Ազգային Գանձերը
«Ազգային գանձերը», (անգլերէն՝ National Treasure), «Walt Disney Pictures» ընկերութեան եւ բեմադրիչ՝ Ճոն Թեօրթելթաուբ, 2004 թուականին նկարաhանած է արկածային ժապաւէնը[1]։ ժապաւէնի գործողութիւնները տեղի կ'ունենան ԱՄՆ-ի մէջ, ուր կորուսիալին գանձերու որոնման ընթացքին գլխաւոր հերոսները կ'արեւանգեն ԱՄՆ անկախութեան հռչակագիրը, ուր կը գտնուին տամպլիերներու եւ մասոններու ճամբաներով տանող բանալիներ եւ յուշեր։
Ազգային Գանձերը | |
---|---|
Երկիր | Միացեալ Նահանգներ |
Լեզու | անգլերէն |
Պիւտճէ | 100 000 000 $ |
Շահոյթ | 347 512 318 $ |
Նիւթ
ԽմբագրելԺապաւէնին գլխաւոր հերոսը Բենիամին «Պեն» Ֆրանքլին Գէյթսն է (Նիքոլաս Քէյճ), որու ընտանիքը կը հաւատայ ԱՄՆ հիմնադիր-հայրերու կողմէ թաքնուած անհաւատալի գանձերու դիցաբանութեան։ Պեն իր ընկերոջ՝ Ռայլի Փուլի հետ օգնութիւն կը խնդրէ հարուստ գանձեր որոնող Եան Հաուընէն, որպէսզի գտնեն դէպի գանձերը տանող բանալիները[2]։
Օգտագործելով ջրային հոսանքները եւ սառած ջուրերու քարտէսը՝ հիւսիսային բեւեռի շրջանը խումբ մը կը յայտնաբերէ «Շարլոթա» անունով հին նաւու բեկորներ։ Ներսը Պեն կը գտնէ հնագոյն ծխամորճ մը, որու ծխափողին վրայ փորագրուած է գաղտնի կնիք մը։ Գուշակելով ուղերձը՝ Պեն կու գայ այն եզրակութեան, որ միւս բանալին կը գտնուի ԱՄՆ անկախութեան հռչակագիրին հակառակ կողմը։ Եան պատրաստ է գանձերը գողնալու: Հռչակագիրը եւ Պենի հետ վիճելէ ետք կը պայթեցնէ նաւը՝ կարծելով որ Պենը մահացաւ։
Երբ Պենն ու Ռայլին վերջապէս կը վերադառնան ԱՄՆ, կը փորձեն զգուշացնել իշխանութիւնները Եանի ծրագիրներու մասին, բայց անոնք չեն հաւատար։Արխիւներու ազգային վարչութեան աշխատող բժիշկ Ապիկայիլ Ճէյս (Տիանա Կրյուգըր) նոյնպէս լուրջ չի մօտենար զգուշացումներուն։ Պեն կ'որոշէ գողնալ Հռչակագիրը, որպէսզի ան չհասնի Եանին։
Հռչակագիրի ստորագրման տարելիցին նուիրուած երեկոյթի ժատեն Պենին ու Ռայլին կը վիճին գաղտնի գողնալու հռչակագիրը։ Անոնք ստիպուած ապիկան տեղեակ կը պահեն ծրագիրներուն մասին։ Թաքնուելով ՀԴԲ գործակալներուն՝ Պեն կը գնէ հօրը տունը։ Օգտագործելով վարսայարդարիչ եւ կիտրոնի նիւթ՝ Հռչակագիրի հակառակ երեսին կը գտնեն բանալի մը եւս։ Պեն կը մտածէ որ գաղտնագիրը գուշակելու համար անհրաժեշտ է հետապնդել Պենիամին Ֆրանքլինի կողմէ Սայլընս Տու կուտ (անգլ.՝ Silence Dogood) ծածկանունով տպագրուած թերթի նամակները։
Պեն, Աբիգայիլը եւ Ռայլին կը մեկնին Ֆիլատելֆիայ գտնուող Ֆրանքլինեան կրթական հաստատութիւնը, ուր կը գտնուի նամակներու բուն օրինակները։ Վերծանուած ուղերձը անոնց կ'ուղղորդէ դէպի Ազատութեան Զանգ, այսինքն՝ դէպի Անկախութեան դահլիճ, ուր անոնք կը գտնեն Ֆրանքլինի կողմէ ստեղծուած իւրայատուկ ակնոց։ Դնելով ակնոցը՝ Պենը նոր գրութիւններ կը յայտնաբեր է Հռչակագրի վրայ։ Բայց անոնց կը հետեւի Եանը եւ անոր մարդիկը։ Պենի եւ անոր ընկերներու հետապնդումեն ետք Յանէն կը յաջողի ստանալ փաստաթուղթը, բայց ոչ ակնոցը։
Պենին կը ձերբակալէ ՀԴԲ գործակալ Փիթեր Սեդասկին (Հարվի Քեյթել), ու կը համոզ է Նիու Յորք երթալ Եանի հետ պայմանաւորել Եանդիպման մասին, որպէսզի վերադառձնէն Հռչակագիրը։ Պենը կը համացայնի բայց Եանը կը կազմակերպ է անոր փախուստը Հուդզոն գետի վրայ գտնուող «Intrepid» աւիակրի տախտակամածին։
Պենը ստիպուած է օգնել Եանին գանձերու որոնման հարցով, քանի որ կ՛իմանայ, որ Եանի մարդիկը կ'առեւանգեն իր հօրը։ Նոր յշումները անոնց կը բերեն Ուոլ Սթրիթի Սուրբ Երրորդութեան տաճարը, իսկ Եանքափորով դէպի ներքեւ, ուր անոնք կը հայտնաբերէն ստորերկրիայ պատկերասրահ։ Այստեղ գանձերու որոնումը կը փակուի։ Զայրացած՝ Եանը Պենէն բանալի մը եւս կը պահանջ է։ Պենի հայրը (Ջոն Վոյթ) արագ կը յիշէ՝ Եանին ուղղորդելով սխալ ճամբով դէպի Պոսթոնի եկեղեցի։
Ծխամորճի օգնութեամբ անոնք կը գտնեն գաղտնի մուտք գանձերու իրական սենեակը՝ որ լեցուն էր ոսկիէ արձանիկներով, Եգիպտոսի, Հռոմի, Անգլիոյ հնագոյն արտեֆակտներով, նոյնիսկ ձեռագրեր Ալեքսանդրիայի գրադարանին մէջ։ Ռայլին կը գտնէ բրկարար ելքը, որ կը տանի իր հետ Եկեղեցի։ Կանչելով ՀԴԲ՝Պէնը կը յայտնաբերէ, որ գործակալ Սեդասկն մասոն է։ Բայց ան չի փորձեր թաքցնել գանձերը, եւ Պենը կ'որոշէ զանոնք բաժնել աշխարհի թանգարաններուն։ Պենը կը համոզէ Սեդասկուն, որ Աբիգայիլը կապ չունի Հռչակագրի առեւանգման հետ, եւ կը խնդրէ, որպէսզի գանձերու յայտնաբերման վաստակը պատկանի Գեյթս ընտանիքին եւ Ռայլի Փուլին։ Սեդասկը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Պենին, բայց կ'ըսէ, որ Հռչակագիրը գողանալու համար «ինչ-որ մէկը պէտք է բանտ նստի»։ Պենի ցուցումով Եանին կը ձերբակալեն Պոսթոնի մէջ եկեղեցի մտնելու փորձի ժամանակ։ ԱՄՆ կառավարութիւնը կ'առաջարկէ Պենին ու անոր ընկերներուն գանձերու արժէքին 10%-ը, բայց Պենը մեջտեղ կու գայ, որ իր եւ Ռայլի-ին միջեւ բաժնուած մէկ տոկոսը բաւարար է (մօտաւորապէս 100 միլլիոն տոլար)։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ (անգլերէն) National Treasure (2004) - IMDb, http://www.imdb.com/title/tt0368891/releaseinfo
- ↑ «‘National Treasure’ cashes in on wacky heist»։ tonganoxiemirror.com (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2022-11-24