«Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրք
«Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրք (անգլերէն՝ The Guinness Book of Records), աշխարհի ամէնէն հետաքրքրաշարժ, արտասովոր, նաեւ զուարճալի երեւոյթներու տեղեկատու է։
«Կինեսի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքը» բաղկացած է «Մարդ», «Անասնական աշխարհ», «Բնութիւն», «Տիեզերք», «Գիտութեան աշխարհ», «Արուեստ եւ զուարճալիքներ», «Շինարարական կառոյցներու աշխարհ», «Մեքենական աշխարհ», «Գործարար աշխարհ», «Մարդու աշխարհ», «Մարզանք», «Խաղեր եւ մրցումներ», «Այլեւայլք» գլուխներէ։
«Կինեսի համաշխարհային մրցանիշներու գիրք»ին օրինակով Հայաստանի մէջ ստեղծուած է «Դիւցազնագիրք» մրցանիշներու ժողովածուն[1]։
Ութ Հայու անուն՝ «Կինես»ի Համաշխարհային Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ
Խմբագրել«Կինես»ի համաշխարհային մրցանիշներու գիրքին մէջ արձանագրուած է ութ հայ: Նշեալ գիրքին մէջ առաջին հայ արձանագրուողը Ռոպերթ Գալստեանն է՝ 1991ին: Ան պարանի օգնութեամբ ատամներով քաշած է 12 թոն «Կրազ» մակնիշի ինքնաշարժ: «Կինես»ի վերջին հայը Դաւիթ Ֆահրադեանն է, որ պտտաձողի վրայ կատարած է 354 պտոյտ:
Նշեալ յանձնաժողովին Լոնտոնի կեդրոնական գրասենեակը դիմումներ կը ստանայ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Լոնտոնի մէջ յանձնաժողովը կ'ուսումնասիրէ չափանիշի մը սահմանումը փաստող տեսանիւթը, կը ստուգէ, թէ ներկայացուածը շինծու չէ:
Հայաստանի մէջ, 1990էն ի վեր ստեղծուած է «Դիւցազնագիրք»ը, ուր արձանագրուած է աւելի քան 61 հոգի[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Դպրոցական մեծ հանրագիտարան, գիրք 2, հատոր 1, ՀՀՀ, Ե. 2009, էջ 182–183
- ↑ «Դիւցազնագիրք»ը