«Փարքըր» արեւային զննաձողը
«Փարքըր» արեւային զննաձողը ՆԱՍԱ-ի տիեզերական զննաձողն է, որ պաշտօնապէս «դպած է» արեւուն` ընկղմելով չբացայայտուած արեգակնային մթնոլորտի մէջ, որ ծանօթ է իբրեւ պսակ:
«Փարքըր» արեւային զննաձողը պսակով թռած է Ապրիլ 2022-ին` արեւուն տիեզերանաւի ութերորդ մօտեցման ատեն: Ըստ գիտնականներու տուեալներուն, ստացման համար պահանջուած է քանի մը ամիս, ապա քանի մը ամիս` հաստատման համար[1]:
2018-ին արձակուած «Փարքըր»ը [2]կը գտնուէր արեւու կեդրոնէն 13 միլիոն քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, երբ առաջին անգամ կը հատէ արեւային մթնոլորտին եւ արեւային քամիին միջեւ անհաւասար սահմանը: Ըստ գիտնականներու, տիեզերանաւը առնուազն երեք անգամ ընկղմած եւ դուրս եկած է արեւային պսակէն: Իւրաքանչիւր անցում սահուն տեղի ունեցած է[3]:
Պատմութիւն
Խմբագրել«Փարքըր» արեւային զննաձողին գաղափարը ծագած է 1958-ին Fields and Particles Group-ի (Տիեզերական գիտութիւններու խորհուրդին 8-րդ կոմիտէին զեկոյցին, ուր առաջարկուած է քանի մը տիեզերական առաքելութիւններ, ներառեալ՝ Փայլածուին ուղեծիրէն ներս թափանցելը՝ Արեգակին շրջակայքը գտնուող մասնիկները եւ դաշտերը ուսումնասիրելու համար[4]: 1970-ական եւ 1980-ական թուականներու ուսումնասիրութիւնները կը վերահաստատեն անոր կարեւորութիւնը, սակայն մեծածախս ըլլալուն պատճառով, ծրագիրը կը յետաձգուի:
Մայիս 2017-ին տիեզերանաւը «Փարքըր» կ'անուանուի՝ ի պատիւ աստղագիտուհի Էօժէն Նիւմէն Փարքըրին (Eugene Newman Parker)ին: Տիեզերական զննաձողին համար ՆԱՍԱ-ն վճարած է 1,5 միլիար ԱՄՆ տոլար: Հրթիռին արձակումը նուիրուած է Էնտրիւ Ա. Տանձլըրին (Andrew A. Dantzler) յիշատակին, որ աշխատած էր նախագիծին վրայ[5]: