Ալպերթ Յովհաննիսեան

19 տարեկան զինծառայող ու թնդանօթ արձակող Արցախի պատերազմի նահատակը

Ալպերթ Յովհաննիսեան 19 տարեկան զինծառայող ու թնդանօթ արձակող Արցախի պատերազմի նահատակը: Արցախեան պատերազմի ԱՄԵՆԱՅԱՅՏՆԻ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՀԵՐՈՍԸ: Ան թաղուած է Եռաբլուր պանթէոնին մէջ:

Ալպերթ Յովհաննիսեան
Ծնած է 15 Սեպտեմբեր 2001
Ծննդավայր Երեւան
Մահացած է 6 Հոկտեմբեր 2020(2020-10-06) (19 տարեկանին)
Մահուան վայր Արցախի պատերազմ, թաղուած եռաբլուր պանթէոն
Ուսումնավայր Հայ-ռուսական համալսարան?
Ծնողներ Արտակ Յովհաննիսեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ալպերթ Յովհաննիսեան Հայ-Ռուսական համալսարանի ուսանող էր[1], կ՛ուսանէր քաղաքականութիւն եւ որոշած էր իր ապագան կերտել դիւանագիտական բնագաւառէն ներս։ Սեպտեմբեր 15-ին, Ալպերթ տօնած էր իր 19-րդ տարեդարձը եւ նախքան բանակ երթալը, իր մօտիկ ընկերներուն պատուիրած էր․-

  «Մինչեւ իմ գալը ոչ մի հարսանիք չանէք, բոլորիդ հարսանիքներին ներկայ եմ լինելու»։ Խոստումներն ու ճակատագիրը շրջանցուեցան եւ արար աշխարհ լաց ու կոցով եւ միեւնոյն ժամանակ «վրիժակամ հրճուանքով», ներկայ եղաւ Ալպերթի «լեռներու հարսանիք»-ին[2]։
- Ալպերթ Յովհաննիսեան
 


Ալպերթ Յովհաննիսեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիունը տեղի ունեցաւ 9 հոկտեմբեր 2020-ին, ժամը 18:00-ին Նոր Նորքի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ: Յուղարկաւորութիւնը կայացաւ 10 Հոկտեմբերին, ժամը 15:00-ին Եռաբլուր պանթէոնին մէջ[3]:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ Ալպերթ Յովհաննիսեանին յետ մահու պարգեւատրեց «Արիութեան համար» մետալով[2]:

Արցախը նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Ֆեյսպուքի իր էջին մէջ ցաւակցութիւն յայտներ է զինուորի մահուան կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս նշելով․ -

  «Ալպերթին յաջողուեր է ոչ միայն մեծ կորուստներ հասցնել թշնամիին, այլեւ փայլել իր անմնացորդ ծառայութեամբ: Իսկ իր հանրայայտ լուսանկարը իւրովի կ'արտացոլէ հայ ժողովուրդի հզօր ոգին խորհրդանշող կերպարն արցախեան այս պատերազմին: Արցախը բարձր կը գնահատէ իր հերոսի սխրանքը, եւ, իմ հրամանագիրով՝ Ալպերթ Յովհաննիսեանը պարգեւատրուեր է «Արիութեան համար» մետալով: Ալպերթն ու իր ընկերները Հայրենիքի հանդէպ սէրն ամէն ինչէն վեր դասեցին, եւ հայ ժողովուրդը Ձեզ հետ հաւասար կրնայ եւ պէտք է հպարտանայ իր նուիրեալ զաւակներով» Հազա՛ր փառք Հայրենիքի համար բոլոր ինկածներուն: Պատի՛ւ ունիմ»[4]:
- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան
 


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել