Ազոխի քարանձաւը կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան մասը՝ Հադրութի շրջանի Ազոխ գիւղին մօտ: Տեղակայուած է գետահովիտին վերը՝ նոյնանուն գիւղէն շուրջ 200մ բարձրութեան վրայ: Ազոխի քարանձաւն աշխարհագրօրէն տեղակայուած է բնական միջանցքի վրայ, որով հնագոյն մարդիկ եւ կենդանիները գաղթած են Ափրիկէէն դէպի Եւրոպա եւ Ասիա[1]։

Ազոխի քարանձաւը կը հանդիսանայ աշխարհի մէջ նախամարդու հնագոյն եւ ամէնէն յայտնի կայանատեղերէն մէկը։ Այստեղ առաջին անգամ հնեաբանական մշակոյթի աշէլեան շերտին վրայ յայտնաբերուած են աւելի քան երեք հարիւր հազար տարի առաջ այստեղ բնակած նախամարդու աշխատանքի եւ որսորդութեան քարէ գործիքներ, որմնանկարներ:

Քարանձաւի հարաւային մուտքին մօտ եօթ մեթր խորութեան վրայ հնէաբանները յայտնաբերած են նէանդերթալցիի ստորին ծնոտի խոշոր կտոր։

Համաձայն աւանդութեան, այս քարանձաւին մէջ պահուած են Ամարասի վանքի գանձերը: Իսկ Մակար Եպիս. Բարխուտարեանց, որ կը յիշատակուի քարանձաւին մասին 19-րդ դարու վերջը, կը նշէ, որ այստեղ տեսած է քարէ կոփուած կնոջ արձան[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. From Africa to Eurasia * early dispersals[permanent dead link](անգլերէն)
  2. «Արցախի մանրատեղանուններ․ Հադրութ»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2023-03-08։ արտագրուած է՝ 2023-03-24