Բագարան, Ախուրեանի աջ ափին՝ Արշարունիք գաւառին մէջ գտնուող քաղաք, զոր Աշոտ Բագրատունին 885-ին դարձուցած է հայոց նորանկախ պետութեան մայրաքաղաքը։ Անիկա Հայաստանի հին բնակավայրերէն է, զոր հիմնած է Երուանդ Վերջինը (Ք.Ա. 220-201)՝ Երուանդաշատին հետ միաժամանակ։ Բագարանը ունէր հաստ պարիսպներով միջնաբերդ մը, որուն շուրջ տարածուած էր քաղաքը: Հոն էին Բագրատունիներու ապարանքներն ու տոհմական դամբարանը, եկեղեցիներ, որոնցմէ նշանաւորը Ս. Թէոդորոսն է: Ձորին մէջ եւ բլուրներուն վրայ պահպանուած շինութիւններու փլատակները, ինչպէս եւ հինգ եկեղեցիներուն գոյութիւնը կը վկայեն, որ քաղաքը հիանալի կառուցապատուած ու բազմամարդ եղած է:

Բնակավայր
Բագարան
Երկիր  Հայաստան

Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք,  քաղաքը աւերած են սելճուք-թուրքերը, իսկ 1394-ին` Լենկ Թիմուրի հրոսակախումբերը։ Բագարանի փառքը չէ վերականգնած: Ի. դարասկիզբին անիկա սովորական գիւղ էր՝ 800 բնակիչով։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին գիւղը աւերուած է ու լքուած։ Հրաշքով փրկուած բնակիչները Արաքսի ձախ ափին հիմնած են ներկայի Բագարան գիւղը[1]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել