Ալիւր
Ալիւր, աղացուած ցորեն։
Հացաբոյսերու ալիւրը կ'օգտագործուի հաց, դդմաճ եւ հրուշակեղէն պատրաստելու համար։
Ալիւրը կ'ըլլայ՝
- ցորենի,
- աշորայի (տարեկան),
- եգիպտացորենի,
- գարիի,
- վարսակի,
- հնդկացորենի,
- սոյայի:
Իբրեւ սննդամթերք, տարածուած է ցորենի եւ աշորայի ալիւրը։
Ալիւրը կը ստորաբաժնուի առանձին տեսակներու։ Անոր տեսակը կը բնութագրուի հատիկին աղալէն ետք։
Հացազգիներէն ալիւրը կը ստացուի միանուագ, թեփախառն եւ տեսակաւոր աղացման միջոցով։ Առաջին պարագային, ալիւրը կը պարունակէ հատիկի պտղաթաղանթի եւ սաղմի խառնուրդ։ Երկրորդ՝ հատիկը կ'աղան անոնցմէ պտղաթաղանթն ու սաղմը մասնակիօրէն հեռացնելէ ետք։ Տեսակաւոր ալիւրը հիմնականին մէջ, բաղկացած է ալրային միջուկէն։ Ալիւրի տարբեր տեսակներու որակի որոշման համար, կարեւորագոյն ցուցանիշներն են՝ խոնաւութիւնը, մոխրայնութիւնը, մասնիկներու մեծութիւնը, համը, հոտը եւ գոյնը։
Ալիւրը կ'արտադրուի ալրաղացներու մէջ, կը պահուի չոր, զով պահեստներու մէջ։ Սկսած է կիրարկուիլ ալիւրի՝ առանց պարկի պահեստաւորման եւ տեղափոխման եղանակը։ Երկար (մինչեւ 2 տարի) կը պահուի 15%-էն ոչ աւելի խոնաւութեամբ ալիւր։ Ցորենէն կը մշակեն հացաթխման (շարմաղ, բարձր, առաջին եւ երկրորդ որակի թեփախառն) եւ դդմաճի ալիւր (մեծ եւ կիսամեծ)։ Աշորայէն կը պատրաստեն շարմաղ, թեփահանած եւ թեփախառն ալիւր, եգիպտացորենէն՝ երեք, միւս մշակումներէն՝ մէկ տեսակի։ 1972-ին ՀՍՍՀ-ի մէջ, արտադրուած ալիւրի 8,9% եղած է բարձր, 41,6%՝ առաջին, 47,7%՝ երկրորդ տեսակի եւ 1,9%՝ թեփախառն։
Բառի Ծագումնաբանութիւն
ԽմբագրելԱլիւր բառին հայերէն հնագոյն ձեւն է ալիւր։ Բնիկ հայերէն բառ, յառաջացած է հնդեւրոպական նախալեզուի al աղալ արմատէն։ Ամէնէն մօտ ձեւն է յունարէն՝ ἄλευρον ալիւր բառը։ Հարցական է եթէ հայերէն ալիւր բառը փոխառութի՞ւն է յունարէնէն, թէ անոր հետ միասին կը պատկանի հնդեւրոպական նախալեզուի al արմատին։
Որոշ հեղինակներ կը կարծեն, թէ հայերէն բառը փոխառութիւն է, որովհետեւ հին հայերը չեն գիտեր ինչ է ալիւրը. անոնք կը գործածէին կորկոտ կամ ձաւար, այսինքն ցորենը ուղղակի սանդի մէջ կը ծեծէին եւ այդպէս մեծ եփելով կ'ուտուի։ Ալիւրը առաջին անգամ յոյներէն անցաւ Հայաստան՝ Պոնտոսի վրայով։
Ընդհակառակը Պիկտետն եւ Հիւբշը չեն ընդունիր, որ այդպիսի հասարակ ու սովորական բան մը կրնայ փոխառութիւն ըլլալ։ Այս կարծիքին ի նպաստ կարելի է յիշել բնիկ հայերէնէն՝ «աղալ», «աղօրիք», «երկան» եւ այլ բառերը, որոնք ցոյց կու տան, որ ջաղացպանութեան արուեստը ծանօթ էր հայերուն սկիզբէն[1]։