառսուն ջաղացի քար, Կըտրեց քառսուն գոմշի կաշին, Կըտրեց հրէշ Մըսրա Մելքին: Ու եօթ գազ էլ մտաւ գետին, գնաց, հասաւ մինչեւ սեւ ջուր: |
![]() |
Այս դիւցազնավէպը ամբողջ աշխարհին կը բացայայտէ հայոց արիութիւնն ու մարտական ոգին:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Bedevian Ruth (15 February 2007)։ «Yervand Kochar - Incomparable Talent Evoked the National Spirit of Armenia»։ Armenian News Network / Groong։ University of Southern California։ արտագրուած է՝ 28 February 2014
- ↑ Սասունցի Դաւիթ