Մաշտոց

Եկեղեցին որպէս հոգեւոր կառոյց՝ հաւատացեալներու կեանքէն ներս հաւատքի այն միջնաբերդն է, որ իր աղօթասաց կամարներուն ներքեւ կը համախմբէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց անապատացած ներաշխարհին մէջ աստուածային կենդանի ջուրին պապակը կը զգան։

Երկրորդ եկեղեցին հոգեւոր այն տունն է, ուր մարդիկ աղօթքի ճամբով իրենք զիրենք դէմ յանդիման կը գտնեն գթառատ երկնաւոր այն Հօր, որ սնուցիչն է սիրոյ եւ խաղաղութեան:

Եւ երրորդ՝ եկեղեցւոյ եզակի առաքելութիւններէն մին է, մարդկային կեանքի զանազան հանգրուաններուն՝ ներգործել հաւատացեալներու հոգիներէն ներս։

Այս ներգործութիւնը եկեղեցական մասնաւոր ծիսակատարութեամբ` Խորհուրդներով եւ արարողութիւններով կը մատակարարէ եկեղեցին։

Եկեղեցւոյ Խորհուրդները հետեւեալներն են.–

Մկրտութիւն, Դրոշմ, Ապաշխարութիւն, Հաղորդութիւն, Պսակ կամ Ամուսնութիւն, Ձեռնադրութիւն եւ Կարգ Հիւանդաց կամ Վերջին Օծում։

Եկեղեցւոյ Խորհուրդներու կատարումը, ամփոփուած է մասնաւոր հատորի մը մէջ, որ Մաշտոց կը կոչուի: Համաձայն Օրմանեան Սրբազանի, Մաշտոց ծիսարանին նախնական խմբագրումը կատարուած է Մաշտոց Եղիվարդեցի Կաթողիկոսին կողմէ, որ վախճանած է 899 թուին:

Մաշտոց ծիսարանը երեք մասերու կը բաժնուի.

Առաջինը՝ անմիջական կերպով եկեղեցւոյ յարկին մէջ գործածութեան դրուած Փոքր Մաշտոցն է, որ կը բովանդակէ քահանային կողմէ կատարուող եկեղեցական կարգ մը Խորհուրդները, ինչպէս Մկրտութիւնը, Դրոշմը, Պսակը, Թաղմանական կարգը՝ երեք հանգրուաններով.- Տան կարգ, Եկեղեցւոյ կարգ եւ Գերեզմանի կարգ։

Փոքր Մաշտոցին մէջ մենք կը գտնենք ծիսական զանազան արարողութիւններ եւս. Ինչպէս՝ մատաղի, եկեղեցական սպասներու, սկիհի, ջրհորի, արտի եւ հնձանի, դժուարածին յղի կիներու, երաշտի, նոր տան, ուխտեալ, պատանիներու մազի կտրման, խաչահանգիստի, դիւանահարի եւ լուսնոտութեան, բժշկութեան, Սուրբ Ծննդեան եւ Յարութեան տնօրհնէքի արարողութիւնները:

Փոքր Մաշտոցի տպագրութիւնը յաճախակիօրէն կատարուած է, որպէսզի քահանայ հայրեր զայն միշտ իրենց տրամադրութեան տակ ունենան:

Երկրորդ հատորը կը կոչուի Մայր Մաշտոց, որ ընդհանրապէս հաւաքածոն է այն ծիսակատարութեանց, որոնք եպիսկոպոսին կողմէ կը կատարուին, ինչպէս՝ ձեռնադրութիւն, վարդապետական գաւազանի տուչութիւն, նոր եկեղեցւոյ օծում, սրբապատկերներու օծում, քահանայաթաղ եւ այլ կարեւոր օրհնութիւններ:

Մայր Մաշտոցը միայն մէկ անգամ տպագրուած է Սուրբ Էջմիածնի մէջ 1807–ին։ Բայց, գործնականութեան համար Մայր Մաշտոցէն առանձնակի հատորով մը տպագրուած է ձեռնադրութեան բաժինը, թէ՛ Սուրբ Էջմիածնի եւ թէ Անթիլիասի մէջ։ Իսկ քահանայաթաղը՝ Երուսաղէմի մէջ:

Երրորդ հատորը կը կոչուի Հայր Մաշտոց, որ կը պարունակէ կաթողիկոսներու կողմէ կատարուող ծիսական արարողութիւնները, ինչպէս՝ կաթողիկոսի, թագաւորի եւ եպիսկոպոսի օծումները, միւռոնօրհնէք, եւայլն:

Հայր Մաշտոցէն զանազան բաժիններ առանձնակի, սահմանափակ տպաքանակով հրատարակուած են, որոնցմէ հազուագիւտ օրինակներ կը պահուին Սուրբ Էջմիածնի եւ Անթիլիասի մէջ, վերեւ նշուած օծումներու ատեն գործածուելու համար։


Աղբիւր

  • Ծիսական Գիտելիքներ, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, էջ՝ 151, 152, 153