Ալերսէ Միլենարիօ Փաթականի
Ալերսէ Միլենարիօ Փաթականի, նոճի տեսակի ծառ մըն է, որ կը գտնուի Չիլիի մէջ: Կ'ենթադրուի, որ ան 5000 տարուան ծառ մըն է, եւ հետեւաբար` աշխարհի ամէնէն ծեր ծառը:
Տաքթըր Ճոնաթան Պարիչիվիչ ծառին տարիքը հաշուելու տարբեր ձեւեր գործածած է ճշդելու համար Ալերսէ Միլենարիօ Փանթակոնիի նոճի ծառին տարիքը: Ան հասած է այն եզրակացութեան, որ Չիլիի մէջ գտնուող այս ծառը 5484 տարեկան է: Այս ձեւով ան կը դառնայ աշխարհի վրայ ամէնէն հին ծառը, որ 600 տարի աւելի «մեծ» է, քան` ներկայ տիտղոսը կրող ծառը:
Ալերսէ Միլենարիօ ծառը կը պատկանի սեքոա ծառերու ընտանիքին: Այս ծառերը դանդաղօրէն կ'աճին եւ կրնան մինչեւ 45 մեթր բարձրութիւն ունենալ: Ըստ Պարիչիվիչի, նոճին շատ խոցելի է: Անոր ճեղքերուն մէջ կ՛աճին մամուռներ, քարաքոսներ եւ ուրիշ տեսակի բոյսեր: Մասնագէտը կը հաւատայ, որ ծառին միայն 28 առ հարիւրը իսկապէս կենդանի է:
Միակ գլխաւոր հարցը այն է, որ բազմաթիւ այցելուներ կու գան զմայլելու այդ ծեր ծառով, եւ այս ձեւով կրնան վնասել անոր կենդանի մնացած վերջին բաժինները: Մասնագէտը կ'ըսէ, որ այդ ծառը իր ընտանիքի անդամներէն մէկուն նման է, զայն տեսնել` ինչպէս առիւծ մը վանդակի մը մէջ բանտարկուած, իրեն մեծ վիշտ կը պատճառէ[1]: