«Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոն

«Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոն, մանկավարժական պատրաստութեան յատուկ կեդրոն, հիմնուած է 1987 թուականին։

Պատմական Ակնարկ

Խմբագրել

Մանկավարժ եւ ուսուցիչ Խաչեր Գալուստեանի երազն էր ունենալ մանկավարժական պատրաստութեան յատուկ կեդրոն մը երիտասարդ սերունդի դաստիարակութեան համար: Նման կեդրոն մը ունենալու երազը իրականութիւն դարձաւ 1987թուականին, երբ հանգուցեալ Խաչեր Գալուստեանի տիկնոջ ու զաւակներուն կողմէ յատկացուած գումարով Կաթողիկոսարանի շրջափակէն ներս հիմնուեցաւ մանկավարժական կազմաւորման կեդրոնը: Սուրբ Աթոռին կողմէ յատուկ յանձնախումբ մը կեանքի կոչուեցաւ 1987-ի Նոյեմբերին, որպէսզի զբաղի կեդրոնին կրթական-վարչական հարցերով:

Առաւել քան 25 տարիներու փորձառութեան շնորհիւ կեդրոնի մասնագէտ տնօրէն՝ Տիար Կարօ Յուվհաննէսեանին, ուսուցչական կազմին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հայրական աջակցութեան, Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կեդրոնը ինքզինք պատրաստ կը զգայ յառաջիկայ տարիներու ընթացքին, հայ կրթական առաքելութեան համար պատրաստուող խոստմնալից սերունդ հայթայթել:

Կեդրոնը արդէն իսկ իր ներդրումը ունի հայ կրթական մարզէն ներս,Լիբանանի ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այլ թեմերէն ներս[1]:

Ծրագիրն ու առաքելութիւնը

Խմբագրել

Խաչեր Գալուստեան Մանկավարժական Կազմաւորման Կեդրոնը, իր ներկայ ծրագրով, իր առաքելութիւնը կը նկատէ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի համար յանձնառու ուսուցիչներու պատրաստութիւնը: Ան նաեւ յատուկ ծրագիրներ ունի երկրորդական դասարաններու ուսուցիչներ պատրաստելու համար:

Կեդրոնին նպատակն է իր աշակերտներուն մատակարարել մանկավարժական գիտական մեթոտ եւ գիտութիւն, ծրագրիներ կայացուցած նիւթերուն տեսական եւ գործնական պարտականութիւններուն միջոցով:

Ծրագիրը կը ներառէ հետեւեալ նիւթերը.- կրթական դասընթացքներ, հոգեբանութիւն, հայերէն լեզուի դասաւանդման մեթոտաբանութիւն, պատմութիւն, կրօնք եւ ուսուցչական փորձառութիւն:

Կեդրոնի ծրագիրը լաւ ընտրութիւն մըն է, բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին Լիբանանեան BT եւ TS վկայականները ստանալ։ Ուսանողներ 3 տարուան ծրագիրը աւարտելէ ետք կը ստանան վկայական, որ 2003 թուականէն ի վեր ճանչցուած է Լիբանանի պետութեան կրթական նախարարութեան կողմէ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 ««Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոն»։ Armenian Church Catholicosate of Cilicia (հայերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-12-02-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-09 

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել