Աբիսողոմ աղա, յայտնի երգիծաբան՝ Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկանները» վէպի գլխաւոր կերպարը։ Ան կը ներկայացնէ գաւառէն եկող միամիտ հարուստը, որ զոհ կը դառնայ պոլսահայ պատեհապաշտ, խաբեբայ դատարկապորտներու դաւերուն ու դրամաշորթութեան։

Ժողովրդային լայն շրջանակներու մէջ «Աբիսողոմ աղա» արտայայտութիւնը կը գործածուի, որպէս հոմանիշ՝ միամիտ, բարի եւ սնապարծ մարդու, որ ճարպիկ խաբեբաներու շողոքորթութեան զոհ կ'երթայ ու կը կողոպտուի։