Պարսելոնա, Սպանիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքը եւ Քաթալոնիոյ մայրաքաղաքը: Ելեւմտական եւ տնտեսական կեդրոն, ինչպէս նաեւ կարեւոր նաւահանգիստ է Միջերկրականի ափին[4]: Ունի մէկ միլիոն 600 հազար, իսկ արուարձաններով` չորսուկէս միլիոն բնակիչ:

Բնակավայր
Պարսելոնա
կատ.՝ Barcelona
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Սպանիա[1]
Ներքին բաժանում Հին քաղաք, Աշամպլա, Սենթս Մաճըուիք, Լեզքորթ, Սարիա Սենթ Ճերվասի, Կրասիա, Հորթա Կուինարտօ, Նու Պարիս, Սենթ Անտրիւ եւ Սենթ Մարթի
Mayor of Barcelona? Jaume Collboni Cuadrado?
Տարածութիւն 101,30 քմ²
ԲԾՄ 9 մեթր
Պաշտօնական լեզու Քաթալոներէն[2], Սպաներէն եւ Օքսիտաներէն
Բնակչութիւն 1 660 122 մարդ (2023)[3]
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով, Պեսոս եւ Եոպրեկաթ
Ժամային գօտի UTC+1 եւ UTC+2
Հեռախօսային ցուցանիշ 93
Փոստային ցուցանիշ 08001–08042
Շրջագայութեան պետ-համարագիր B
Մականուն La rosa de foc, Cap i Casal de Catalunya, Ciutat Comtal եւ Ciudad Condal
Սուրբ բարեխօս Գթառատ Սրբուհի կոյս
Պաշտօնական կայքէջ Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-ca" does not exist։

Դիրքը Խմբագրել

Պարսելոնա  ելեւմտական եւ տնտեսական կեդրոն եւ կարեւոր նաւահանգիստ  է Միջերկրականի ափին: Ծովուն եւ անկէ հինգ քիլոմեթր հեռու,  Լիոպրեկաթ ու Պեսոս գետերուն եւ Սերրա տէ Քոլսերոլա լեռնաշղթայի 512 մեթր բարձրութեամբ Թիպիտապօ գագաթին միջեւ պարփակուած, շարք մը բլուրներով (Քարմէլ, Փութկէթ, Ռովիրա եւ Մոնթխուիխթ) ու ելեւէջներով, շքեղ թաղամասերով, վարդագոյն եւ գորշ քարերով շէնքերով, լայն հրապարակներով ու հոյակերտ տաճարներով, անիկա գեղեցիկ ոստան մըն է:

Քաղաքին կեդրոնը` Լա Ռամպլա, 1,2 քիլոմեթր երկարութեամբ պողոտան է, շարք մը կարճ փողոցներով, իւրաքանչիւրը` տարբեր անունով, եւ հետեւաբար անիկա կը բնորոշուի նաեւ յոգնակի` Լաս Ռամպլաս անունով:

Նաւահանգիստին թաղը` Քալիէ տէ Մոնքանա, ծանօթ է իր հոյակերտ ապարանքներով: Մօտակայքը Քասթէլ տէ Մոնթխուիխն է, 17-18-րդ դարերուն կառուցուած ամրոցը, որ թանգարանի վերածուած է:

Պատմութիւն Խմբագրել

Աւանդութեան մը համաձայն, կարթագէնացի հերոս Հաննիպալի հայրը` Համիլքար Պարքա կը հիմնէ Պարսինոն, իսկ հռոմայեցիք զինուորական յենակէտի վերածած են զայն: Վիսիգոթեր Ե. դարուն ժամանակ մը Պարսելոնան Հիսփանիայի մայրաքաղաքը հռչակած են: Հետագային անիկա Պարսելոնայի կոմսերուն մայրաքաղաքը կը դառնայ: Եւրոպայի առաջին հանրային դրամատունը` Թոլա տէ քանւի կը բացուի 1401-ին, Պարսելոնայի մէջ[5]:

Պահպանուած են հին պարիսպներուն մնացորդները: Սանթա Էոլալիա տաճարը կառուցուած է ԺԳ.-ԺԵ. դարերուն, որ նուիրուած է քաղաքին պահապան Սրբուհի Էոլալիային (290-303) եւ Պարսելոնայի արքեպիսկոպոսին աթոռանիստն է: Գոթական թաղին կեդրոնը Փլասէս տէլ Ռէյն է (Թագաւորական հրապարակը). հոն կը գտնուի Փալասիօ Ռէալ Մայոր (Արքայական Մեծ Պալատը), ուր Քրիսթոֆըր Քոլոմպոս Ամերիկա իր առաջին ճամբորդութենէն վերադարձին կ'ընդունուի Ֆերնանտօ թագաւորին եւ Իզապէլ թագուհիին կողմէ:

Սակրատա Ֆամիլիա (Սուրբ Ընտանիք) տաճարին կառուցումը կը սկսի 1882-ին, Անթոնիօ Կիտիի ճարտարապետութեամբ, կը տեւէ մինչեւ անոր մահը (1926) եւ կը շարունակուի նաեւ հետագային: 95 մեթր երկարութեամբ, 60 մեթր լայնութեամբ եւ 13 հազար հոգի պարփակող, 18 աշտարակներով հոյակերտ տաճարին 90-էն 120 մեթր բարձրութեամբ 12 աշտարակներէն իւրաքանչիւրը նուիրուած է առաքեալներէն մէկուն, իսկ չորս աշտարակները` չորս աւետարանիչներուն, շրջապատուած բարձրագոյն` (170 մեթր) աշտարակով, նուիրուած Սուրբ Ընտանիքին: Վերջին աշտարակը, նուիրուած` Սուրբ Կոյս Մարիամին, անաւարտ մնացած է:

Ռիպերա թաղին մէջ կը գտնուի Սանթա Մարիա տէլ Մար եկեղեցին, որ կառուցուած է 1329-1383 տարիներուն:

Պարսելոնայի զարդը կը կազմեն իր հանրային բազմատասնեակ պարտէզները: Քաղաքին 4,5 քիլոմեթր երկարութեամբ ծովափը եզերուած է լողաւազաններով:

Տնտեսութիւն Խմբագրել

Առեւտրական եւ ճարտարարուեստական կեդրոն, զարգացած է քիմիական, դեղագործական, ելեկտրական գործիքներու, ինքնաշարժներու եւ հիւսուածեղէնի արդիւնաբերութիւնը:

Պատկերասրահ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. archINFORM — 1994.
  2. art.6 // (unspecified title)
  3. Ազգային Վիճակագրութեան Հիմնարկ Իսպանիայի մունիցիպալ ռեգիստր 2023 — 2023.
  4. Պարսելոնա
  5. «Պարսինոն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-08-31-ին։ արտագրուած է՝ 2023-08-31