Ազգային Հնաբանական Թանգարան (Լիզպոն)


Ազգային հնաբանական թանգարան (փորթ.՝ Museu Nacional de Arqueologia), հնաբանական թանգարան Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ: Անիկա հնաբանութեան նուիրուած Փորթուկալի կարեւորագոյն թանգարաններէն է եւ հնագիտական ուսումնասիրութեան ամէնակարեւոր կեդրոնը: Թանգարանը ունի բազմաբովանդակ ցուցանմոյշներու հաւաքածոներ՝ ամբողջ աշխարհէն: 2014-ին թանգարանը ունեցած է 10.136 այցելու[2]:

Ազգային Հնաբանական Թանգարան
Տեսակ հնագիտական թանգարան
Երկիր  Փորթուկալ
Տեղագրութիւն Լիզպոն
Կազմուած է Estátuas lusitanas de Montalegre? եւ Lápide do Deus Esculápio?
Հիմնադրուած է 1893
Այցելուներ 263 650[1]
38°41′50″N 9°12′25″W / 38.69728°N 9.20706°W / 38.69728; -9.20706
Կայքէջ museunacionalarqueologia.gov.pt
Քարտէս
Քարտէս

Պատմութիւն

Խմբագրել

Հիմնադրուած է 1893-ին ականաւոր հնաբան Խոսէ Լեիտէ տէ Վասկոնսելոսի կողմէ եւ 1903-էն ի վեր կը գտնուի Պելեմ շրջանի Ժերոնիմուշ վանական համալիրին արեւմտեան թեւի տարածքին: Թանգարանի շէնքը եղած է վանականներու հանրակացարանը: 19-րդ դարու երկրորդ կիսուն վերափոխուած է Մանուէլինօ ոճով:

Նկարագրութիւն

Խմբագրել

Թանգարանի մուտքին մօտ տեղադրուած են լուզիտանացի զինուորներու երկու կրանիթէ արձաններ, որոնք կը թուագրուին Ա. դարուն եւ բերուած են հիւսիսային Փորթուկալէն:

Մշտական ցուցադրութիւնը բաժնուած է եգիպտական հնութիւններու եւ փորթուկալական հնաբանական գանձերու հաւաքածոյի, որ գլխաւորաբար բաղկացած է Պրոնզէ եւ Երկաթէ դարաշրջաններու մետաղական աշխատանքներէն: Թանգարանը ունի նաեւ հռոմէական խճանկարներու փորթուկալական ամէնակարեւոր հաւաքածոն, բերուած գլխաւորաբար հարաւային Փորթուկալէն:

Բացի մշտական հաւաքածոյէն, թանգարանը յաճախ կը կազմակերպէ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ, որոնք կ'ընդգրկեն տարբեր նիւթեր:

Պատկերասրահ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել