Լիմոն
Լիմոն, լոլոկ (առօրեայի մէջ կ՛օգտագործուի նաեւ լիմոն) (լատ.՝ Citrus limon), սատապազգիներու ընտանիքի ցիտրուս ցեղի մշտադալար մերձարեւադարձային բոյս։
Արտաքին յատկանիշներ
ԽմբագրելԼիմոնի ծառին բարձրութիւնը 3-7 մ Է։ Սաղարթը լայն բրգաձեւ կամ օվալաձեւ Է՝ պատուած դալար փուշերով։ Տերեւները՝ բաց կանաչաւուն, ձուաձեւ կամ Էլիպսաձեւ, եզրերը՝ մանր ատամնաւոր, ունին իւրայատուկ հոտ։
Ծաղիկները՝ երկսեռ, սպիտակ, բուրաւետ, մէկական կամ զոյգերով։ Պտուղը բազմաբուն հատապտուղ Է, օվալաձեւ կամ ձուաձեւ (մաշկը դեղին Է, հարթ կամ թոյլ խորդուբորդ)։ Պտղամիսը մանր հատիկաւոր Է՝ կազմուած 8-10 բաժիններէ։ Պտուղները կը պարունակեն թթուներ (լիմոնաթթու), շաքարներ, վիտամիններ։
Եօթը համ ունեցող պտուղ
ԽմբագրելՀեռաւոր Արեւելքի հարաւային մասի անտառներուն մէջ յաճախ կարելի է հանդիպիլ փաթաթուող ծառի տեսակի մը։ Աշնան ծառը ծածկուած կ՛ըլլայ վառ կարմիր համեղ եւ հիւթալի պտուղներով։ Այդ բաւականին խոշոր ծառը կը պատկանի մագնոլիայի ծառերու ընտանիքին, այն ժողովուրդի կողմէ ստացած «կիտրոնենի » անուանումը։ Եւ իրօք, անոր պտուղներուն համը սկիզբը կը յիշեցնէ լիմոնի, բայց որքան երկար մնայ պտուղը բերանին մէջ, այնքան աւելի այլ համ կը զգացուի։ Այդ իսկ պատճառով չինացիներրը լիմոնի պտուղները կ՛անուանեն « եօթ համ ունեցող պտուղներ»։
Սակայն համային յատկութիւններով չէ որ հռչակուած է լիմոնենին։ Անոր համային առանձնայատկութիւնները մարդիկ վաղուց գիտեն․ բաւական է, որ յոգնած ուղեւորը ուտէ քանի մը պտուղ, ուժերը արագօրէն կը վերականգնուին։ Հերիք է 3-4 պտուղ, որ վերականգնուի աշխատունակութիւնը, բարձրանայ տրամադրութիւնը, անցնի քաղցի սուր զգացումը։
Իր այդ յատկութիւններուն համար լիմոնենին պարտական է իր պտուղներուն, յատկապէս սերմերուն մէջ պարունակուող բարդ կառուցուածքային գործարանական միացութեան՝ սխիզանդրինային։ Անոր խթանիչ ներգործութիւնը շատ նման է ժենշէնին, թէեւ վերջինս որոշ չափով կը զիջի իր ազդեցութեան ուժով, բայց անոր փոխարէն կը գերազանցէ ներգործութեան արագութեամբ։[1]
Կիրառութիւն
ԽմբագրելՀայրենիքը Հարաւ-Արեւելեան Ասիան Է։ Լիմոնը կը մշակեն նաեւ սենեակային պայմաններու մէջ։ Կը բազմացուի պատուաստով, օդային անդալիսով։ Տարածուած տեսակերէն են Նովոկրուզինսքի, Մեյէրի, Լեսպոն, Վիլա Ֆրանքա, Սուխումի, Կուզներու։
Արտաքին յղումներ
Խմբագրել- Իմ Խոհանոցը ― Կիտրոն Archived 2017-12-17 at the Wayback Machine.
- [Հայրապետ Կնյազյան «Հետաքրքիր, իմաստալի»1976]