Գագիկ Բ․
Գագիկ Բ (1024[1] - 2 Մարտ 1076 կամ 1079[1], Կեսարիա, Թուրքիա), հայոց թագաւոր 1042-1045 թուականներուն։ Բագրատունիներու հարստութենէն։
Գագիկ Բ․ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1024[1] |
Մահացած է | 2 Մարտ 1076 կամ 1079[1] |
Մահուան վայր | Կեսարիա, Թուրքիա |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | գերիշխան |
Վարած պաշտօններ | Հայոց արքայ |
Ծնողներ | հայր՝ Աշոտ Դ Քաջ? |
Երեխաներ | Դավիթ Բագրատունի? |
Գագիկ Բ-ի գահակալութեան նախորդած իրավիճակը
Խմբագրել1020 թուականին վախճանեցաւ հայոց Գագիկ Ա թագաւորը՝ ձգելով երկու որդի, որոնցմէ աւագը՝ Յովհաննէս-Սմբատը թուլակամ, ռազմական գործին անտեղեակ անձնաւորութիւն մըն էր, իսկ Աշոտը (Աշոտ Դ), ընդհակառակը, քաջ, մարտերու մէջ կոփուած եւ յամառ բնաւորութեան տէր երիտասարդ էր։ Աւագութեան իրաւունքով գահը պիտի ժառանգէր Յովհաննէս-Սմբատը, սակայն հայոց իշխաններէն շատերը, գիտակցելով այդ խառնակ ժամանակներու թուլակամ ու անհեռատես արքայ ունենալու կործանարար հետեւանքներուն, կը ձգտէին հայոց գահը յանձնել Աշոտ Դ-ին: Բայց իր ազդեցիկ կողմնակիցները ունէր նաեւ Յովհաննէս-Սմբատը, որոնցմէ մէկն էր նաեւ կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձը: Երկրին մէջ ծայր կ'առնէ թունդ հակամարտութիւն եւ եղբայրասպան պատերազմ, որ շուտով հնարաւոր կ'ըլլայ հարթել իշխաններու եւ կաթողիկոսի ջանքերով, որուն համար կ'որոշուի Անի մայրաքաղաքը իր շրջակայքով յանձնել Յովհաննէս-Սմբատին, իսկ մնացած մասը՝ Աշոտ Դ-ին: Հաշտութեան պայմաններէն մէկն ալ այն էր, որ Յովհաննէս-Սմբատի մահէն ետք, հայոց գահը ամբողջութեամբ պիտի անցնէր Աշոտ Դ-ին, կամ եթէ ան եւս մահացած ըլլայ, անոր որդիին: Աշոտի որդի Գագիկ Բ-ը ծնաւ մօտ 1024 թուականին: Սակայն երկրին մէջ հաստատուած այս անդորրը կարճ տեւեց:
1022 թուականին Վրաց թագաւորութիւն կ'արշաւէ Բիւզանդիոյ կայսր Վասիլ Բ Պուլղարասպանը եւ քանի որ այդ պատերազմին Հայքը սատարած էր Վիրքին, կայսրը կ'որոշէ պատժիչ արշաւանք ձեռնարկել նաեւ դէպի Բագրատունեաց թագաւորութիւն: Հայոց արքայ Յովհաննէս-Սմբատը, ահաբեկուած անոնցմէ, կ'որոշէ կաթողիկոս Պետրոս Ա-ին ուղարկել բանակցութիւններու եւ հաշտութիւն կնքել՝ անգամ ամէնավատ պայմաններով, միայն թէ իրենցմէ հեռացնէ պատերազմը:
1023 թուականին Պետրոս Ա կը մեկնի Տրապիզոն, ուր կը գտնուի Վասիլ Բ-ը՝ իր զօրքով: Բանակցութիւնները կայսեր հետ կ'աւարտին խայտառակ պայմանագրի մը կնքմամբ, ըստ որուն Յովհաննէս-Սմբատի մահէն ետք անիկա իր շրջակայքով ժառանգութիւն պիտի մնար Բիւզանդական կայսրութեան: Այս պայմանագիրը մեծ զայրոյթ եւ դժգոհութիւն կ'առաջացնէ Անիի մէջ եւ իշխաններուն մօտ, որու պատճառով Պետրոս Ա որոշ ժամանակ չի վերադառնար հայրենիք, այլ կը հաստատուի Սեբաստիոյ մէջ։ Այսպիսով, Հայքի մէջ որոշ ժամանակ կը տիրէ խաղաղութիւն:
1041 թուականին կը մահանայ արքան, ապա անոր եղբայրը՝ Աշոտը: Շատեր այս համարեցին Բիւզանդական կայսրութեան խարդաւանքներու արդիւնք՝ արագացնելու համար Տրապիզոնի պայմանագրի կատարումը: Պահը նպաստաւոր համարելով, Բիւզանդական 100 հազարանոց զօրաբանակ մը ներխուժեց հայոց թագաւորութիւն, գրաւելու Յովհաննէս-Սմբատի կտակած հողերը՝ Անին՝ իր շրջակայքով: Հոռոմները հասան որոշ յաջողութեան՝ գրաւելով շարք մը հայկական տարածքներ: Իսկ հայկական զօրքերը, որ շուրջ 30 հազար էին, կը համախմբուին սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի շուրջ: Հայ ռազմիկներուն միացաւ նաեւ բնակչութիւնը, եւ միասին դուրս գալով Անիի Ծաղկոց կոչուող դարպասէն, յարձակեցան քաղաքը պաշարման մէջ առած բիւզանդացի զօրքին վրայ։ Հայերը կրցան քաղաքի պարիսպներուն տակ ջախջախել բիւզանդական զօրքերը եւ խայտառակ փախուստի մատնել: Անոնցմէ քիչերը միայն ողջ մնացին ու գերի ինկան եւ հայերը կը ցանկային հաշուեյարդար տեսնել անոնց հետ: Սակայն սպարապետի (Վահրամ Պահլաւունի) միջամտութեամբ գերիները ազատ արձակուեցան: Այս պարտութենէն ետք, կայսրութիւնը այլեւս տեւական ժամանակ մոռցաւ Տրապիզոնի պայմանագիրը:
Գագիկ Բ-ի օծումը եւ թագաւորութեան առաջին տարիները
ԽմբագրելՅաղթանակէն ետք Պետրոս Գետադարձը Անիի մէջ արքայ օծեց Աշոտի պատանի որդին՝ 18 ամեայ Գագիկ Բ-ին: 12-րդ դարու ժամանակագիր Մատթէոս Ուռհայեցին Գագիկը կը բնութագրէ որպէս խոհեմ եւ Աստուածասէր պատանի: Ուռհայեցին կը հաղորդէ, որ Գագիկ իր զինուորներուն օգնութեամբ կը ձերբակալէ իշխան Սարգիսը եւ կը տիրանայ իր հայրենի բերդերուն, գաւառներուն ու ողջ գանձատան, որ յափշտակած էր իշխանը: Գագիկ արքայի թագաւորութեան առաջին երկու տարիները անցան խաղաղութեան պայմաններու տակ, երկրի շենացմամբ:
Դաւադրութիւն Գագիկ Բ-ի եւ հայոց թագաւորութեան դէմ
Խմբագրել1043 թուականին Բիւզանդիոյ գահ կը բարձրանայ Կոստանդին Մոնոմախը: Վեստ Սարգիսը, որ քէն պահած էր Գագիկ արքայի դէմ, խորհուրդ կու տայ կայսրին՝ խաբէութեամբ իր մօտ հրաւիրել հայոց արքան եւ բանտարկել՝ խոստանալով աջակցիլ անոր: Մոնոմախը երդումներով կը խոստանայ ապահովել Գագիկի անձի անվտանգութիւնը եւ կը հրաւիրէ Կոստանդնուպոլիս, իբրեւ թէ բանակցելու: Հայոց արքան չի ցանկանար մեկնիլ կայսրութեան մայրաքաղաք եւ այդ կը յորդորէր նաեւ հայոց իշխաններէն շատերը: Գագիկի մեկնելուն դէմ էր յատկապէս սպարապետ Վահրամ Պահլաւունին: Սակայն ուրիշ իշխաններ՝ Վեստ Սարգիսի գլխաւորութեամբ եւ կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձը եւս կը համոզեն զինք անպայման մեկնիլ:
Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջին շառաւիղը կը մեկնի Կոստանդնուպոլիս, որու ժողովուրդը ճանապարհ կը դնէ մեծ շուքով: Կայսերական մայրաքաղաքին մէջ հայոց արքայն նախ կը դիմաւորեն մեծ պատիւով, Մոնոմախ անձամբ քանի մը օր մեծարեց զայն ընծաներով ու արքայավայել ճաշկերոյթով: Սակայն օրեր ետք Վեստ Սարգիսը ու կաթողիկոս Պետրոս Գետադարձը կայսեր կ'ուղարկեն Անիի բանալիները ու գրութիւն մը, թէ Անի քաղաքը ու ողջ Արեւելքը քու սեփականութիւնը դարձան: Մոնոմախը իր մօտ կանչեց Գագիկը եւ անոր առջեւ դրաւ բանալիները ու նամակը: Տեսնելով այդ, հայոց արքան, ինչպէս կը մէջբերէ Մատթէոս Ուռհայեցին, հառաչեց եւ ըսաւ. «Դատ արասցէ Քրիստոս ընդ իս եւ ընդ նենգաւորսն իմ: Տէր եւ թագաւորն ես եմ տանն հայոց. ահա ես ոչ տաց զՀայք ի ձեռս քո, զի դու զիս խաբէութեամբ ածէր ի Կոստանդնուպոլիս»:
Ան այդպէս անսասան կը մնայ մէկ ամիս, բայց ի վերջոյ ելք չգտնելով, համաձայնեցաւ Անին յանձնել կայսրութեան, որուն դիմաց Մոնոմախը, արգիլելով Գագիկին Անի վերադառնալ, որպէս կալուածք անոր յանձնեց Կապադովկիոյ Կալոն Պելատ եւ Պիզու քաղաքները, կարգադրելով Բիւզանդիա բերել նաեւ արքային ընտանիքը: Ասկէ ետք բիւզանդական զօրքերը չորրորդ անգամ կը պաշարեն Անին, որ պաշտպանելու ելած հայոց բանակը ու ժողովուրդը այս անգամ պարտութիւն կը կրեն, որով ալ վերջ կը դրուի Բագրատունեանց թագաւորութեան 1045 թուականին:
Յոյն մետրոպոլիտի «Արմէն» անունով շունը
ԽմբագրելԱյսպիսով, Գագիկ Բ-ը պանդուխտ կը մնայ Բիւզանդիոյ մէջ, սակայն փորձանք կը դառնայ յոյն իշխաններէն շատերուն համար, որոնք չէին թաքցներ իրենց արհամարհանքը հայերու եւ անոնց գահընկէց արքայի հանդէպ: Անգամ մը, իմանալով, որ Կեսարիոյ մետրոպոլիտ Մարկոսը այնքան ամբարտաւան դարձած է, որ իր շան անունը Արմէն դրած է, կ'որոշէ պատժել զինք: Դարձեալ Մատթէոս Ուռհայեցին կը պատմէ, որ իր շքախումբով անցնելով Մարկոսի կալուածներով, մարդ կ'ուղարկէ անոր մօտ, թէ կը ցանկայ իջեւանիլ անոր տան մէջ: Մարկոսը կը հրամայէ իր տունը զարդարել եւ ընդունելութեան պատրաստուիլ, իսկ ինքը ընդառաջ կ'երթայ Գագիկ Բ-ին, զինք կը բերեն տուն եւ մեծ ճաշկերոյթ կու տայ: Ճաշելով, երբ Գագիկ Բ-ը քիչ մը գինովցած էր, կը դիմէ Մարկոսին, թէ իմացած է, որ ամեհի շուն մը ունի եւ կը ցանկայ տեսնել զայն: Յոյն մետրոպոլիտը թէեւ գլխի կ'իյնայ, թէ ինչ է անոր պատճառը, բայց կը սկսի կանչել շունը: Սակայն, քանի որ կը վախնար անունով կանչել, կենդանին չէր մօտենար: Հայոց երբեմնի արքան կը պահանջէ անունով կանչել եւ Մարկոս ակամայ, նոյնպէս գինովի ազդեցութեան տակ, կը կանչէ շունը՝ երկու անգամ տալով անոր Արմէն անունը: Երբ զայրացած Գագիկը կը հարցնէ, թէ ինչո՞ւ շան անունը Արմէն դրած է, մետրոպոլիտ Մարկոսը, խիստ անյարմար զգալով, կը պատասխանէ, թէ շատ անվախ եւ ուժեղ շուն է, անոր համար: Այնժամ Գագիկ Բ-ի ազդանշանով թիկնապահները կը շրջապատեն շան եւ կը գլորեն մեծ պարկի մը մէջ, որ պատրաստած էին վաղօրօք: Մետրոպոլիտը կը սկսի բղաւել անոնց վրայ, սակայն Գագիկը կ'ըսէ. «Հիմա կը տեսնենք, թէ ով աւելի ուժեղ է՝ հոռո՞մը, թէ շունը, որ անոնցմէ Արմէն անունը ստացած է»: Արքայի թիկնապահները Մարկոսը եւս կը գլորեն պարկի մէջ, բերանը կապուած եւ կը սկսին շան ձաղկել, որ ցաւէն սաստիկ գազազելով կը յօշոտէ տիրոջը:
Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջին շառաւիղի դաւադրաբար սպանութիւնը
Խմբագրել1079 թուականին Գագիկ Բ իր զօրքով կ՛երթայ Կիզիստրա (կամ Կնդռոսկաւիս) բերդը, որ կը պատկանէր երեք յոյն իշխաններու՝ Մանդալէի որդիներուն: Գագիկը իր զինուորներէն առաջ անցնելով, ձիով, երեք հոգիի ուղեկցութեամբ կը մօտենայ իրեն դիմաւորելու եկած եղբայրներուն, որոնք նախօրօք դարանակալ զօրք կը պատրաստէին: Անոնք մօտեցան Գագիկին, երկրպագեցին եւ երբ մօտեցան ողջագուրուելու, յանկարծ երեքով փաթթեցին արքայի վզին եւ քաշելով ցած գլորեցին: Դուրս նետեցին դարանակալած զինուորները, իսկ Գագիկի ուղեկիցները փախան, լուրը տանելով անոր զօրքին: Ասոնք լուրը առնելով ցրուեցան՝ արքան մինակ ձգելով: Իսկ եղբայրները անոր տարին իրենց բերդը: Ութ օր անց հայոց իշխաններէն շատերը, որոնք Բիւզանդիոն էին, դուրս եկան Կիզիստրա բերդի դէմ, սակայն անոր անառիկութեան պատճառով յաջողութիւն չունեցան, իսկ յոյները Բագրատունեանց թագաւորութեան վերջին շառաւիղ Գագիկ Բ-ին աղեղի լարով խեղդամահ ըրին եւ մարմինը մէկ օր կախեցին պարիսպէն, ապա թաղեցին պարիսպի արտաքին կողմը: Արքայի մտերիմները գիշերով անոր մարմինը կը տանին Պիզու քաղաքը եւ կը թաղեն վանքին մէջ։ Գագիկի մահուան վրէժը կը լուծէ Ռուբինեաններու տոհմէն Թորոս Ա իշխանը՝ սպաննելով երեք եղբայրները եւ իրենց հետ վերցնելով Գագիկի թագն ու այլ արքայական հարստութիւնները։
Գագիկ թագաւորի միակ ստեղծագործութիւնը մեզ հասած է Մ. Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութեան» շնորհիւ։ Այն կառուցուած է հռետորական դիմումի ճարտասանական հնարքով։ Իր հաւատի եւ դաւանութեան խօսքը կ'ընդմիջէ՝ դիմելով կայսրին, երբեմն ալ ուղենշելով իր խօսքը։ Ստեղծագործութեան մասին Մաղաքիա Օրմանեանը կը նշէ.
«Գիրը ուղղուած է կայսեր հասցէին, եւ առաջ կը խօսի Երրորդութեան, արարչութեան եւ Հոգւոյն Սրբոյ մասին եւ մարդեղութեան մասին խօսած ատենը կը յիշէ եւ կը հերքէ Վաղինտիանոսի, Մարկիոնի, Մոնտանոսի, Մանիի, Նավատիոսի, Սաբելիոսի, Արիոսի, Վոտինոսի, Նեստորիոսի, Եւտիքէսի, Հայ Սարգիսի, Պօղոս Սամոսատցիի եւ Պետրոս Կնափեցիի վարդապետութիւնները»:
Տես նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ (հայերեն) Գագիկ Բ, 2024-11-06, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D4%B3%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D5%AF_%D4%B2, վերցված է 2024-12-24